
Թող Տէրունական Լո՛յսը Գմբեթէ Հայկի Տունն Ու Համայն Հայութիւնը
– «Քեզի կ՛ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛» (Մարկոս 2.11)
– «Տիրոջ ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի, եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ըլլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին» (Եսայի 40.31)
Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ամէնամեայ տօները, որոնք ահա՛ դարձեալ կը բացուին մեր առջեւ նոր՝ 2023 տարեշրջանին ընդմէջէն, կը դիմաւորենք նորոգ հաւատքով եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին ծնրադիր՝ առ Բարձրեալն կ՛ուղղենք մեր աղօթքն ու երախտագիտական անեղծ զգացումները, այն քաջ վստահութեամբ, որ Երկինքն ու Երկիրը ստեղծող մեր բոլորին Արարիչը իր Հայրական պաշտպանութեան տակ պիտի առնէ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախն ու Հայ Սփիւռքը ու իր Միածինին բերնով՝ ինչպէս Քրիստոս թելադրեց անդամալոյծ մարդուն՝ առնե՛լ մահիճը եւ տուն երթալ, այդպէս ալ, մեր Երկնաւոր Հայրը համա՜յն հայութեան անկումային տրամադրութիւններուն փոփոխութի՛ւն պիտի առաջարկէ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին թելադրելով՝ չտրորուի՛լ պարտութեան կրունկին տակ, չփլի՛լ թշնամիներու մեծ ուժին դիմաց, չյանձնուի՛լ սեւին ու յուսահատութեան, այլ՝ հաւատքո՛վ նայիլ դէպի կապտաւուն երկինք ու վերստին կանգնիլ ոտքի ու քա՛յլ նետել դէպի լուսաւոր օրեր, դէպի յաղթանակներու նո՜ր դարաշրջան, որովհետեւ, ինչպէս Եսայի Մարգարէ կ՛ըսէ՝ «Տիրոջ ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի, եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»:
Սուրբ Ծնունդը իր խորութեամբ, խորհուրդով ու եղելութեամբ ըլլալով բացարձակ իրողութիւն, հեքիաթային խորհրդաւոր բան մը կը պահէ իր մէջ: Ս. Ծնունդը ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր, անձանձրո՛յթ տօնախմբութիւնն է ազգերու հոգեւոր կեանքէն ներս եւ փնտռելի մեծագո՛յն առիթը քրիստոնեայ բոլո՜ր ժողովուրդներուն համար: Աւելի՛ն: Ս. Ծնունդը իր վեհագոյն արժէքով ու ճշմարտութեամբ Կատարեալի՛ն չափորոշիչն է՝ մարդկային բանականութեան սահմանները գլող-անցնող, Միածինի էութիւնը վերծանելու ձգտող մարդոց գերազանց ճիգերու, բնազանցական տրամաբանութեանց թէ քրիստոնէական հզօրաճաճանչ հաւատքին, որոնց հանրագումարին արդիւնքը այն է, որ 2023 տարիէ ի վեր, Ս. Ծնունդը ցարդ կը շարունակէ մնալ մարդակերտ բոլոր քաղաքակրթութեանց, գիտութեան ու մշակոյթի դպրոցներու կամ արուեստի բազում մասնագէտներու ստեղծագործական վսեմագոյն ապրումներու դիտարանն ու փնտռտուքի անսպառ տարածութիւնը, ուր մենք բոլորս կը լեցուինք Քրիստոսի մշտանորոգ հոսքով, կը զինուինք Անոր անսպառելի ուժով, կ՛ապրինք ու կը գործենք մեր ամենասիրելի Յիսուսին կենաց նուագով: Այսուհանդերձ, թէեւ Ծննդեան տօներուն առիթով եկեղեցւոյ բեմերը վարժ չեն հնչեցնելու՝ «ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ ու տունդ գնա՛» թեման, բայց մեր ազգային ներկայ մթնոլորտը մեզ կը հրաւիրէ Ս. Գրային ա՛յս խօսքը մեր պատգամին կեդրոնական մտածումը դարձնելու, որպէսզի Լոյսին արտայայտած լուսաւոր այս գաղափարը ջրէ խաւարը մեր կեանքէն ներս, յուսահատութիւնն ու յուսախաբութիւնը կրնկակոխ հալածուին ազգի ներկային մէջ եւ բացուի մեր առջեւ՝ ոտքի՛ կանգնելու ու բոլոր տեսակի տագնապներէն վե՛ր յառնելու ճշմարիտ ուղին:
Ո՜վ հայ մարդ, ո՜վ իմ անձս, ոտքի՛ կանգնիր, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛, որպէսզի կարենաս Աստուածաշունչ խօսքին զօրութեամբ քալել իժերու եւ քարբերու վրայէն բայց չխայթուիլ, գրկէ՛ հոգերդ ու նեղութիւններդ եւ վստահիր Երկնքի զօրակցութեան ու գնա՛ տունդ, որ Տաճարն է Աստուծոյ, ուր դուն պիտի բիւրեղանաս եւ ամբողջական մարդ դառնաս:
Ո՜վ հայ ընտանիք, ոտքի՛ կանգնիր, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛, թէկուզ երբեմն վշտով կամ կոտրած սրտով, վերցո՛ւր հետդ տագնապներդ, սայթաքումներդ ու ձախողութիւններդ եւ գնա՛ քու հարազատ երդիքդ, ուր սէրն ու խաղաղութիւնը, հարազատներուդ ջերմութիւնն ու գորովանքը պիտի պատեն քեզ վերանորոգ հաւատքով՝ վասն քու եւ սիրելիներուդ ապահովութեան, առողջ աճման ու բարգաւաճման:
Ո՜վ հայ գաղութ, շրջան ու ժողովուրդ, ոտքի՛ կանգնիր, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛, եւ այլեւս մէկ կո՛ղմ նետէ ամէն երկրորդական մտածում, որ կը ցնցէ հաւաքական կեանքիդ ներդաշնակութիւնը, ու Քրիստո՛սը դարձուր կեդրոնը ազգի կեանքին, որպէսզի կառոյցներդ, միութիւններդ, ու մենք՝ բոլորս, մեր նախնեաց արժէքներով զինուած՝ նոր ու թարմ յոյսերով նայինք մեր ազգային կեանքի արեւավառ ապագային:
Եւ վերջապէս, ո՜վ հայրենիք, հայրենական պետութիւն, Արցախ ու համայն ժողովուրդ, ոտքի՛ կանգնիր, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛, վերազինուիր ըլլալո՛ւ, ապրելո՛ւ եւ արարելո՛ւ քու առհաւական իմաստութեամբդ եւ դարաւոր անկումներդ, կորուստներդ ու ցաւերդ չմոռնալով հանդերձ հոն մի՛ կենար, այլ բոլոր ուժերդ հաւաքէ եւ Տիգրաններո՛ւդ տունը վերադարձիր՝ իբրեւ հայոց աշխարհի, Հայաստանի ու Արցախի միակ իրաւատէրն ու արդարութեան մարտիկը:
Մարդկային ցեղի բոլոր մակարդակներու վրայ տեսանելի յուսաբեր այս ապրումները ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչողութեան խորհուրդով առլցուն, որպէս կեանքի՛ ճառագայթներ թող որ հանգչին մեր օրերուն մէջ եւ թող որ խոնարհագոյն պարծանքով պարուրէ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը, որ անցնող յիսուն տարիներուն ընթացքին անժամանցելի ու անմնացորդ, անբեկանելի ու անուրանալի ազգային եւ քրիստոնէական, մարդասիրական եւ ընկերային, կրթական եւ դաստիարակչական ամենահսկայ ծառայութիւն բերաւ մերազն ժողովրդեան ու գաղութին մերոյ: Յիսուն տարիներ շարունակ, Արեւմտեան թեմը յորդորեց մեր ազգի զաւակացն՝ ոտքի՛ ելլել վասն Հայաստանին ու Արցախին, վասն Լիբանանի, Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի գաղութներու, վասն մեր գաղութին ու մեր զաւակաց ապագային եւ Քրիստոսի՛ ուժով լեցուած խրախուսեց ազգ ու հայրենիք՝ «թռչիլ արծիւներու թեւերով, վազել առանց թուլնալու, քալել առանց յոգնելու»:
Ո՜վ իմ անձս, թռչի՛ր այլեւս, վե՜ր-վե՜ր բարձրացիր ու հոգեպէս մաքրամաքրուիր:
Ո՜վ հայ ընտանիք, արծիւներուդ թեւերովը թռչի՛ր դէպի նոր յաջողութիւններ:
Ո՜վ հայ գաղութ ու շրջան, հաստատակա՛մ ընթացիր դէպի քու սրբազան նպատակներդ, միասնականութեան անխոնջ քայլերդ նետէ քո՛ւ իսկ գծած ճամբուդ մէջ, անսպառ ու անխոնջ, առանց դոյզն յուսահատութեան:
Ո՜վ հայոց աշխարհ, հայրենի երկիր, Հայաստան-Արցախ մեր ամենասիրելի, դարերէ ի վեր արծիւներդ կը զարդարեն երկինքդ, յաղթութիւններուդ կամարը եւ նոր սերունդներուդ սրտերը: Ժամանա՛կն է, որ Ս. խօսքին իսկ թելադրանքով՝ ներկադ իմաստաւորես նո՜ր վերելքներով, վազե՛ս անկոտրում կամքով ու չթուլնաս, քալե՛ս նոր դարերու երազանքով ու չյոգնի՛ս բնաւ:
Եւ, վերջապէս, այս լուսառատ ապրումներով եւ որդիական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք վեհափառ կաթողիկոսը՝ Հայ առաքելական Մայր Սուրբ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետը:
Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, մեր բոլոր ծխական համայնքները, հովիւներն ու հոգաբարձութիւնները, մեր բոլոր վարժարանները, Խնամակալ մարմինն ու ուսումնական մարմինները, ուսուցիչ-դաստիարակները, մամլոյ մշակները, ազգային գործիչները, մեր բարեկամներն ու բարերարները եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը՝ մաղթելով, որ Նոր Տարին յաղթական նոր թռիչքներ պարգեւէ բոլորիս, Տէրունական Լո՛յսը գմբեթէ Հայկի եւ որդւոց Տունը, այլեւ նորոգ հաւատքո՛վ ժայթքեցնէ Սիրոյ Աղբիւր Յիսուս Քրիստոսը մեր բոլորին կեանքին մէջ: Ամէն:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան ԱՄ Նահանգներու Հայոց Թեմի
Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2023