Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերին, ցնծութիւն կը տիրէր Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ: Դպրոցի 30 սանիկները, իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ՝ ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ կատարեցին Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի հանդէս մը եւ վայելեցին այդ զոյգ տօներու բարիքները:
Դպրոցական ամէնամեայ հանդէսը սկսաւ նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները նախ լսեցին եւ դիտեցին ծուխի հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի փոխաբերական պատկերներով հարստացած Ս. Ծննդեան պատգամը: Փոքրիկներու ուղղուած այդ հաճելի խօսք-տեսարանը զմայլելիօրէն պարզ ու հասկնալի էր բոլոր մանուկներուն համար: Աւագ քահանան իր բեմ բերած փոքրիկ վարդագոյն օդանաւով, խաւաքարտէ կազմուած «Զուարթնոց» օդակայանով բացատրեց, թէ տաճարը կայարան մըն է, հաւատացեալները՝ ուղեւորներն են, իսկ մանուկ Յիսուսը այդ միջոցն էր, որմով կարելի էր հասնիլ արքայութեան:
Աշակերտները ապա բեմ ելան եւ լիաթոք երգեցին Ծնունդի երգեր ու շարականներ, կատարուեցաւ խոստովանանքը, ապա բոլորը ընդունեցին Սուրբ հաղորդութիւն: Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ազնիւ Սէրայտարեանի կատարած շարականներով ալ այդ պահը դարձաւ աւելի հոգեգրաւ:
Ձեռնարկին երկրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ եկեղեցական համալիրի «Տունայեանց» սրահին մէջ: Զարդարուած, լուսաւորուած, ընտանիքներով եւ հիւրերով լեցուած սրահը ալեկոծուեցաւ երգ ու պարով: Աշակերտները ցնծագին երգերով եւ ծափերով սպասեցին, որ Կաղանդ Պապան գայ ու իրենց նուէրներ բերէ. յանկարծ, ալեհեր, սպիտակամօրուս Կաղանդ պապան յայտնուեցաւ դարպասին առջեւ, կարմիր տոպրակ մըն ալ ուսին:

Կաղանդ պապան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ քիչ մը յոգնած եւ ուշացած էր: Ան հեղինակաւոր ձայնով բացատրեց, թէ նախ նուէրներ տարած էր Հայաստան, ուրախացեր էին հայրենի մանուկները, ապա ովկիանոսը անցած, հասած էր Քալիֆորնիա, իսկ հիմա պիտի շտապէր Ստեփանակերտ երթալ, որպէսզի Արցախի մանուկներն ալ անպայման ստանային իրենց նուէրները: Մեր աշակերտներն ալ խնդրեցին, որ Կաղանդ պապան իրենց արցախցի քոյր-եղբայրներուն տանի իրենց բարեւները եւ բարեմաղթութիւնները:
Ծնողներու առատաձեռնութեան եւ խոհարարական տաղանդին շնորհիւ պատրաստուած էր տօնական ճոխ սեղան մը: Ամբողջ սրահը, աշակերտներու զիլ ձայներու առաջնորդութեամբ՝ աղօթեց Ճաշակեսցուքը, որպէսզի աշխարհի վրայ ամէն հայ մանուկ ընտանեկան ջերմ եւ խաղաղ երդիքի տակ սեղան նստի ու վայելէ Տիրոջ պարգեւած շնորհները:
Օրը վերջացաւ երգերով, ուրախ պարերով եւ սիրալիր զրոյցներով:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)