Վերջին օրերուն, Ատրպէյճանի կողմէ արծարծուած, Արցախի մէջ շահագործուող հանքավայրերու նիւթին 8 Դեկտեմբերին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Մոսկուայի մէջ: Այդ երկրի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներուն հետ եռակողմ հանդիպման յայտարարեց, թէ «անընդունելի է ղարաբաղեան տարածաշրջանին մէջ անօրինական այցելութիւններու կազմակերպումն ու բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Նման յայտարարութիւններով Պաքու կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Արցախի տարածքին մէջ որոշումներ տալու իրաւունք ունի, ըսաւ Արցախի խորհրդարանի իշխանական «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան: Ան անընդունելի նկատեց ատրպէյճանական կողմի քայլերը ու զանոնք սադրիչ որակեց: Ան յիշեցուց, որ այս հարցին վերաբերեալ արցախցի խորհրդարանականները իրենց դիրքորոշումը յայտնեցին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին:
Արցախի մէջ բնապահպանական հարցերուն մասին Պաքու հետեւողական կերպով խօսեցաւ նախորդ շաբաթ: Ամէն ինչ սկսաւ, երբ բնապահպանական խնդիրներու պատճառաբանութեամբ Արցախը Հայաստանին կապող մայրուղին աւելի քան 3 ժամ փակ պահեցին: Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի Շուշի-Քարին տակ խաչմերուկին վրայ 3 Դեկտեմբերին քաղաքացիական հագուստով ատրպէյճանցիներ կանգնած էին:
7 Դեկտեմբերին ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօր. Անտրէյ Վոլքովի հետ՝ պնդելով բնական պաշարներու շահագործման անթոյլատրելիութիւնը Արցախի երկու հանքավայրերու մէջ:
Աւելի ուշ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդը տեղեկացուց, որ այդ հանդիպման մասնակցած է նաեւ կառոյցի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան։ «Տեղեկացնում ենք, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը փաստարկներով եւ հիմնաւորումներով բարձրաձայնել է արցախեան կողմի մտահոգութիւնները թէ՛ Արցախում Ադրբեջանի գործողութիւնների հետեւանքով ստեղծուած էկոլոգիական բնոյթի խնդիրների, եւ թէ՛ միւս անվտանգային մարտահրաւէրների մասին», ըսաւ ան:
Հանդիպման վերաբերեալ Բալասանեանէն կարելի չեղաւ մանրամասնութիւններ գիտնալ, յատկապէս իմանալ, որ հայկական կողմը համաձայնա՞ծ է ատրպէյճանական կողմին թոյլատրել հետաքննել Արցախի մէջ «բնական պաշարներու շահագործումը»:
Արցախի մէջ բանակցութիւններ վարելը անընդունելի կը նկատէ «Վաղուայ Արցախ» ընդդիմադիր կուսակցութեան համահիմնադիր Տիգրան Պետրոսեան, որ վրդոված է, թէ ինչո՛ւ Արցախի իշխանութիւնները թոյլ տուած են նման հանդիպում, կամ ինչո՞ւ խաղապահներու հրամանատարը կը կազմակերպէ նման բան:
«Թուրքը ի՞նչ գործ այս տարածքի հետ, եթէ Նոյեմբերի 9ի պայմանաւորուածութեամբ պատերազմը կանգնել է, մենք առանց պատերազմի այդքան հողեր, տարածքներ ենք տուել թուրքին, որպէսզի այդ պայմանագրի կէտերը պահպանենք եւ այլն, բայց հիմա ի՞նչ է այստեղ կատարւում: Փաստօրէն, թուրքը բացէ ի բաց ասում է, որ մեր Արցախի տարածքը՝ այն, ինչ մնացել է տակը, իրենցն է, եւ նրանք գալիս են, մեզ ստուգեն: Իսկ Վոլկովը դրան աջակցում է, նաեւ մեր իշխանութիւնը», ըսաւ Պետրոսեան:
Ատրպէյճանական կողմը կը բարձրացնէ Արցախի թիւ մէկ հարկատու Կաշենի պղնձամոլիպտենային հանքավայրին, ինչպէս նաեւ Դրմբոնի հանքին մէջ մշտադիտարկման հարցը: Այս մէկը արդէն չի գործեր, հոն սպառած են պղինձի ու ոսկիի պաշարները: Կաշենի հանքավայրը կ՛օգտագործուի «Վալլեքս» խումբի ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Բէյզ Մեթըլսը»ի կողմէ: Ընկերութիւնը չմեկնաբանեց Ատրպէյճանի ամբաստանութիւնները:
Ստեփանակերտ՝ անդրադառնալով Պաքուի յայտարարութիւններուն, հերքեց, որ հանքի շահագործման պատճառով վնաս կրէ շրջակայ միջավայրը: