Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայաստան եւ Թուրքիա շուտով սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու։
«Վերջերս` Նոյեմբերի սկզբին տեղի ունեցած տեխնիկական (գիտարուեստական) հանդիպման ժամանակ քննարկուել է այդ թւում` այս պայմանաւորուածութեան իրագործումը, եւ այո՛, հաւանականութիւնը մեծ է, որ շատ շուտով այն կ՛իրագործուի: Զերծ կը մնամ կոնկրետ (յստակ) ժամկէտներ նշելուց, բայց հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ շուտով դա տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Ռուբինեան:
8 Դեկտեմբերին, թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ը, վկայակոչելով դիւանագիտական իր աղբիւրներ՝ գրած էր, որ մեկնարկած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկրորդ փուլը, եւ հաւանական է, որ Նոր տարիէն առաջ ալ արդէն սկսին փոխադարձ օդանաւային փոխադրութիւնները, ինչպէս նաեւ բացուի Արմաւիրի մարզի սահմանին գտնուող Մարկարա-Ալիճանի սահմանային անցակէտը՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար:
«Խօսքը հետեւեալի մասին է. այս պահի դրութեամբ ուղիղ աւիաբեռնափոխադրումներ (օդային բեռնափոխադրումներ) Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ երկու ուղղութիւններով էլ հնարաւոր չէ, խօսքը նրա մասին է, որ դա դառնայ հնարաւոր», ընդգծեց Ռուբինեան:
Ան ժամկէտներ չի նշեր, բայց կը յիշեցնէ, որ ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու արգելքի վերացման, ինչպէս նաեւ անցակէտի մասնակի բացման մասին քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները ձեռք բերուած էին ամրան` բանագնացներու վերջին հանդիպման ընթացքին, իսկ գործնական քայլերը սկսած են Նոյեմբերին սկիզբըմ կողմերու թեքնիք խումբերու՝ հայ-թրքական սահմանին վրայ հանդիպումէն ետք:
«Գիտէք, որ մեր երկրորդ պայմանաւորուածութիւնը, կրկին Յուլիսին ձեռք բերուած, երրորդ երկրների քաղաքացիների համար ցամաքային սահմանը բացելու մասին էր, եւ դրա վերաբերեալ ինչը, որ պէտք է արուի հիմա, դա Մարգարայի կամրջի վիճակի ստուգումն է, որը մօտ ժամանակներս պէտք է տեղի ունենայ, եւ այդպէս կը շարժուի», աւելցուց Ռուբինեան։
1993էն ի վեր փակ այս անցակէտի` շուրջ 30 տարիներ անտէր մնացած կամուրջը նորոգութեան կարիքը ունի, «Ազատութեան» յայտնեց Մարգարայի վարչական շրջանի ղեկավար էդգար Ենոքեան՝ ըսելով. «Կիսաբարւոք վիճակում է, այսինքն` կայ նորոգելու կարիք»։