ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Ուրախ եմ, որ գնալով լուրջ զարգացում է ապրում Արցախի երիտասարդական հասարակական դաշտը, իսկ պետութեան մասնակցութիւնն այդ գործում աշխուժանում է», յայտարարեց ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Նոյեմբեր 9ին՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նախաշեմին, Արցախի երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին։
Յառաջիկայ տօնի առթիւ շնորհաւորելով հանդիպման մասնակիցներն ու Արցախի երիտասարդութիւնը, խորհրդարանի նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու դերը եւ նշանակութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան կառուցման եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորման գործին մէջ: «Այս առումով հաճելի է ականատես լինել, որ կազմակերպութիւնների կողմից ներկայացուող խնդիրները որակական նոր մակարդակ են ստացել, համահունչ են մեր հանրային կեանքի ընդհանրական պահանջներին եւ, ի լրումն պետութեան ջանքերի, ուղղուած են դրանց լիարժէք բաւարարմանը», նշեց Ա. Ղուլեան։
ԱԺ նախագահը միաժամանակ յայտնեց ԼՂՀ իշխանութիւններու, ներառեալ՝ օրէնսդիր մարմինի, շահագրգիռ պատրաստակամութիւնը հնարաւոր չափով աջակցութիւն ցուցաբերելու երիտասարդական դաշտի ձեւաւորման եւ կայացման գործընթացին։
Խորհրդարանի նախագահը այնուհետեւ պատասխանեց երիտասարդ զրուցակիցներու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին անոնց հոգեւոր դաստիարակութեան նկատմամբ պետական վերահսկողութեան խստացման, երիտասարդութեան գործ հայթայթելու, նոր կազմուող ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման, ԼՂՀի մէջ երիտասարդական խորհրդարանի կազմաւորման եւ շատ այլ խնդիրներուն։ Ամփոփելով արծարծելով հարցերը եւ առանձնացնելով անոնց կարեւորագոյնները՝ խորհրդարանի ղեկավարը հաւաստիացուց երիտասարդներուն՝ մինչեւ տարեվերջ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ լուծումներ տալ անոնց հարցերուն:
Հանդիպման աւարտին ԱԺ նախագահը կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ աշխուժօրէն մասնակցիլ ԼՂՀ սահմանադրութեան նախագիծի համաժողովրդական հանրաքուէի նախապատրաստական եւ քարոզչութեան աշխատանքներուն։