

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, շարք մը քոնկրեսականներ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը վերաբանալու գծով Պաքուի վրայ յատկանշական ճնշումներ բանեցնելու կոչ ըրին արտաքին գործոց նախարարութեան՝ դատապարտելով Արցախի բնակչութիւնը վտանգող ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ժողովին ընթացքին, Պրայըն Ֆիցփեթրիք, Ճիմ Քոսթա, Պրետ Շնայտըր եւ Սուզեն Ուայլտ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տանֆիտէն պահանջեցին, որ պատասխանատուութեան կանչէ Ատրպէյճանը, ոչ միայն միջանցքի փակումին, այլ նաեւ վերջին տարիներուն արձանագրուած հակահայ արարքներուն եւ բարբարոսութիւններուն համար։
Նիստին բացումը կատարելով, Ֆիցփեթրիք դատապարտեց հայ գերիներու սպանութիւնը ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, իսկ Քոսթա լուսարձակի տակ առաւ նաեւ հայ գերիներ բանտարկուած պահելու՝ Պաքուի անընդունելի կեցուածքը եւ շեշտեց, թէ Արցախի ժողովուրդը բնական կազէն զրկելու եւ Լաչինի միջանցքը փակելու Պաքուի քայլերը չեն նպաստեր շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։ Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները պէտք է անմիջապէս կասեցնել։


Իր կարգին, Ուայտ շեշտեց, թէ Փենսիլվանիոյ հայութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, որոնց պատճառով, մարդասիրական աղէտ կը դիմագրաւէ Արցախի բնակչութիւնը, իսկ Շնայտըր շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է շեշտը դնէ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու աշխատանքներուն վրայ՝ խօսելով նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի շարունակուող բանակցութիւններուն մասին։
Նիստի աւարտին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան Տանֆրիտին ներկայացուց Բերձորի անցքին փակումին պատճառով արցախցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ։
Միւս կողմէ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ դատապարտեց ձմեռնային պայմանները հայութեան դէմ շահագործելու՝ Ալիեւի բռնատիրական վարչակազմին քայլերը՝ պահանջելով անյապաղ բանալ միջանցքը։
