Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի շարունակուող պատերազմական ոճիրներուն դէմ քոնկրեսական պատժական քայլեր առնելու կարելիութիւնները։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ վարձուած գործիչներ կը շարունակեն իրենց ջանքերը, վնաս հասցնելու Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական կարգերուն, փորձելով միջամուխ ըլլայ Քոնկրեսի աշխատանքին։
Հայ Դատը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց մօտէն գործակցելու 2023ին հանրապետականներու հակակշիռին տակ անցնող Ներկայացուցիչներու տան հետ, յատկապէս Շիֆի կողմէ յառաջ մղուող այն բանաձեւներուն շուրջ, որոնք ունին հանրապետական զօրակիցներ։

Շիֆ վստահեցուց, որ հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր ունին թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ հանրապետական քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը եւ կոչ ըրաւ շարունակելու հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու աշխատանքը, միաժամանակ խոստանալով շարունակել հայութեան իր զօրակցութիւնը, յատկապէս երբ Հայաստանի տարածքը եւս ատրպէյճանական յարձակումներուն թիրախ դարձած է։
44օրեայ պատերազմէն ի վեր, Շիֆ օրէնսդրական շարք մը քայլերու դիմեց Պաքուի բռնարարքները եւ միջազգային օրէնքներու ոտնակոխումները պատժելու, Պաքուի տրամադրուող աջակցութիւնները կասեցնելու եւ հայութեան զօրակցութիւն ապահովելու համար։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յիշեցնէ, թէ Շիֆ նահանգի հայութեան հետ երկարամեայ սերտ կապեր ունի եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայութեան ձայնը Քոնկրեսի մէջ լսելի դարձնելու աշխատանքներուն մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր շարունակուող զօրակցութեան եւ իսկական բարեկամութեան համար, որ այս օրերուն, երբ հայութիւնը դարձեալ ցեղասպանական յարձակումներու թիրախ է, յաւելեալ իմաստ կը ստանայ։