«Ս. Ծննդեան պատգամը որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօ՛ր ուժեղ կը հնչէ մարդկութեան համար, երբ նիւթական ու նիւթականացած աշխարհի բոլոր այլասերող ալիքները, մարդկութիւնը տագնապներու մատնող պատերազմներն ու խռովութիւնները կը յուզեն մեզ եւ քրիստոնէական հաւատքով առաջնորդուող մարդկութիւնը։ Փոխադարձ սիրոյ, հանդուրժողութեան եւ խաղաղութեան զինուորները դառնալու եւ իրարու օգնելու պատգամները, Յիսուս Մանուկի ծնունդէն 2007 տարիներ ետք, այսօ՛ր ալ մեզի կը հասնին հրեշտակներուն քաղցրահնչիւն երգերով ու մարդկութեան փոխանցուող անժամանցելի աւետիսով ու մեզ բոլորս կը հրաւիրեն հետեւորդները ըլլալու Բեթղեհէմի վերեւ փայլած աստղին»։
Այս բառերով է, որ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ողջունեց աւելի քան 600 պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու ազգայինները, որոնք ընդառաջած էին Ս. Ծննդեան ընթրիքի հրաւէրին ու յիշատակելի երեկոյ մը բոլորեցին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։
Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, նախաձեռնութեամբ թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յունուարի երեկոյեան, հիւրընկալութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարերարներէն տիկ. Թինա Գարոլանի եւ ընտանիքին։ Առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրին ընդառաջած էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան եւ հիւպատոսարանի անձնակազմի անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, հոգաբարձական կազմերու ու Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամներ, ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ՀՕՄի, «Համազգային»ի ու Հայ Դատի Յանձնախումբի ու մամուլի ներկայացուցիչներ, Ազգային առաջնորդարանի բարերարներ, հովանաւորներ եւ բազմահարիւր ազգայիններ։
ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ
Տօնախմբութեան հանդիսավարն էր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որ յայտագիրին բացումը կատարեց ողջունելով ներկաները եւ յայտարարելով, որ տօնական երեկոն պիտի սկսի, ըստ աւանդութեան, առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւորականաց դասուն թափօրով սրահ մուտքով։
Ներկաները, մոմեր ի ձեռին, յոտնկայս դիմաւորեցին հոգեւորականները, որոնք սրահ մտան «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» եւ «Զանճառելի լուսոյ մայր» շարականներուն երգեցողութեամբ։ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան կարդաց Ս. Ծննդեան դրուագը ներկայացնող Ղուկասու Աւետարանի հատուածը։ Յաջորդեց Թաթախի խորհրդանշական արարողութիւնը։
Երեկոյթին կազմակերպիչ Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Մարիամ Կարապետեան։
Ազգ. վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան, իր կարգին ողջունելով ներկաները, Ազգ. վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող միաւորներուն անունով շնորհաւորեց բոլորը եւ մաղթեց, որ 2007 տարին ըլլայ ուխտի վերանորոգման ու աշխոյժ աշխատանքի շրջան մը։ Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքին բարեփոխման գործը իր լրումին հասած է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ գործակցութեան ոգիով շարունակեն աջակից ըլլալ Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան կենսագործման։ Ան յատկապէս ողջունեց առաջնորդ սրբազանին տարած արդիւնաւոր գործը եւ մաղթեց, որ նոր տարին իրականացում բերէ նուիրումով հիւսուած մեր երազներուն։
Սպիտակ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքն ու պատգամը, արձանագրուած՝ յատկապէս այս երեկոյին համար։
Վեհափառը, ողջունելէ ետք ներկաները, գոհունակութիւն արտայայտեց Ազգային առաջնորդարանի շէնքի ծրագիրին ամբողջացման համար, դրուատեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող միաւորներուն ու մեր կրթական հաստատութեանց տարած գործը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՉՒՊԱՏՈՍԻՆ ՈՂՉՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսավար հայր սուրբը այնուհետեւ հրաւիրեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը՝ արտասանելու իր ողջոյնի խօսքը։
Արմէն Լիլոյեան, որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կ՚ըլլար Ս. Ծննդեան ընթրիքի այս երեկոյթին, գոհունակութիւն արտայայտեց այն իրողութեան համար, որ այս երեկոն բոլորս կը միատեղէ Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդով, կը թելադրէ լիցքաւորուիլ բարութեամբ, սիրով եւ մարդկային այլ վեհ արժէքներով։ Հայրենի դիւանագէտը նկատեց, որ տարեմուտն ու տօնական այս օրերը առիթ են վերանայելու անցեալի իրագործումները ու բարի գործերով մշակելու նոր ուղին, նոյն արժէքներով միանալու իրարու։ Ան մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան պատգամը ամէն օր ըլլայ բոլորս առաջնորդող արժէք, մանաւանդ, որ հայ ժողովուրդը լծուած է պետութիւն կերտելու ազնիւ առաքելութեան ու աւելի գեղեցիկ կեանքի մը կենսագործման։ Գլխաւոր հիւպատոսը վեր առաւ հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան եւ համատեղ գործակցութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ անդրադառնալով այն պատմական իրականութեան, որ դարեր շարունակ մեր եկեղեցին կանգնած է մեր ժողովուրդին կողքին։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ յատկապէս ամերիկեան այս ափերուն հայութեան միասնականութեան եւ հայապահպանումի ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն վրայ, կարեւորեց դերը կրթական հաստատութեանց ու անհրաժեշտութիւնը հայ լեզուի պահպանման։ «Վստահ ենք, որ մեր լաւագոյն օրերը մեր դիմացն են», յայտարարեց հայրենի գլխաւոր հիւպատոսը ու բոլորին մաղթեց բարիք, սէր ու երջանկութիւն, ապա նաեւ գործակցական ծառայութիւն՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին։
Ապա, սպիտակ պաստառի վրայ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ցուցադրուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, որ ներկաներուն յիշողութեան բերաւ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքի գնման առաջին օրէն մինչեւ օրս տարուող բարեփոխման ու բարեզարդման աշխատանքներուն ընթացքը։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մասնակցութիւն բերին տաղանդաւոր երգիչներ Անահիտ Ներսիսեան եւ Ռազմիկ Մանսուրեան, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի։ Երգացանկը կազմուած էր շարականներէ եւ հայրենասիրական երգերէ։ Ապա, պարմանուհիներ Սօնա եւ Սիլվի Կէօքկէզեան քոյրերը ներկայացուցին հայկական երկու մենապարեր։ Փոքրիկն Արամ Մանուկեան այս տարի եւս ներկաները հմայեց իր շուիով, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ իր ուսուցիչին՝ համբաւաւոր երաժիշտ Արարատ Պետրոսեանի։
Հանդիսավար հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ արտասանելու իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը (առաջնորդ սրբազանին խօսքէն լայն հատուածներ կու տանք առանձին)։
Երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չ աղօթքով, ապա նաեւ «Կիլիկիա»ի, Հայրապետական մաղթանքին ու «Մեր հայրենիք» քայլերգին յոտնկայս եւ հաւաքական երգեցողութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազանին Պատգամը՝ Արտասանուած Ս. Ծննդեան Տօնի Ընթրիքին
(Շաբաթ, 6 Յունուար 2007)
«Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան, Աւետիս…», «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի, որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ»։
Շարականներու այս բառերով ու անոնց բովանդակած բազմադարեան խորհուրդներով է, որ այսօր խմբուած ենք այս մտերմիկ յարկին տակ, զիրար ողջունելու Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան ու աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, միասնաբար ապրելու հոգեկան ցնծութեան պահ մը եւ վերանորոգուելու քրիստոնէական մեր հաւատքին մէջ։
Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան պատգամները, սիրոյ, խաղաղութեան ու հաճութեան զգացումները զիս կը համակեն այս պահուս, երբ կ՚ողջունեմ բոլորիդ ներկայութիւնը այս սրահին մէջ։
Փառք, հազար փառք Աստուծոյ, որ ահաւասիկ անգամ մը եւս մեզի պարգեւեց իր միածին որդւոյն ծննդեան խորհուրդը միասնաբար տօնախմբելու այս պահը։ Համաձայն տարիներու մեր աւանդութեան, մենք այս երեկոն սկսանք հաւաքական աղօթքով, միասնաբար երգեցինք Ս. Ծննդեան շարականներն ու երգերը։ Մեր աղօթքներն ու շարականները մեր սիրտերէն բխող երախտագիտութեան զգացումներ են հանդէպ Երկնաւոր Հօր, որ մարդկութեան, այսինքն՝ մե՛ր սիրոյն աշխարհ ղրկեց իր Միածինը, որպէսզի սիրոյ, խաղաղութեան, արդարութեան եւ վերանորոգութեան ապրումները տարածուին բոլորիս սիրտերուն մէջ։
Արդարեւ, սիրելիներ, Ս. Ծննդեան պատգամը որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր ուժեղ կը հնչէ մարդկութեան համար, երբ նիւթական ու նիւթականացած աշխարհի բոլոր այլասերող ալիքները, մարդկութիւնը տագնապներու մատնող պատերազմներն ու խռովութիւնները կը յուզեն մեզ ու քրիստոնէական հաւատքով առաջնորդուող մարդկութիւնը։ Փոխադարձ սիրոյ, հանդուրժողութեան եւ խաղաղութեան զինուորները դառնալու եւ իրարու օգնելու պատգամները Յիսուս Մանուկի ծնունդէն 2007 տարիներ ետք, այսօր ալ մեզի կը հասնին հրեշտակներուն քաղցրահնչիւն երգերով ու մարդկութեան փոխանցուող անժամանցելի աւետիսով ու մեզ բոլորս կը հրաւիրեն հետեւորդները ըլլալու Բեթղեհէմի վերեւ փայլած աստղին։ Դարեր առաջ, փայլուն աստղը եղաւ բարի հովիւներուն եւ իմաստուն մոգերուն առաջնորդը, անոնց քայլերը ուղղեց դէպի Բեթղեհէմի համեստ մսուրը. Աստուածորդին չէր ծնած պերճաշուք պալատներու մէջ, այլ անոր ծննդավայրը եղաւ համեստ մսուր մը, այդպիսով մարդկութեան տալով համեստութեան ու խոնարհութեան առաջին պատգամը։ Հովիւներն ու մոգերը եղան Յիսուս Մանուկին առջեւ առաջին խոնարհողներն ու նուէրներ մատուցողները, իրենց կարգին մարդկութեան տալով նուիրաբերումի առաջին օրինակը, գործնապէս ցոյց տալով, որ մարդկութեան փրկութեան համար իբրեւ ընծայ ղրկուած Աստուածորդին ի՛նք ալ արժանի է ընծաներու, մեր սիրոյն, մեր հաւատարմութեան, անոր հաստատած եկեղեցի՛ն ալ պէտք ունի գուրգուրանքի, ընծայաբերումի, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէինք Իրեն համար։
Քիչ առաջ երգեցինք «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը. աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը աւետող այդ շարականը անգամ մը եւս մեզի բերաւ անժամանցելի պատգամ մը, որ պէտք է տոգորուինք ու առաջնորդուինք սիրով, հաճութեամբ, խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ։ Նոյն խորհուրդը մեզի կը թելադրէ նաեւ դէմ կանգնիլ բոլոր ժամանակներու հերովդէսներուն ու անմարելի լոյսը մարել փորձողներուն, որպէսզի Բեթղեհէմի փայլուն աստղը մնայ մեր ու բոլոր հաւատացեալ մարդոց առաջնորդը, կեանքը հունաւորողը։
Այս հանդիսաւոր ու բազմախորհուրդ երեկոյին եւ առ Աստուած մեր բարձրացուցած շնորհապարտութեան աղօթքէն ետք, կ՚ուզեմ որդիական սիրով ու երախտապարտութեամբ առլցուն ողջոյնի առաջին խօսքս ուղղել մեր սիրելի վեհափառ հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ պահպանելով տարիներու իր հայրական աւանդութիւնը, մեզի ուղղած էր իր օրհնութեան խօսքն ու հայրապետական պատգամը։ Ան նաեւ կը մնայ մեր ուղեցոյցը մեր աշխատանքներուն մէջ։ Անմիջապէս յիշեցնեմ, որ վեհափառ հայրապետի յանձնարարութեամբ ու թելադրանքով, մենք եւս, մեր թեմին մէջ 2006 տարուան ընթացքին գլխաւորաբար աշակերտական հանդիսութիւններով տօնախմբեցինք Հայ դպրոցի տարին. վեհափառ հայրապետը 2007 տարին նուիրած է Հայ լեզուին։ Այս առումով, հայ լեզուին նուիրուած մեր յառաջիկայ տօնախմբութիւնները պիտի ըլլան ուղղակի շարունակութիւնը 2006ի տօնախմբութիւններուն, որովհետեւ, սիրելիներ, հայ դպրոցն ու հայ լեզուն անբաժանելի եւ զիրար լրացնող արժէքներ են հայկական մեր կեանքին ու առօրեային մէջ։
Ողջոյնի յատուկ խօսք ունիմ մեր հայրենի պետութեան ներկայացուցիչին՝ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանին եւ հիւպատոս պրն. Յարութիւն Կոջոյեանին։ Կ՚ողջունեմ ներկայութիւնը Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մանուկեանի եւ ընտրեալ պաշտօնատարներու։
Այս պահուն, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ՚ողջունեմ ներկայութիւնը մեր ազնիւ հիւրերուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն։ Մեզի հետ են միաբանակից հոգեւոր եղբայրներ եւ արժանապատիւ հովիւներ, Ս. Աթոռոյս Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Ազգային վարչութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ու Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, «Համազգային»ի, Հայ Դատի, մամուլի եւ հայկական մեր միութեանց ու հաստատութեանց ներկայացուցիչները, թեմիս Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց անդամներ, թեմիս Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամներ, տնօրէններ եւ դաստիարակներ։
Շնորհակալութեան զգացումներով կ՚ողջունեմ նաեւ Գարոլան բարերար ընտանիքը, որ Ազգային առաջնորդարանիս մշտարթուն բարերարներէն մէկը ըլլալու կողքին, այս տարի անգամ մը եւս սիրայօժար կերպով յանձն առաւ մեր այս ձեռնարկին հիւրընկալումը։ Շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ունիմ մեր բոլոր բարերարներուն, բարեկամներուն, Տիկնանց օժանդակ մարմինին, մեր անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթական, բարոյական ու աշխատանքային ներդրումով մասնակից են մեր ժողովրդանուէր առաքելութեան կենսագործման։ Մեր բարերարներուն ու հովանաւորներուն ցանկը ձեր տրամադրութեան տակ ունիք այսօրուան յայտագիրը ընդգրկող գրքոյկին մէջ։
Մեր անհատական ու հաւաքական կեանքի առօրեային մէջ, մենք ամէն օր, ամէն ժամ Աստուծոյ փառք տալու պատճառներ ու առիթներ կ՚ունենանք։ Ես այսօր կ՚ուզեմ շնորհակալութեան ու երախտապարտութեան յատուկ աղօթք բարձրացնել, որովհետեւ, սիրելիներ, Ազգային առաջնորդարանիս համար այս օրերը պատմական ու յիշատակելի են։ Տարիներու իմ ու ձեր երազը այսօր ամբողջականօրէն ու վերջնականօրէն իրականութիւն դարձած է. հոգեկան ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ կ՚ուզեմ յայտարարել, որ Ազգային առաջնորդարանիս նոր շէնքի վերակերտման ու բարեզարդման աշխատանքը հասած է իր լրումին, քանի մը օր առաջ ամբողջացաւ նաեւ կահաւորումի բաժինը եւ մեր գրասենեակները շուտով պիտի վերադառնան նոր շէնք։ Մտերմաբար ըսեմ, որ մեր գրասենեակներուն տեղափոխման համար սպասեցինք այս ձեռնարկին իրագործման, որպէսզի կարելի ըլլար խուսափիլ որեւէ անակնկալ խաչաձեւումէ։ Այս իրագործումներուն համար, վստահ եմ, որ դուք եւս ինծի չափ ուրախ էք ու հպարտ, ոչ միայն անոր համար, որ երազով սկսած ծրագիրը այսօր լիակատար կերպով մարմնաւորուած է, այլ մանաւանդ անոր համար, որ դուք եւս, իբրեւ բարերարներ ու բարեկամներ, մեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ժողովականութեան անդամներ ու Ազգային առաջնորդարանիս առաքելութեան զօրակիցներ, նիւթական, բարոյական ու աշխատանքային կարելի բոլոր միջոցներով մասնակից եղաք այս իրագործումին, միասնաբար կերտեցինք ազգին Տունը։ Հազար գնահատանք ու բիւր շնորհակալութիւն բոլորիդ, բայց մասնաւորաբար Ազգային առաջնորդարանիս գլխաւոր բարերարներուն՝ Գարոլան, Պետրոսեան, Փիլաւճեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ Կիրակոսեան, Գասիմեան, Սիւլահեան, Տէր Ղազարեան ընտանիքներուն, Forest Lawn հիմնարկութեան, շէնքի յանձնախումբի ատենապետին ու անդամներուն, որոնց զոհաբերութիւնն ու նուիրումը պիտի մնան անմոռանալի։ Այս առիթով, շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ունիմ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքի բարեփոխման աշխատանքներու շրջանին, սիրայօժար կերպով հիւրընկալեցին մեր գրասենեակները։
Ծանօթ էք արդէն, որ մեր թեմի աշխատանքային դաշտերուն ընդարձակման կողքին, կը տարածուին նաեւ մեր ծխական շրջանները։ Մեր ծխական նորագոյն անդամն է Լաս Վեկասի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որ վերակազմուեցաւ անցեալ Մարտին եւ կը գործէ յարաճուն աշխուժութեամբ։ Իսկ վերջին երկու տարիներուն, մեր թեմի ծխական ընտանիքին միացած են Քոլորատոն, Ռիվըրսայտն ու Քրեսէնթա Հովիտը։ Վերջինը շուտով պիտի ունենայ իր ընտրեալ ծխական մարմինը՝ հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին մէջ իր ներկայացուցիչները։ Կը յուսանք, որ Ռիվըրսայտի ու Լաս Վեկասի ծխական շրջանները եւս հետեւին Քրեսէնթա Հովիտի աշխոյժ համայնքի ընթացքին։
2007ի տարեմուտն ու Ս. Ծննդեան այս տօնը, բազմաթիւ իմաստներով, ուխտի վերանորոգման հանգրուան մըն է բոլորիս համար, որովհետեւ, ինչպէս նշեցի, Ազգային առաջնորդարանս մարմնաւորումն է մեր ժողովուրդի հաւատքին ու կամքին, անոր գործերն ալ պիտի շարունակուին հաւաքական աշխատանքով, բոլորիս նիւթական ու բարոյական ներդրումներով։ Աւելին, մենք յառաջիկայ տարի պիտի գտնուինք նաեւ այլ ուշագրաւ հանգրուանի մը վրայ, որովհետեւ 2008 տարին պիտի նշէ մեր թեմի 35րդ տարեդարձը, նկատի ունենալով, որ 1973ին, մեր թեմը սկսաւ գործել իբրեւ առանձին թեմ։ Հետեւաբար, այժմէն իսկ ձեզ կը հրաւիրեմ մտածելու այս մեծ տարեդարձին մասին։
Այս ներդրումները կազմակերպելու եւ համակարգելու համար, Ազգային առաջնորդարանս վերջին տարիներուն ձեռնարկած է յատուկ հիմնադրամներու ստեղծման։ Այս առիթով, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղել բոլոր այն բարերարներուն, որոնք երկու տարի առաջ մեզի օժանդակեցին հաստատելու Ազգ. առաջնորդարանի Պարտամուրհակի մարումի հիմնադրամը (Mortgage burning fund), որպէսզի կարելի ըլլայ հատուցել շէնքին գնման առիթով կնքուած դրամատնային փոխառութիւնը։ Լիայոյս եմ, որ այս հիմնադրամը շուտով պիտի արդարացնէ իր նպատակը։ Այս ծիրին մէջ, կ՚ուզեմ հպարտութեամբ արձանագրել ու յիշեցնել բոլորիդ, որ շէնքի բարեփոխման աշխատանքները կատարուեցան առանց դրամատնային նոր փոխառութիւններու, որովհետեւ անհատ բարերարներ, միութիւններ թէ ազգայիններ սիրայօժար կերպով հոգացին մատրան ու գրասենեակներուն բոլոր կարիքները, դառնալով հովանաւորներ շէնքի տարբեր բաժիններուն։ Բոլորին անուններն ալ ծանօթ են ձեզի։
Ազգ. առաջնորդարանի շէնքի եւ պարտքերու մարումի հիմնադրամներուն կողքին, Ազգ. առաջնորդարանս ունի նաեւ շարք մը այլ հիմնադրամներ, որոնք հաստատուած են կրթանպաստի, կրօնական հրատարակութիւններու ու նմանօրինակ բարի նպատակներու համար։ Այս հիմնադրամներուն շնորհիւ է, որ կրնանք հոգալ մեր պաշտօնաթերթին՝ «Հոգեւոր պրիսմակ»ին, Ազգային առաջնորդարանիս կայքէջին, պատկերասփիւռի կիրակնօրեայ մեր յայտագիրին ու նմանօրինակ աշխատանքներու կարիքները։ Ուրախ ենք, որ հաղորդակցութեան արդի միջոցներուն եւ մամլոյ հաղորդակցութեանց ճամբով, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը օրը օրին տեղեակ կը դառնայ մեր գործունէութեան։ Մեր ծառայական աշխատանքներուն ընդարձակման եւ անոնց զուգահեռ՝ ծաւալ ստացող կարիքներու համար, անհրաժեշտ է հաստատել այլ յատուկ հիմնադրամներ եւս, որպէսզի մեր նուիրաբերող ազգայինները անոնց միջոցով կարենան մասնակից ըլլալ մեր բազմապիսի ծառայութիւններուն, Ազգային առաջնորդարանիս նիւթական գործառնութիւնները դնելով աւելի հաստատ ու հաւասարակշռուած հիմերու վրայ։ Եւ ուրախ եմ յայտնելու, որ Ազգ. առաջնորդարանիս հովանիին տակ ստեղծուած կամ մեր տրամադրութեան տակ դրուած բոլոր հիմնադրամները կը ծառայեն իրենց ճշդուած նպատակներուն, իբրեւ բարիք կը բաշխուին մեր ժողովուրդի կարիքներու տարբեր դաշտերուն վրայ, առաջնորդուելով հաւատարիմ ծառային մասին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առակին սկզբունքով։
Այս երեկոյ, կ՚ուզեմ յատուկ կերպով կանգ առնել նաեւ մեր ծառայական աշխատանքի այն բաժինին վրայ, որ կը մատուցուի մեր երիտասարդներուն ու պատանիներուն։ Ազգ. առաջնորդարանս ու անոր հովանիին տակ գործող մեր եկեղեցիները, Կիրակնօրեայ ու ամէնօրեայ դպրոցները, մեր երիտասարդական միութիւնները բոլորիս առաջնահերթ մտահոգութեան առարկաներն են անկասկած։ Հայրենի հողերէն հեռու ապրողներուս համար, նոր սերունդի քրիստոնէական արժէքներով ու ազգային ժառանգութիւններով հարստացումը, անոնց հոգիներուն ու միտքերուն հայօրէն կերտումը ամէնէն ազնիւ մարտահրաւէրներուն դիմաց կը դնէ Ազգային առաջնորդարանս ու անոր բոլոր գործակիցները։ Այս դաշտին մէջ մեծ է դերը եւ առաքելութիւնը առաջնորդարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, որուն գործնական աշխատանքները կը տանին մեր երկու միաբանակից եղբայրները՝ Հ. Միւռոնն ու Հ. Պարթեւը, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր հովիւները. անոնց աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի։ Եւ ինչպէս որեւէ աշխատանք՝ այս գործը եւս չի կրնար լիակատար ըլլալ, եթէ իւրաքանչիւրս մեր ներդրումը չունենանք անոր մէջ։ Դուք գիտէք, որ նիւթականացած մեր աշխարհին մէջ այս ու նմանօրինակ ազնիւ աշխատանքներ ինչպիսի կարիքներ կը ստեղծեն, սակայն նաեւ գիտէք, որ մենք այդ բոլորը կը կատարենք առանց նիւթական լայն հնարաւորութիւններու, հաւատալով, որ նիւթը միակ բանալին չէ ազնիւ գործի, այլ նուիրաբերումը, զոհողութիւնը եւ կաթիլ առ կաթիլ գոյացող աննիւթական գետերն ալ կրնան դժուարութեանց պատնէշներ քանդել, աշխատանքի ջաղացքին անիւը դարձնել աշխոյժ կերպով։
Աշխատանքի նոր փուլին համար, մեր դիմաց ունինք բազմաթիւ ծրագիրներ ու դաշտեր։ Այս առիթով, ուրախ եմ աւետելու, որ ընդառաջելով թեմիս Ազգային երեսփոխանական ժողովի փափաքին եւ, Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան հետ համախորհուրդ, ձեռնարկած ենք նոր քահանաներու պատրաստութեան դասընթացքի մը ծրագիրին մշակման։ Գիտէք, որ մեր հաւատացեալ ծխականներու թիւին աճն ու անկէ բխող պահանջները աշխատանքային նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն մեզ. իսկ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մէկ ձեւ կայ. ծրագրել ու աշխատիլ այդ նպատակով։ Արդէն կեանքի կոչած ենք յատուկ յանձնախումբ մը, որ մշակած է երիտասարդ նուիրեալներ մեր ժողովուրդին ծառայական առաքելութեան հրաւիրելու ծրագիր մը։ Կ՚ըսեն, որ եթէ գործ մը լաւ սկիզբ ունենայ, անիկա կէսով ամբողջացած կ՚ըլլայ։ Եթէ այս խօսքը ճիշդ է, ուրեմն մենք ալ ճիշդ ճամբու մէջ ենք։ Կը յուսանք, որ մեր ծրագիրները մօտ ատենէն փոխադրուին իրականացման դաշտ եւ մենք շուտով աճեցնենք մեր թեմի կարիքներուն համապատասխան պատրաստութեամբ զինուորագրեալներուն բանակը։
Ահաւասիկ այս կամքով ու պատրաստակամութեամբ կը դիմաւորենք 2007 տարին ու ապագան, Ս. Ծննդեան այս տօնին առիթով ու քրիստոնէական հաւատքին մեզի շնորհած ուժականութեամբ կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։ Այս կամքին եւ ուխտին մասնակից են մեր հոգեւոր եղբայրները, մեր ժողովականութիւնը, մեր կրթական մշակներն ու մեր բոլոր բարերարները եւ գործակիցները, անոնք ըլլան անհատներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ թէ հաստատութիւններ։
Մեր յառաջիկայ աշխատանքներուն պիտի ձեռնարկենք՝ իբրեւ մեկնակէտ ունենալով այն պատգամը, որ մեզի կը ներշնչուի Յիսուս Մանուկի ծննդեան խորհուրդով։ Մենք ալ անոր պէս պիտի ըլլանք խոնարհ եւ համեստ, արդար ու արդարամիտ, միաժամանակ դառնալով առաքեալները սիրոյ ու հաճութեան, ազնիւ ու աստուածահաճոյ գործի ու ծառայութեան։ Պիտի գործենք արդար ու առարկայական մօտեցումով, հաւաքական շահերը գերադասելով անհատական հաշիւներու եւ մասնակի նկատառումներու, ի հարկին՝ անհատականը զոհաբերելո՛վ հաւաքականին, ինչպէս որ Աստուածորդին իր կեանքն ու առաքելութիւնը նուիրեց ողջ մարդկութեան։
Այս հաւատքով, այս համոզումով, այս մաղթանքով ու ներշնչումով ալ սա պահուս կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ, ըսելով՝
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Շնորհաբեր Նոր Տարի բոլորիդ:
Հաւատքով ու ներշնչումով, աղօթքով կը խոնարհիմ Աստուծոյ առջեւ, խնդրելով, որ բոլորիս ընծայէ առողջութիւն, յաջողութիւն, ծառայութեան ու նուիրումի վերանորոգ ոգի, սէր, սէր եւ դարձեալ սէր։
Կը մաղթեմ, որ մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը յառաջիկայ տարուան ընթացքին նոր քայլեր առնեն վերականգնումի ու բարգաւաճման երթին մէջ,
Թող բարձրեալն Աստուած երկար կեանք պարգեւէ մեր զոյգ հայրապետներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին։ Թող մեր հայրենի պետութեան պետական առաջնորդներն ու ծառայողները յաւելեալ իմաստութեամբ եւ հոգեկան ամրութեամբ լեցուին, առաջնորդելու համար մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին բարգաւաճման երթը,
Թող Երկնաւոր Հայրը Սփիւռքի հայութեան ու անոնց շարքին՝ մեր թեմի շրջանի բոլոր միութեանց ու հաստատութեանց առատօրէն բաշխէ իր բարիքները, որպէսզի մեր հաւաքական կեանքը ըլլայ աւելի պայծառ, մեր միացեալ առաքելութեան իրագործումը ընթանայ անվտանգ ու աշխոյժ։
Իսկ ամերիկեան մեր հայրենիքին պարգեւէ բարգաւաճում, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այս երկրի առաջնորդներուն իմաստութիւնը մեծ դեր ունի աշխարհի խաղաղութեան, ժողովուրդներու միջեւ հաճութեան ու համերաշխ գործակցութեան իմաստով։
Եկէք, ուրեմն, անգամ մը եւս ձայնակցինք հրեշտակներու աւետիսին եւ երգենք ըսելով՝
Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,
եւ յերկիր խաղաղութիւն,
Ի մարդիկ հաճութիւն…