
Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին յայտարարեց, որ արդէն 9րդ ժամն է, որ փակ է Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը: Շուշիի հատուածին մէջ միջանցքը փակած ատրպէյճանցիները, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ անկախ բնապահպաններ, ճամբուն մէջտեղը վրաններ տեղադրած են, ներսը թէյ կը խմեն, իսկ դուրսը կրակին շուրջ կը տաքնան: «Ադրբեջանական կողմը կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական կոնվենցիաներով (պայմանագիրով) նախատեսուած նորմերը (չափանիշները), հերթական անգամ ոտնահարում է արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները: Այս պահին Լիսագոր-Շուշի եւ Ստեփանակերտ-Շուշի աւտոճանապարհին 100աւոր քաղաքացիներ մնացել են ճանապարհին, որը փակ է առաւօտեան ժամը 10:30ից՝ բնապահպանական պատճառաբանութիւններով», նշեց նախարարութիւնը:
«Ադրբեջանական կողմից դեռեւս որեւէ դրական արձագանգ չկայ: Մեզ այսօր յաջողուեց ռուս խաղաղապահների ուղեկցութեամբ հասնել Շուշիի այն հատուածը, որտեղ փակել են ճանապարհը բնապահպանական պատճառաբանութիւնից ելնելով: Այնտեղ տեղադրուած էին վրաններ, այնտեղ էին քաղաքացիական հագուստով անձինք, լրագրողներ», ըսաւ Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադեւոսեան:
Ան նշեց, որ հարիւրաւոր հայեր՝ կիներ, մանուկներ մնացած են ճամբան, ոչ Արցախ մտնել կարելի է, ոչ ալ հոնկէ դուրս գալ: Անկարելի եղած է բժշկական պարագաներու, դեղորայքի եւ առողջական ծանր հարցեր ունեցող հիւանդներու տեղափոխումը Արցախ: Ճամբան փակ է նաեւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժներուն համար:
«Այս պահին շատ ցուրտ եղանակ է Արցախում, յատկապէս այդ հատուածում՝ որպէս բարձրադիր գօտի: Ընդամէնը մի քանի կմ. տարածք է Շուշիի առաջին մուտքից մինչեւ վերջին մուտքը, այդ հատուածում մնացել էին բազմաթիւ մեքենաներ, որոնք ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայողների կողմից ուղեկցուել են դէպի Ստեփանակերտ: Իսկ այն քաղաքացիները, որոնք Հայաստանից են գալիս Արցախ, նրանք այս պահին ժամանակաւոր մնացել են Գորիս քաղաքում», նշեց Թադեւոսեան:

Աւելի կանուխ, հաղորդագրութիւն հրապարակեց Արցախի ոստիկանութիւնը՝ նշելով. «Ստեփանակերտ-Շուշի միջպետական ճանապարհն արդէն 6 ժամ է շարունակում է փակ մնալ: Ոտնահարելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքները, Ադրբեջանը փորձում է հումանիտար աղէտ ստեղծել Արցախում: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ, այդ թւում՝ անչափահասներ, մնացել են ճանապարհին: Նրանց մի մասը վերադարձել է Գորիս, Իսկ Ստեփանակերտ-Շուշի գօտում ժամեր շարունակ սպասողական վիճակում գտնուող քաղաքացիները, ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայողների ուղեկցութեամբ տեղափոխուել են Ստեփանակերտ: Անհնարին է դարձել բժշկական պարագաների, դեղամիջոցների եւ առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող հիւանդների տեղափոխումը Արցախ: Բանակցութիւններն առայժմ շարունակւում են: Իրավիճակի զարգացումների վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի»:
Ատրպէյճանցի ցուցարարները առաւօտեան 10:30էն կը պահանջէին տեսակցիլ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովին հետ, իսկ ան չկայ:
Այս դէպքին նախորդեց 10 Դեկտեմբերի միջադէպը, երբ ատրպէյճանական կողմը, հիմնուելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած՝ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան նախապէս ուղղուած՝ Մարտակերտի շրջանի հանքավայրերուն մէջ հսկողութիւն կատարելու գրութեան վրայ, կը ծրագրէր այցելել Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերը:
Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, որ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, անոնց վերադաս մարմիններու հրահանգին համաձայն, թոյլատրած է տեսողական այցելութիւնը վերոնշեալ հանքավայրեր, բայց եւ այնպէս նկատի ունենալով, որ առաջարկուած ծրագիրը, սահմանուած կարգով, համաձայնեցուած չէ եղած Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ հանքավայրերը շահագործող կազմակերպութեան հետ՝ տեղւոյն վրայ, հանքարդիւնաբերական կազմակերպութեան աշխատակիցներու եւ յարակից համայնքներու բնակիչներու կողմէ ինքնաբուխ կերպով արգելափակեցին վերոնշեալ խումբի հանքավայրերու տարածք մուտքը:
Ստեղծուած կացութիւնը լուծելու նպատակով, հաւաքներու վայրերը ուղղուեցան Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց կատարած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ դադրեցնել հանքավայրերուն մէջ նախատեսուած շրջայցը եւ այդ հարցին անդրադառնալ լրացուցիչ քննարկումներէ ետք:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով ռուսական կողմին դիւանագիտական գրութիւն մը յղած էր: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական կողմը բազմիցս դիմած է խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութեան՝ անոնց տեղակայման վայրերուն մէջ բնական հարստութիւններու «ապօրինի շահագործումը» կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտին վրայ անոր բացասական ազդեցութեան հետեւանքները վերցնելու համար: Կը նշուի, որ շատ պարագաներու ատրպէյճանական կողմի այս յորդորներուն պատասխան չէ տրուած, խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկուած է «Ատրպէյճանի բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը կանխարգիլելու համար»:
Երկուշաբթի օր սահմանը փակած կիներէն մէկը յայտնեց, որ ինք բնապահպանական կազմակերպութեան 23 տարուան ղեկավար է եւ դիտարկում կը կատարէ Ատրպէյճանի մէջ: Ան նշեց, որ իրենք զօր. Վոլքովի հետ կ՛ուզեն հանդիպիլ եւ հարցնել, թէ ինչո՛ւ Շաբաթ օր արգիլեցին իրենց մուտքը Դրմբոնի ու Կաշէնի հանքավայրեր:
Շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիները երեկոյեան ինքնաբուխ հաւաք կազմակերպեցին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, իսկ ինքնաշարժներուն մէջ մնացած արցախցի ուղեւորները գօտեպնդող տեսանիւթեր սկսան տարածել իրենց գտնուած վայրէն:

It looks Lashin corridor closing , only link between Arzakh and Armenia
as well, Lars closing for Armenian trucks to Russia , double political
act, forcing Armenia to CAPITULATE on SUNIK, passage to Nakhichevan.
Russia finally, openly, showed ITS REAL FACE. Karabagh committee,
ALMOST REACHING ITS REAL OBJECTIVE, AS KGB AGENTS, SELLING
BY ISOLATION KARABAGH, DESTRUCTING ARMENIAN EXPORT; DOUBLE
PIGEON SHOOTING WITH ONE FIRING!!. BOLSHEVIK REGIME LOVERS
MAY BEE, IT’S AN ACHIEVEMENT OF JOY; NATIONALISTS, FREEDOM
LOVERS WILL REACT TO THIS *STRANGLING*; ALL TRAITORS WILL
FACE ARMENIAN “NUREMBERG”, PAYING FOR THEIR CRIMES. *1st
Republic continuation* will bring, strong army, fair judgements, free
economy, equality, INTERNATIONALLY VOTED, ACCEPTED BORDERS.
NO MORE CORRUPTED “3 MUSKETEERS”, NO MORE TRAITOR
KARABAGH COMMITTEE, COUNTRY PLUNDERERS AND SELLERS.