
Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 8 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:20ի շուրջ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին Ներքին Հանդի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի: