Լիբանանի խորհրդարանը Հինգշաբթի օր գումարեց նախագահական ընտրութեան իր իններորդ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Ներկայ գտնուեցան 105 երեսփոխաններ, որոնց քուէարկութեան պատկերը պարզեց հետեւեալ պատկերը. Միշէլ Մուաուատ` 39 քուէներ, 39 սպիտակ քուէներ, Իսամ Խալիֆէ` 5 քուէներ, «Նոր Լիբանան»` 9 քուէներ, Պատրի Տահեր` 3 քուէներ, «Լիբանանի համար»` 1 քուէ, Սալահ Հընէյն` 1 քուէ, Ֆաուզի Ապու Մելհեպ` 1 քուէ, Զիատ Պարուտ` 1 քուէ, Մուաուատ Պատրի Տահեր` 1 քուէ, Համախոհութիւն` 1 քուէ եւ 4 քուէներ չեղեալ նկատուեցան:
Խորհրդարանը երկրորդ անգամ քուէարկութիւն չկրցաւ կատարել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ առանց երկխօսութեան ոչինչ կարելի է լուծել: «Կը յուսամ, որ այսօրուընէ մինչեւ Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր, երեսփոխանական բոլոր խմբակներուն կարծիքը առած կ՛ըլլամ երկխօսութեան իմաստով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ, օրը խորհրդարանը պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան 10րդ եւ այս տարուան համար վերջին նիստը: