Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Կուրճեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը, Իտալիոյ Սալերնօ քաղաքի միջազգային փառատօնի պաշտօնական մրցոյթային ծրագիրով՝ արժանացաu «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» մրցանակին, կը հաղորդէ Հայաստանի շարժապատկեր ազգային կեդրոնը։
Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդիn՝ Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947ին, երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային համայնավարութեան դաժան իրականութեան: Հայաստանի մէջ Չարլիին անմիջապէս կը ձերբակալեն եւ կը դատապարտեն բանտակութեան: Իրավիճակին ամբողջ լրջութեան եւ սարսափին գիտակցելով հանդերձ՝ Չարլին պատահմամբ կը յայտնաբերէ, որ իր բանտախուցի արտաքին պատը վնասուած է երկրաշարժի պատճառով՝ յառաջացնելով ճեղք մը, որուն մէջէն ան կը կարենայ տեսնել մօտակայ շէնքի բնակարաններէն մէկը, ուր կ՛ապրէին ամուսիններ՝ Տիգրանը եւ Ռուզանը: Անոնք կը դառնան Չարլին արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ օղակը: Չարլին կը սկսի հետեւիլ այդ զոյգի կեանքին, ճաշել, ուրախանալ, տխրիլ, երգել ու պարել անոնց հետ, նոյն ժամանակ կը փորձէ ճանչնալ հայկական մշակոյթը, որ մինչ այդ անծանօթ էր իրեն: