Մահը տխրութիւն պատճառող պատահար է. մարդու մը, անգա՛մ ընտանի կենդանիի մը մահը շրջապատը կը վարակէ յուզումով, դառնութեան զգացումով։
Չիլիի մէջ, սակայն, Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին ու յաջորդող օրերուն, արտասովոր ու հազուադէպ պատկեր մը ստեղծուեցաւ։ Ժողովուրդը ցնծութեան ցոյցերով ողողեց մայրաքաղաք Սանթիակոյի փողոցներն ու հրապարակները՝ ի լուր անձի մը մահուան գոյժին։
Մահացողը կը կոչուէր զօր. Աուկուսթօ Փինոշէ…
Չիլիցիք 91 ամեայ Փինոշէի մահուան լուրը դիմաւորեցին այնպիսի ցնծութիւններով, որոնք լատին ամերիկեան երկիրներու մէջ սովորաբար կ՚արտայայտուին… ֆութպոլի մրցաշարքի մը մէջ տուեալ երկրի ազգային խումբին յաղթանակը տօնելու համար։
Ցնծութիւնը ունէր իր հիմնաւորումը, սակայն նաեւ անխառն չէր։ Հարաւային Ամերիկայի արեւմտեան ծովափին գրեթէ ամբողջ երկայնքը գրաւող երկիրին բնակիչները երբեք պիտի չմոռնան, որ 1973ին, նախագահ Սալվատոր Այէնտէն տապալած զօրավարը իրենց պատմութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ իբրեւ բռնատէր մը, որ երկիրը )իբրեւ թէ( համայնավարներու ձեռքէն փրկելու պատճառաբանութեամբ շղթայազերծեց հալածանքներու եւ բռնադատութիւններու այնպիսի ալիք մը, որ խլեց շուրջ 3000 զոհ )ըստ պաշտօնական տուեալներու(, բազմահազար ուրիշներ անհետ կորսուեցան, ենթարկուեցան բանտային տանջանքներու։ Անոնց շարքին էին վերջերս ընտութիւնները շահած նախագահ Միշէլ Պաշըլէ )Չիլիի առաջին կին նախագահը( ու անոր հայրը՝ նախկին բանակային մը։
Փինոշէի 17 տարիներու բռնատիրական իշխանութիւնը ոչ միայն Չիլիի, այլ նաեւ ամբողջ Լատին Ամերիկայի պատմութեան մէջ արձանագրուած է սեւ ու կարմիր էջերով։ Այդ էջերը մաս կը կազմեն զինուորական խունթաներու «դարաշրջան»ի պատմութեան, երբ Չիլի ու դրացի երկիրներ «բախտաւորուեցան» Ուաշինկթընի հոգածու զօրակցութիւնը վայելող բռնատէրներու շարքով մը, որուն վստահուած էր Ուաշինկթընի ու անոր գործակից-զինակիցներուն տնտեսական ու մարտավարական ծրագիրներու պարտականութիւնը )այս մարտավարութեան նորագոյն արարը այս օրերուն կը կիրարկուի Իրաքի մէջ(։
Ի շարս այլ բռնատէրներու, Փինոշէ եւս իշխանութենէ հեռացուեցաւ ի վերջոյ, ժողովրդավարական կարգերու վերադարձը աւետող արդար ընտրութիւններէ ետք, 1990ին, ու այնուհետեւ, Չիլի ղեկավարուեցաւ ընդհանրապէս ձախ թեքումով վարչակարգերով։ Նախագահ Ռիքարտօ Լակոս երբ անցեալ ամառ իշխանութիւնը փոխանցեց Պաշըլէի, Չիլի 15 տարուան ընթացքին լայն գիծերով վերադարձած էր այն ուղիին, որ սկիզբ առած էր Սալվատոր Այէնտէի իշխանութեան օրերուն։
Փինոշէի մահուան առթած ուրախութիւնը անխառն չէր, ոչ թէ անոր համար, որ բռնատէրին մահը սգացողներ կան )շատեր Փինոշէն կը նկատեն Չիլին համայնավարութենէ փրկող ու տնտեսութիւնը վերականգնող հերոս(, այլ մանաւանդ անոր համար, որ բռնատէրին անմարդկային ու ոճրային արարքները երբեք ալ դատական արդար հետապնդումի չենթարկուեցան։ Ուաշինկթըն ու համախոհները հարաւ-ամերիկեան երկիրներու նախկին դրածոյ բռնատէրները դատական հետապնդումի ենթարկելու փորձերուն դիմաց միշտ ալ արգելքներ բարձրացուցին։
Նախկին բռնատէրին դէմ դատական հետապնդումի առաջին քայլերը առնուեցան 8 տարի առաջ, երբ Փինոշէ, դարմանումի ենթարկուելու համար Բրիտանիա ժամանելէն ետք, քաղաքական-դիւանագիտական փոթորիկի մը առանցքը դարձաւ. Սպանիա դրօշ բարձրացուց՝ բրիտանական իշխանութիւններէն պահանջելով, որ Փինոշէ իրեն յանձնուի, իբրեւ ոճրագործ դատական հետապնդումի ենթարկուելու համար։ Բրիտանիոյ կառավարական ու իրաւական իշխանութիւններուն միջեւ ծայր առած տարօրինակ քաշքշուքը, այսօր, տարիներ ետք, բացայայտօրէն կարելի է դասել խայտառակ բեմադրութեանց շարքին, երբ ի վերջոյ Փինոշէ իրողապէս անպարտ արձակուեցաւ իրեն դէմ արձակուած ամբաստանութիւններէն ու արտօնութիւն ստացաւ իր երկիրը վերադառնալու։ Աւելի ուշ, վերջին 6 տարիներուն, Չիլիի դատական իշխանութիւնները ինկան ոլորապտոյտ բաւիղներու մէջ, Փինոշէն արդարութեան կանչելու համար, սակայն մերթ անոր զինուորական յենարանները, սակայն նաեւ արեւմտեան աշխարհի տիտանները, անոնք՝ որոնք մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան ու արդարութեան մասին ճառեր արտասանելու առիթ չեն փախցներ, կարելի բոլոր միջոցներով խափանեցին Փինոշէի դատավարութիւնը։
Փինոշէի զոհերն ու անոնց ժառանգորդները դուլ-դադար չունեցան, ի վերջոյ՝ անցեալ Օգոստոսին յաջողեցան որոշում մը կորզել դատական իշխանութիւններէն, որ բռնատիրական տարիներու թղթածրարները բացուին ու բռնատէրը հատուցում կատարելու կանչուի, սակայն արդէն ուշ էր։ Փինոշէ ահա քանի մը ամիս ետք հրաժեշտ կու տար աշխարհին, իրեն դէմ բացուած դատական թղթածրարը գործնապէս փակուած յայտարարելով։
Փինոշէի իշխանութեան ժամանակակիցներէն՝ Բրիտանիոյ Մարկրէթ Թաչըրը յուզումով ու տրտմութեամբ արձագանգեց Փինոշէի մահուան լուրին։ Եւ միակը չէր։ Ան կը պատկանէր շրջանակին այն հզօրներուն, որոնք երէկ ու մինչեւ Փինոշէի մահուան նախօրեակը ոգի ի բռին ընդդիմացան բռնատէրը արդարութեան նժարին մէջ զետեղելու փորձերուն։
Նման փորձեր հաւանաբար կը բխէին այն մտավախութենէն, որ Փինոշէի նման նախկին )ցմահ( հովանաւորեալ իշխանաւորի մը նկատմամբ արդար վճիռի մը կայացումը կրնայ նախընթաց ստեղծել ու արդարութեան սուրը շողացնել մինչեւ իսկ այսօր իշող անարդար իշխանաւորներուն գլխավերեւը…։ )Փինոշէ այս իմաստով միակ բախտաւորը չէ(։
Հետեւաբար, չիլիցիներուն ու անոնց ճակատագրակիցներուն կը շնորհուի միայն նման մահերով ուրախանալու տարօրինակ առիթը։
Նաեւ՝ այն մխիթարանքը, որ նախկին բռնատէրը պետական յարգանքով յուղարկաւորութեան չարժանացաւ, այլ թաղուեցաւ իբրեւ նախկին զինուորական։