Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕի անոր դաշնակիցները կ՛ուզեն պատերազմի դաշտին վրայ յաղթել Ռուսիոյ, «որպէսզի զայն ոչնչացնեն»: Այս մասին ան խօսեցաւ «Թասս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ Լաւրովի՝ արեւմտեան երկիրներու եւ անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գործողութիւնները կը հաստատեն ուքրանական ճգնաժամի համաշխարհային բնոյթը: «Այլեւս ոչ ոքի համար գաղտնիք է. Ռուսիոյ հակառակորդները այդ նպատակին հասնելու համար «շատ բանի պատրաստ են», պնդեց ան։
«Փենթակոնի որոշ «անանուն պաշտօնեաներ» իրականութեան մէջ սպառնացած են «գլխատող հարուած» հասցնել Քրեմլինին, իրականութեան մէջ խօսքը ռուսական պետութեան ղեկավարի ֆիզիքական հաշուեյարդարի մասին է: Եթէ ոեւէ մէկը իսկապէս նման գաղափարներ ունի, ապա պէտք է շատ լաւ մտածէ նման ծրագիրներու հաւանական հետեւանքներուն մասին», ազդարարեց Լաւրով՝ աւելցնելով. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի չափը անցուց, երբ ՆԱԹՕէն պահանջեց Ռուսիոյ կանխարգելիչ հիւլէական հարուածներ հասցնել: Եթէ Ուքրանիա զինաթափման եւ զայն նացիներէն ձերբազատելու մեր պահանջներուն չընդառաջէ, այդ մէկը ռուսական բանակը պիտի կատարէ»:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգները չեն կրնար բնական հաղորդակցութիւն պահպանել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի առճակատողական ընթացքին պատճառով: «Առարկայականօրէն անկարելի է բնական հաղորդակցութիւն պահպանել Պայտընի վարչակազմին հետ, որ նպատակ կը հռչակէ մեր երկրի` ռազմավարական պարտութեան մատնելը», ընդգծեց նախարարը:
Ըստ անոր` «ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները իսկապէս կը գտնուին ծայրայեղ անմխիթար վիճակի մէջ եւ գործնականին մէջ սառեցուած են Ուաշինկթընի յանցանքով»:
«Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան ընթացքին, Ռուսիա կը հիմնուի փոխադարձութեան սկզբունքին վրայ եւ, իբրեւ կանոն, կը գործէ ակն ընդ ական սկզբունքով», աւելցուց Լաւրով:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուա պատրա՞ստ է որոշ պայմաններու մէջ բանակցիլ Ուքրանիոյ հետ՝ ան ըսաւ, որ Ռուսիա «երբեք ուրիշներու պայմաններուն չէ հետեւած, միայն մեր կացութեան ու ողջմտութեան վրայ հիմնուած ենք»:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա նախապէս յայտնած էր, որ Քիեւի իշխանութիւնները կ՛ուզեն յառաջիկայ Փետրուարին «խաղաղութեան վեհաժողով» գումարել:
Ան «Էսոշիէյթըտ Փրէս»ին ըսած էր, որ ինք «կը նախընտրէ, որ հարթակը ՄԱԿը ըլլայ եւ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշը` հաւանական միջնորդ»:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակը, մեկնաբանելով Քուլեպայի յայտարարութիւնը՝ յայտարարեց. «Ինչպէս նախապէս բազմիցս յայտարարած է ընդհանուր քարտուղարը՝ կրնայ միջնորդ ըլլալ, միայն եթէ բոլոր կողմերը ուզեն, որ ինք միջնորդ հանդիսանայ»: