Տխուր սփիւռքահայեր… Մեր աչքերուն առջեւ ամէն օր թաւալող իրադարձութեանց վկաներն ենք, հանդիսատեսի պէս, յաճախ՝ անտարբեր, երբեմն՝ յանձնառու, հազուադէպօրէն՝ կրքոտ: Կը դիտենք պատմութիւնը, որ կը հիւսուի: Նաեւ մեր ազգային պատմութիւնը: Լրատուամիջոցներու ցանցը այնքան հզօր է եւ բազմազան, որ ոչ ոք կրնայ ինքզինք արդարացնել ըսելով, որ տեղեակ չէր: Թէեւ տեղեկանալ մէկ հարց է, տեղեկութենէն եզրակացութիւններ հանել՝ այլ:
Հայաստանի վերանկախացումէն տասնհինգ տարիներ ետք, ազգի աւելի քան կէս Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ կառքի հինգերորդ անիւի դերին մէջ: Ան ոչ մէկ ձեւով մասնակից պիտի ըլլայ իր երկրի նախագահին եւ խորհրդարանականներու ընտրութեան, այսինքն իրեն կը զլացուի ազգի ճակատագրի տնօրինման հեռուէն կամ մօտէն մասնակից ըլլալու բնական իրաւունքը: Կը լսենք թեկնածուներու անուններ, կը հետաքրքրուինք, այդքան: Սփիւռքի հայերս անատամ անդամներն ենք ազգի մը: Զարմանալին այն է, որ այս կացութիւնը այլեւս չ’անհանգստացներ Սփիւռքի հայը, կացութիւն, որ մտահոգիչ պէտք է ըլլար ղեկավարութեան համար, Զանգուի կամ Սենի ափին, մայրիներու երկրին մէջ կամ Հրեշտակներու քաղաքը…
Տարիներ առաջ, առիթ ունեցայ մօտէն հետեւելու ալճերիական ընտրութիւններուն, 1995ին: Ալճերիան թօթափած էր միակուսակցական դրութիւնը, միակ թեկնածուով ընտրութիւնը, երբ մարդիկ կը ստանային ձայներու ութսուն կամ իննսուն տոկոսը: Հայաստան եւս, ՀՀՇ-պետութեան գրեթէ անհետացումէն ետք, կրկին կը պատրաստուի ընտրելու իր նախագահը եւ խորհրդարանականները: Արդէն անուններ կան հրապարակի վրայ, ապահովաբար անոնք պիտի բազմանան:
Բայց այսօր կը յիշեմ նաեւ թէ ինչպէս, 1995ին, Ֆրանսայի ալճերիացիները քուէարկեցին: Ալճերիա չբնակող ալճերիացիները, ուր որ ալ գտնուէին, քուէարկեցին: Անոնց հայրենիքը իրենց իրաւունք տուած էր նախագահական ընտրութեան մասնակցելու, չէր զլացած այդ իրաւունքը: Այդ օրերուն ըսուեցաւ, որ մէկ միլիոն ալճերիացիներ, որոնցմէ շատեր ֆրանսական կամ այլ երկրի քաղաքացիութիւն ունէին, նոյնիսկ իրենց ոտքը չէին դրած ալճերիական հողի վրայ, անոնք աւելի քան վեց հարիւր հազար էին Ֆրանսայի մէջ, պիտի քուէարկէին: Ոչ ոք ըսաւ, թէ անոնց քուէները պիտի խախտէին արդիւնքները, ոչ ոք զանոնք կոչեց «օտարերկրացի», անոնցմէ շատեր իրենց տուրքերը կը վճարեն իրենց բնակած երկիրներուն մէջ: Այս քուէարկողները իրենց բնակած երկիրներուն մէջ սորված են ժողովրդավարութիւն, եւ անոնց կարելի չէր կողմնապաշտական կարծիք պարտադրել:
Այդ օրերուն կը խորհէի, այսօր ալ կը խորհիմ, որ գաղութարարական լուծէ դուրս եկած Ալճերիան, քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ դրական ազգայնութեան հրաշալի դաս մը տուաւ այն հայերուն, եթէ հետեւեցան, որոնք պատնէշներ կը բարձրացնեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերուն միջեւ, յաւերժացնելով «օտարերկրացի» եզրի գործածութիւնը եւ անոր ետին գտնուող երկուութիւն ստեղծող գաղափարախօսութիւնը:
Խօսինք պարզօրէն: Ալճերիացիներու մէկ մասը, ծնողները, կամովին դուրս եկած են իրենց հայրենիքէն, ինչպէս Հայաստանէն արտագաղթողները: Մինչդեռ Սփիւռքի հայերը տարբեր երկինքներու տակ կ’ապրին առանց այդ կացութիւնը կամովին ընտրած ըլլալու: Կրկնութիւն պիտի ըլլայ յիշեցնել, որ Սփիւռքի հայերը, զորս կը կոչեն «օտարերկրացի», հայեր են, որոնք արմատախիլ եղած են իրենց հայրենիքէն, Հայաստանէն, կամ անոնց յետնորդները: Երբեք չեմ կրցած հասկնալ եւ ընդունիլ, որ այդ հայերը համարուին «օտարերկրացի»ներ, ինչպէս չինացիները, զուլուները, էսքիմոները, հաւասարապէս: Ալճերիան ֆրանսացի չէր համարած իր զաւակները, որոնք գաղթած էին զանազան պատճառներով: Սփիւռքի հայուն համար՝ նախանձելի օրինակ մը, քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութեան առիթ, եթէ տեղեակ են, Հայաստանի ղեկավարութեան համար նաեւ եւ մանաւանդ:
Երբ հիմնական հարցեր կան, սպասելու իմաստութիւնը, զբօսաշրջիկի թեթեւսոլիկութիւնը եւ ծագումով հայու հայասիրութիւնը հաւասարապէս ազգավնաս են: Գիտակից ղեկավարութեան եւ մանաւանդ մտաւորականութեան վերապահուած է կարեւոր դեր՝ կեղծիքէ ծնունդ առնող արուեստական պատէշները քանդելու, որպէսզի «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսին նմանող տարազներ աճպարարութիւն չըլլան:
Տասնհինգ տարիներէ ի վեր կատարուած ձգձգումները անկարելիութենէ չեն բխիր եւ անմեղ չեն: Արտասահման այցելող աւագ դէմքեր չեն խօսիր այս մասին, իսկ Սփիւռքի մարդիկ, քաղաքավարութիւնը վերածած ըլլալով թուլամորթութեան, չեն խօսիր, չեն հարցապնդեր, չեն պահանջեր ինչ որ բնական իրաւունք է: