Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը նշուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկաի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. պատարագը մատոյց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, իսկ Ս. սեղանին սպասարկութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասը։
Նախքան քարոզը, սարկաւագները քահանայական սաղաւարտներ հագած՝ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եւ «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ՝ թափօր կազմելով՝ ուղղուեցան դէպի Ս. խորանը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ, վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը՝ յորդորեց սարկաւագները ընթանալու Ս. Ստեփանոսի ծառայական ուղիէն եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակելու իրենց անսակարկ ծառայութիւնը, ի շինութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն ազգիս հայոց։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ