Կիրակի, 11 Դեկտեմբերին, յաւարտ Ս. պատարագի, Վենթուրա գաւառի Հայց. եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդիսութիւն եւ շնորհաբաշխութիւն, ուր մէկտեղուած էին տասնեակ մանուկներ իրենց ծնողներուն, մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն հետ՝ միասին վայելելու համար օրուան գեղեցիկ ու հոգեզմայլ ձեռնարկներու շարքը։
Հանդիսութիւնը եւ սիրոյ ճաշի արարողութիւնը բացուեցաւ Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներէն Արմէն Կրումեան ներկաները հիացուց Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն» գեղեցիկ բանաստեղծութեամբ։


Յընթացս ձեռնարկի մեկնարկուեցաւ շնորհաբաշխութեան արարողութիւնը. հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեան հրաւիրեց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Սարգիս Պոլիսաճեանը եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատու Ալիս Կրումեանը՝ ներկայացնելու համար օրուան մեծարեալներուն՝ տէր եւ տիկին Դանիէլ եւ Ատրինէ Թիւֆէնքճեաններուն կենսագրականները, ապա տէր հայրը Թիւֆէնքճան ամուսիններուն փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի «Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր»ը՝ իբրեւ նշան անոնց երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութիւններուն։ Ծափահարութիւններէն եւ ջերմ շնորհաւորանքներէն ետք, Գէորգ քհնյ. Աբեան կատարումով հնչեց «Երազ Իմ Երկիր Հայրենիք» հոգեզմայլ երգը։
Ապա ներկաներուն եւ յատկապէս մանուկներուն խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ յայտնուեցաւ բոլորի կողմէ սիրուած հեքիաթային Ձմեռ պապը՝ իր տօնական նուէրներով։
Խանդավառ տօնական ձեռնարկը՝ բազմաթիւ անակնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։
Հուսկ, Գէորգ քհնյ. Աբեան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, մասնաւորաբար Ծխական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամներուն՝ իրենց տարած բծախնդիր եւ սիրայօժար աշխատանքին համար։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ