Արդէն չորրորդ օրն է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ արգելափակուած պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ արցախահայութիւնը մարդկային մեծ աղէտի մը դէմ յանդիման դնելով: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:
Նկատի առնելով, որ Հայաստանէն Արցախ կազի մատակարարումը եւս կասեցուած է Ատրպէյճանի կողմէ, եւ Արցախը զրկուած է կազէն, տեղեկատուական շտապը Արցախի բնակիչներուն կոչ ուղղեց՝ խնայողաբար օգտագործելու ելեկտրականութիւնը եւ վառելանիւթը:
Դպրոցները կը մնան փակ: