Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաստատեց Քրիսթինա Քուինի՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին: Լուրը հաղորդեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։
Փետրուար 2019էն Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը կը վարէր Լին Թրէյսի, որ այս տարի աւարտեց դիւանագիտական իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Ան դիւանագիտական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ Ռուսիոյ մէջ։