Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ վերջերս առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ալեքս Փըտիայի հետ, քննարկելով յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրներուն դէմ պատժական քայլեր առնելու կարելիութիւնները։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի, Արցախի եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին՝ շեշտելով, թէ յաւելեալ ճնշում պէտք է բանեցուի կասեցնելու համար Պաքուի բռնարարքները եւ անոր՝ միջազգային օրէնքներու ոտնակոխումները։
Ծերակուտականը վերջերս 2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) համար ներկայացուց թիւ 6441 յաւելուածը, որ կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ արգիլուած զէնքեր գործածելու՝ Ատրպէյճանի քայլերը եւ հետաքննութիւն կը պահանջէ ամերիկեան ճարտարագիտութիւնը Թուրքիոյ կողմէ շահագործուելու գծով, յատկապէս «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ։ Անիկա նաեւ կը պահանջէ քննել Անգարայի դերը ահաբեկիչներ Արցախի 44օրեայ պատերազմին մասնակից դարձնելու գործին մէջ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին նաեւ շեշտուեցաւ, որ Ուաշինկթըն պէտք է աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենայ Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յիշեցնէ, թէ Փըտիա նահանգի հայութեան հետ երկարամեայ կապեր ունի եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայերը քուէարկութեան մղելու եւ քաղաքական կեանքին մէջ հայերու ներկայութիւնը աւելի տիրական դարձնելու՝ Հայ Դատի արշաւներուն մէջ, վստահութիւն յայտնելով, որ Պաքուն պատասխանատուութեան կանչելու ջանքին մէջ եւս ծերակուտականը հայութեան կարեւոր դաշնակից մը պիտի ըլլայ ։