Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց՝ կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի:
Իր կոչին մէջ, անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու՝ կաթողիկոսը ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան, սովի եւ համաճարակի: «Փաստօրէն, Ատրպէյճանի կողմէ նման քայլ մը ցեղասպանութիւն է. հետեւաբար, միջազգային համայնքը իրաւունք չունի անտարբեր եւ լուռ մնալու՝ մարդասիրական ու մարդկային հիմնական օրէնքներու եւ սկզբունքներու խախտումին ու անտեսումին նկատմամբ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին յիշեալ կոչը փոխանցուեցաւ միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ու մամուլին: