Միացեալ Նահանգները խորապէս ներգրաւուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման դիւանագիտական գործընթացին մէջ եւ կը շարունակէ ուղիներ փնտռել՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ առաջնորդներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
29 Նոյեմբերին այս մասին յայտարարեց ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր` պատասխանելով թուրք լրագրողի մը հարցումին, թէ Ֆրանսայի նախագահին մասնակցութեամբ բանակցութիւններէն Պաքուի հրաժարելու լոյսին տակ, արդեօք Ուաշինկթըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպելու ծրագիրներ ունի՞:
«Գաղտնիք չէ, որ մենք շատ սերտօրէն կ՛աշխատինք Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ, նաեւ կը կիրարկենք ԵԱՀԿի գործիքակազմը, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմը տեղակայեց կարիքներու գնահատման խումբ` Հայաստանի դիմումով, բայց նաեւ մեծապէս կ՛աջակցինք Եւրոպական Միութեան ջանքերուն», յայտնեց Քարփենթըր՝ աւելցնելով. «Մեր նպատակը պարզ է` մենք կ՛ուզենք տեսնել սահմանը որքան կարելի է շուտ սահմանազատուած, մենք կ՛ուզենք տեսնել խաղաղութեան համաձայնագիրը երկու կողմերուն միջեւ որքան կարելի է շուտ, որպէսզի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը վերադառնան տարածաշրջանը, յարգուին մարդու իրաւունքները եւ այս տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր անհատներուն ապահովութիւնը, եւ մենք կարենանք նոր էջ բանալ Հարաւային Կովկասի պատմութեան մէջ»:
Քարփենթըր վստահեցուց, որ ակնյայտ է, թէ այդ վերջնական վիճակին հասնելու համար որոշ ժամանակ կը պահանջուի, բայց «մենք պարտաւոր ենք ընել ամէն ինչ՝ այդ արդիւնքին հասնելու համար»։