Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ, թեմը ներկայացնող 15 պատգամաւորները ներկայութիւն են Մայրավանքի մէջ գումարուող Ազգային Ընդհանուր ժողովին, ուր կը քննուին ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցեր եւ, մասնաւորաբար, լիբանանահայութեան զօրակցութեան շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Յայտնենք, որ անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ անդուլ ջանքերով, աւելի քան 2,000,000 տոլար յատկացուեցաւ տնտեսական ահաւոր տագնապ դիմագրաւող լիբանանահայութեան, վերջինիս անհատնում կարիքները ըստ կարելւոյն բաւարարելու նպատակով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ