Պաքու անհիմն կը նկատէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ մարդկային աղէտ ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեղադրանքները եւ Երեւանէն կը պահանջէ «վերջ տալ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ յայտարարութիւններուն ու գործողութիւններուն»:
Հակադարձելով աւելի կանուխ Երեւանի մէջ տարածուած յայտարարութեան` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արցախի մէջ հայերու իրաւունքներուն եւ ապահովութեան երաշխաւորման համար միջազգային գործիքակազմ ստեղծելու կոչերը անընդունելի են, որովհետեւ «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերուն իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը Ատրպէյճանի ներքին գործն է»:
«Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անքակտելի մասն է, եւ այնտեղ ապրող բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի պահպանուին Ատրպէյճանի օրէնքներով ու Սահմանադրութեամբ», յայտարարեց պաշտօնական Պաքուն։
Նախարարութիւնը նաեւ կտրականապէս հերքեց մեղադրանքները, թէ կապ ունի Հայաստանը եւ Արցախը կապող միակ ճամբու փակման հետ: Որեւէ տեղ չօգտագործելով Լաչինի միջանցք եզրը` ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, թէ «Շուշա-Լաչին ճանապարհը փակուած է ոչ թէ ատրպէյճանցի ցուցարարներու, այլ` Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ, որ ժամանակաւորապէս տեղակայուած է Ատրպէյճանի տարածքին մէջ»:
«Ատրպէյճան պատրաստ է բաւարարելու տեղւոյն բնակչութեան բոլոր կարիքները, եւ Հայաստանի դժգոհութիւնները որեւէ հիմք չունին», յայտարարեց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, թէ ցոյց կը կատարեն քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները եւ բնապահպան գործիչները:
Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ Պաքու դարձեալ մեղադրեց Հայաստանը՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթները չկատարելուն, մասնաւորապէս, «Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական զինուած ուժերը դուրս չբերելու, Լաչինի ճանապարհը սադրանքներու եւ ապօրինի տնտեսական գործունէութեան համար օգտագործելուն մէջ»: Պաքու նաեւ ռուս խաղաղապահները կը մեղադրէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չկատարելուն համար: Յայտարարութիւնը, մասնաւորապէս կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբերի սկիզբը այս հարցով բանակցութիւններ սկսած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի միջեւ: