Արցախի պետական նախարարի խորհրդական, նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Երեւանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ անժամկէտ նստացոյցի սկսաւ: Ան, որ հիմա արձակուրդի մէջ է, յայտարարեց, որ այս քայլին կը դիմէ՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախին։ Ըստ անոր՝ ՄԱԿը պէտք է դատապարտէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ Արցախի շրջափակումը: Ան կ՛ահազանգէ, որ երրորդ օրը շարունակ շրջափակման իբրեւ արդիւնք Արցախը մարդասիրական ճգնաժամի մէջ է:
«Սուր խնդիր արդէն մենք ունենք ու առաջիկայում կոնկրետ (յստակ) ապրանքատեսակների ու դեղորայքի տեսակների ուղղութեամբ արդէն ծայրայեղ վիճակ ենք ունենալու: Մենք հիմա Արցախում ունենք հումանիտար աղէտ եւ այդ աղէտը գնալով խորանալու է», նշեց Բեգլարեան ։
Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը անդրադառնայ Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան երաշխաւորման հարցին` յստակ միջազգային երաշխիքներ տրամադրելով:
Նստացոյցով Արտակ Բեգլարեան նաեւ հայաստանեան հասարակութեան աջակցութիւնը կ՛ակնկալէ: «Ժողովուրդ, սա արդէն կարմիր գծերը բաւականին լրջօրէն խախտել է, ու մենք գտնւում ենք ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ, հետեւաբար, մենք պէտք է գործենք», յայտարարեց Բեգլարեան:
Անոր այցելեց Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան՝ դիտել տալով, որ պաշտօնական Երեւանը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերու` միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնելու համար Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: