2017ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին հեղինակած The Armenian Church (Հայ Եկեղեցին) անգլերէն հատորը անցնող տարիներուն յաջորդաբար թարգմանուեցաւ արաբերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ ֆրանսերէնի. իսկ շաբաթ մը առաջ հրատարակուեցաւ անոր գերմաներէն թարգմանութիւնը՝ Paulinus-Verlag (Edition Cardo) հրատարակչական ընկերութեան կողմէ: Այս հատորը նաեւ կաթողիկոսարանի գրատան կողմէ շուտով պիտի ներկայացուի ընթերցասէր հասարակութեան:
Յայտնենք, որ լայն տարածում գտած Արամ Ա. կաթողիկոսին վերոնշեալ գիրքին յունարէն եւ չինարէն թարգմանութիւնները ընթացքի մէջ են: