Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան 65ամեակի եւ Արեւմտեան թեմի ինքնուրոյն միաւոր ըլլալու 50ամեակի աշխատանքներու ծիրին մէջ կը գտնուին Լոս Անճելըս եւ խորհրդակցական եռակողմ հանդիպում կ՛ունենան իրենց թեմերը յուզող զանազան հարցերու մասին:
Ի հետեւումն Ազգային Ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ բոլոր թեմերուն յղուած շրջաբերականին, Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ երեք առաջնորդները այս պահուն կը քննարկեն՝ վերանորոգ հաւատքով եւ թափով ու յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ Հայ եկեղեցւոյ ծառայելու բոլոր կարելի հնարաւորութիւնները, յատկապէս ժողովուրդի երիտասարդ եւ մատղաշ սերունդներու ազգային, քրիստոնէական, հայեցի եւ կրթական դաստիարակութիւնը աւելի ուժեղ, տարածուն, հետաքրքրական ու ժամանակակից դարձնելու առումով: