Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ամփոփեց 2022ի «Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ» մրցանակին արդիւնքները, նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած 15 մարզական լրագրողներու, 33 մարզական դաշնակցութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչներու քուէարկութեան հիման վրայ:
2022ի 10 լաւագոյն մարզիկները ճանչցուեցան հետեւեալները.
– Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ, աշխարհի ախոյեանութեան ախոյեան)
– Մալխաս Ամոյեան (ըմբշամարտ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան 3րդ դիրք)
– Յովհաննէս Բաչքով (կռփամարտ, Եւրոպայի ախոյեան)
– Սամուէլ Գասպարեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի ախոյեանութեան 3րդ դիրք, Եւրոպայի ախոյեանութեան փոխախոյեան)
– Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն, աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի փոխախոյեան)
– Վարազդատ Լալայեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի ախոյեանութիւն 3րդ դիրք, Եւրոպայի փոխախոյեան)
– Արսէն Յարութիւնեան (ըմբշամարտ, աշխարհի ախոյեանութեան 3րդ դիրք, Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան)
– Անի Յովսէփեան (կռփամարտ, Եւրոպայի ախոյեան)
– Յարութիւն Մերդինեան (մարմնամարզութիւն, աշխարհի ախոյեանութեան 3րդ դիրք, Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան)
– Լիլիթ Մկրտչեան (նշանառութիւն, Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան 3րդ դիրք):
«Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ» մրցանակին հիմամբ, լաւագոյն տասնեակին մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 5 միլիոն դրամ: