20 Սեպտեմբերը կը ներկայացնէր Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարին ծնունդ տուող «դարու համաձայնութեան» ստորագրութեան 12ամեակը։ Ստորագրութեան ժամանակ կասկածներ կային անոր կառուցման իրականացման շուրջ։ Անշուշտ անոնք անտեղի դուրս եկան այսօր, երբ արդէն քարիւղատարին ճամբով կասպեան աւազանին քարիւղը կը մղուի դէպի Սեւ ծով։ Սակայն կարեւոր հարցադրում մը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել՝ արդեօք որքա՞ն հաւասար կը բաժնուի անկէ եկած շահը։
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը «Պրիթիշ փեթրոլիում»ին ղեկավարած ընկերակցութեան հետ միասին բազմամիլիառ տոլար արժող այդ քարիւղատարին բացումը կատարեց անցնող Յունիսին։ Երկրորդ՝ Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազատարը աշխատանքի պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթներուն՝ Շահ Տենիզի հանքերէն ատրպեճանական բնական կազը հասցնելով Թուրքիա եւ անկէ դէպի Եւրոպա՝ ըստ ծրագրուածին։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ դիտել տուած է, թէ քարիւղատարն ու կազատարը յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին պիտի ապահովեն շուրջ 140 միլիառ տոլար եկամուտ. նկատառելի գումար մը, նկատի առած, որ կառավարութիւնը միայն շուրջ 2 միլիառ տոլար ապահոված էր այդ մարզէն 2005ին։ Ըստ կարգ մը տեղեկագիրներու, կ՚ակնկալուի, որ 2006ի եկամուտը հասնի 3.4 միլիառ տոլարի։ Իրողութեան մէջ այդ գումարը կրնայ շատ աւելի բարձր ըլլալ, նկատի առած, որ կառավարութեան նախատեսութեանց մէջ քարիւղի տակառին սակը նկատի առնուած էր 40 տոլար։ 20 Սեպտեմբերին հում քարիւղի 62 տոլարի կը վաճառուէր։
Պաշտօնատարներ խոստացած են, որ այդ շահոյթին մէկ կարեւոր մասը պիտի տրամադրուի ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման։ Ըստ Միջազգային դրամական հիմնադրամի 2005ի տեղեկագիրին, Ատրպէյճանի բնակչութեան շուրջ 45 տոկոսը կ՚ապրի չքաւորութեան մակարդակէն վար։
Բարգաւաճում ապահովելու կառավարութեան միակ միջոցը Քարիւղի պետական հիմնադրամն է, որ հիմնուեցաւ 1999ին։ Ըստ երկրին օրէնքին, այս հիմնադրամը հաշուետու է միայն նախագահին, որ իր կարգին կը նշանակէ անոր նախագահը եւ խորհրդատու մարմինը։
2003ին իր հօրը՝ Հայտար Ալիեւին յաջորդած Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան օրերուն ընկերութեան զարգացման ծրագիրները ապարդիւն դուրս եկան։ 2006ի տարեկան տեղեկագիրին մէջ «Ֆրիտըմ հաուս»ը «ոչ ազատ» երկիրներու իր ցանկին մէջ ներառած էր Ատրպէյճանը, որ նահանջ մը կը համարուի երկրին համար, նկատի առած, որ 2003ի նոյն տեղեկագիրին մէջ ան «մասամբ ազատ» որակուած էր։
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպեճանական ծառայութիւններուն հետ հարցազրոյցի մը մէջ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ դեսպան Մաուրիցիօ Փաւեսի մտահոգութիւն յայտնեց, թէ ժողովրդավարականացման ուժականութիւնը «շատ աւելի արագ պիտի սպառի, քան՝ քարիւղի եւ բնական կազի պահեստները»։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ «Նոր Ատրպէյճան» իշխող կուսակցութեան 2005ի խորհրդարանական մեծ յաղթանակէն ետք, որ յատկանշուեցաւ զեղծարարութիւններու սաստիկ ամբաստանութիւններով, կառավարութիւնը զերծ է հաշուետուութենէ։
«Մենք ունինք խորհրդարան մը, որ խորհրդարանի չի նմանիր», նշեց Փաւեսի եւ աւելցուց, թէ՝ «խորհրդարանը աւելի կը նմանի իշխող կուսակցութեան ներքին մէկ կառոյցին, քան՝ իսկական խորհրդարանի մը, ինչպէս մենք կը ճանչնանք մեր արեւմտաեւրոպական երկիրներուն մէջ»։
Ըստ Քարիւղի հիմնադրամին տրամադրած թուական պատկերներուն, 2006ի առաջին կիսուն շուրջ 412.3 միլիոն տոլարի եկամուտ ունեցած է եւ նոյն ժամանակաշրջանին՝ 288.4 միլիոն տոլար ելք։ Ելքին շուրջ 29.8 միլիոնը տրամադրուած էր զարգացման ծրագիրներու, ներառեալ՝ բնակարաններու կառուցման։ Անոր շուրջ 207 միլիոնը փոխանցուած էր պետական գանձ՝ առանց յաւելեալ տեղեկութիւններու։ Մնացեալը յատկացուեցաւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհանի կառուցման Ատրպէյճանի պարտքը փակելուն։
Ատրպէյճանի քարիւղի մարզին զարգացումը ցարդ փոքրաթիւ գործի առիթներ ստեղծած է։ Ընդհանրապէս քարիւղի պեղումը գործի առիթներ ստեղծող ճարտարարուեստ մը չէ եւ կամ ժամանակաւոր ու սահմանափակ աշխատանք կը հայթայթէ։ Ենթակառոյցի շինութեան աւարտէն ետք շատ մը գործեր կը դադրին, հետեւաբար շատ մը աշխատաւորներ գործէ կ՚արձակուին։ Կ’ակնկալուի, որ մինչեւ 2006ի վերջաւորութիւն Ատրպէյճանի մէջ քարիւղի մարզին տասնեօթը հազար նոր գործաւորներուն գրեթէ յիսուն տոկոսը անգործ պիտի մնայ:
Քարիւղի մարզին եկամուտներուն վրայ կառավարութեան հակակշիռը քաղաքական կարեւոր հետեւանքներ ունի՝ դիտել կու տայ Պաքուի մէջ հիմնուած Տնտեսական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի վարիչ Սապիթ Պաղիրով։ Ան կը նշէ, թէ կառավարութիւնը կ՚ուզէ հակակշիռի տակ առնել Ատրպէյճանի ներկայի կացութիւնը։ Պէտք է բացայայտօրէն ընդունինք, որ քարիւղի եկամուտը կը դիւրացնեն այդ գործը։ Երկրին մեծ հարստութիւնը միջոց մըն է, որ կառավարութիւնը նուազեցնէ ընկերատնտեսական լարուածութիւնները եւ լուծել երկրին կարգ մը խնդիրները»։
Ներկայիս կառավարութիւնը տակաւին պէտք է ռազմավարական ծրագիր մը մշակէ՝ տնտեսելու քարիւղի այդ անակնկալ եկամուտները։ Կարգ մը մասնագէտներ Պաքուի մէջ կը հաւատան, որ 2008ին ծրագրուող նախագահական ընտրութիւնները պիտի ստիպեն իշխանութիւններուն այդպիսի նախագիծի մը պատրաստութիւնը։ Եթէ իշխանութիւնները այդ մէկը չընեն, կը զգուշացնեն կարգ մը դէտեր, երկիրը կրնայ լուրջ խնդիրներու առջեւ գտնուիլ քսան տարի ետք, երբ քարիւղի արտադրութեան նուազում կ՚ակնկալուի։
«Եթէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին կառավարութիւնը քաջութիւնը ունենայ տալու պատշաճ որոշումները՝ դիմագրաւելու համար լուրջ հարցեր, ապա այս երկիրը ապագային կրնայ ըլլալ արդիական եւ եւրոպական երկիր մը», դիտել տուաւ Փաւեսի՝ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչը։ «Սակայն, եթէ կառավարութիւնը դժկամի կացութիւնը փոխելու… ապա քսանհինգ տարուան քարիւղի հարստութենէն ետք կրնայ ամէն ինչ փուլ գալ», աւելցուց ան։
«Մենք այդ դժբախտ երեւոյթին ականատես եղած ենք քարիւղ արտածող ուրիշ երկիրներու մէջ», շարունակեց Փաւեսի: