Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախագիծ մը, որուն միջոցաւ Ազգային ժողովը պէտք է յայտարարէ, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, արցախահայերուն իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորման կարեւոր գործօն նկատելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը՝ առանց սահմանափակումներու:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները ծաւալուն յայտարարութեան նախագիծը մշակած են՝ իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանին այս ամիս կատարած յայտարարութեան՝ նշելով, թէ խորհրդարանը արդարացուց 44օրեայ պատերազմի ռազմական յանցագործութիւնները եւ հանդէս եկաւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ նոր սպառնալիքներով:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իրենց յայտարարութեան նախագիծը որեւէ ներքաղաքական հարցադրում չի պարունակեր, հետեւաբար իշխող մեծամասնութիւնը իրենց յայտարարութեան անվերապահօրէն պէտք է միանայ:
«Հակառակ դէպքում եւս մէկ անգամ մենք պէտք է փաստենք, որ մենք գործ ունենք մի իշխանութեան հետ, որը պատրաստ չի սեփական երկրի, սեփական ժողովրդի նուազագոյն իրաւունքները պաշտպանել», շեշտեց ան՝ շարունակելով. «Հիմա մեր խնդիրը, որ Հայաստանն անպայման պէտք է այս հիմնարար իրաւունքը, սկզբունքը առաջ մղի: Եթէ իշխանութիւնը փորձի խուսափել, ես կարծում եմ, մեր քաղաքացիները, մեր ժողովուրդը պէտք է գնահատական տայ արդէն: Թէեւ որպէս ընդդիմութիւն մենք գնահատում ենք իրենց արարքները՝ առերեւոյթ պետական դաւաճանութեան շրջանակներում, բայց նաեւ մեր ժողովուրդը պէտք է արդէն գնահատական տայ, թէ ում հետ գործ ունի»:
Բացառելով Արցախի գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութեան նախագիծին մէջ կը շեշտեն, որ Ատրպէյճան պէտք է իր զինուած ուժերը վերադարձնէ մինչեւ 12 Մայիս 2021 տեղակայուած բնագիծերը, վերադարձնէ հայ ռազմագերիները եւ զոհուած զինուորներուն ու քաղաքացիներու մարմինները: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման՝ շեշտելով, որ անիկա պէտք չէ ըլլայ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման պայմաններուն մէջ: Ընդդիմադիրները նաեւ անընդունելի կը նկատեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով միջանցք տրամադրելու Ատրպէյճանի պահանջը:
«Չի կարող խաղաղութեան պայմանագիր, բնականաբար, լինել այսպիսի պայմաններում, երբ ամէն օր Ադրբեջանը կրակում է հայկական բնակավայրերի վրայ, քաղաքացիական անձանց վրայ, անընդհատ ներխուժման փորձեր է կատարում եւ անընդհատ ոչնչացման քաղաքականութիւն է տանում, ուղղակի խաղաղութեան պայմանագիր… այսպիսի պայմաններում խօսել դրա մասին առհասարակ կամ փորձել քննարկել, պարզապէս աբսուրդ (անհեթեթ) է, չի կարող, օկուպացուած (գրաւուած) պայմաններում ի՞նչ խաղաղութիւն», շեշտեց Մինասեան:
Շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութեան նախագիծը խորհրդարանին մէջ ընդունելու համար, ընդդիմադիր ուժերը մտադիր են յաջորդ շաբաթ, հաւանաբար, 2 Դեկտեմբերին, արտակարգ նիստի հրաւիրել: Ընդդիմութիւնը յոյս ունի, որ իշխանական մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ նիստին եւ կողմ կը քուէարկէ: