23 Նոյեմբերին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, պաշտօններէ հեռացուեցան շուրջ 20 օր առաջ պետական նախարար նշանակուած Ռուբէն Վարդանեանի վերահսկողութեան տակ գտնուող ոլորտներու բոլոր պատասխանատուները՝ 11 նախարարութիւններէն 9ին ղեկավարները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Ըստ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ Միքայէլ Հայրիյեան հեռացուած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն, ժամանակաւորապէս զայն պիտի վարէ փոխնախարար Արթուր Օհանջանեան, Նորայր Մուսայէլեան՝ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն, զոր պիտի վարէ փոխնախարար Տիգրան Առստամեան, Անահիտ Յակոբեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնէն՝ իբրեւ փոխանորդ ունենալով Յասմիկ Մինասեանը: Արմինէ Պետրոսեան հեռացուեցաւ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարի պաշտօնէն, զոր պիտի վարէ փոխնախարար Վահրամ Առաքելեան, իսկ Հայկ Խանումեան՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնէն, զոր պիտի վարէ փոխնախարար Վարդան Բեգլարեան:
Ժիրայր Միրզոյեան հեռացուեցաւ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն, Դաւիթ Բաբայեան՝ արտաքին գործոց նախարարի, Արամ Սարգսեան՝ քաղաքաշինութեան նախարարի, Վահրամ Բաղդասարեան՝ տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարի. այս վերջինները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ:
Իրենց պաշտօնները պահպանեցին միայն ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները՝ Կարէն Սարգսեան եւ Կամօ Վարդանեան, որոնց ոլորտներու համակարգումը նախագահին վերապահուած է:
Պաշտօնանկ եղան առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, ընկերային ապահովութեան եւ տարածքային կառավարման նախարարները, որոնց ժամանակաւորապէս պիտի փոխարինեն տեղակալները: Պաշտօնանկ եղած միւս՝ արտաքին գործոց, արդարադատութեան, քաղաքաշինութեան ու տնտեսութեան նախարարները նշանակուեցան ժամանակաւոր:
«Մենք պաշտօն ենք ստացել ոչ թէ ղեկավարելու, այլ ապահովենք մեր ժողովրդի անվտանգութիւնը եւ զարգացումը: Եթէ մենք դա չենք հասկանում, մենք իրար հետ ճանապարհ չենք գնալու», քանի մը օր առաջ յայտարարեց Ռուբէն Վարդանեան, որ պաշտօնանկութեան մասին ըսաւ, թէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ անհրաժեշտ են կառավարման նոր մօտեցումներ:
«Կաբինետն (կառավարութեան դահլիճը) ամբողջութեամբ, բացի ուժայիններից, կը փոխուի», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց նորանշանակ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդական, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ կարճ ատեն ընկերային ապահովութեան նախարար եղած Մեսրոպ Առաքելեան:
Ըստ անոր՝ ներկայիս ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները փոխելու քննարկում չկայ։ «Այն նախարարները, որոնք ազատուել են աշխատանքից, բոլորի գծով նոր նշանակումներ լինելու են, մինչ այդ շարունակելու են կատարել իրենց պարտականութիւնները: Այս պահին այն մարտահրաւէրները, որ կան Արցախի առջեւ, այլ թիմով է պատկերացնում պետնախարարը, իր դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ եւ նաեւ նոր նախարարների վերաբերեալ նշանակումները առաջիկայում կը լինեն իր կողմից»:
Առաքելեան չբացառեց, որ նախարարի պաշտօններ ստանան ոչ միայն արցախցիներ, այլ նաեւ սփիւռքահայեր եւ հայաստանցիներ: Թէ որո՛նք պիտի ըլլան նոր նախարարները, Առաքելեան անուններ չտուաւ, այլ ըսաւ, որ տեղի կ՛ունենան քննարկումներ:
Ռուբէն Վարդանեան եւս աւելի ուշ տեղեկացուց, որ արդէն սկսած է քննարկումները նոր նախարարներու նշանակման հարցով:
23 Նոյեմբերին, մամուլին մէջ տեղեկութիւններ շրջանին ըրին այն մասին, որ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը վարած Վարդան Օսկանեան պիտի նշանակուի Արցախի արտաքին գործոց նախարար: Առաքելեան այդ լուրերը բամբասանք որակեց: Այլ թեկնածուներու անուններ ալ շրջանառութեան մէջ են, մասնաւորաբար՝ պատերազմէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար նշանակուած, հրաժարականէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի ընդդիմախօս դարձած Արա Այվազեանինը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ իր կարգին պաշտօնէ արձակուեցաւ, բնական կը նկատէ կառավարութեան մէջ փոփոխութիւնները։ «Ես երբեւիցէ տաբուրետկաների (աթոռակներու) եւ աթոռների համար չեմ պայքարել, չեմ պայքարելու առաւել եւս, որովհետեւ անբարոյական եմ սա համարում յատկապէս հիմա: Ես իմ հայրենիքին ծառայելու եմ անկախ ամէն ինչից՝ որտեղ եմ լինելու»:
ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը շրջանառութենէ հանելու որոշում տուած է: Ան դիտել տուաւ, որ այդ փոփոխութիւնը առաջարկած էր, որովհետեւ քաղաքական ուժերը այն կարծիքին են, որ ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ մարդու՝ երկրի նախագահին ձեռքին, իսկ նոր իշխանութիւն ձեւաւորելու համար պէտք էր կատարել արտակարգ ընտրութիւններ, որոնց միակ ուղին սահմանադրական փոփոխութիւնն է:
«Մինչեւ այսօր համարում եմ, որ Սահմանադրութեան մի յօդուածով իմ առաջարկած փոփոխութիւնն ամենաճիշդ տարբերակն է, բայց նաեւ երկրի ներքին կայունութիւնն աւելի կարեւոր եմ համարում, քան սահմանադրական փոփոխութիւնը: Այսօր այդ փոփոխութեան կարիքը, բարեբախտաբար, չկայ, քանի որ այդ լիազօրութիւններն ամբողջութեամբ կենտրոնացուած չեն նախագահի ձեռքում: Ի հարկէ, նախագահի կողմից է այդ լիազօրութիւններով օժտուել պետնախարարը, բայց գոնէ բոլոր այն մտահոգութիւնները, որ կար նախկինում, այսօր ֆունկցիաների (պաշտօններու) բաժանման արդիւնքում, կարծես, լուծուել են: Դրա համար սահմանադրական փոփոխութեան հարցում մենք շտապելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չունենք», ըսաւ նախագահ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ իր առաջարկութիւններուն վերաբերեալ Ազգային ժողովը մտահոգութիւններ յայտնեց: