Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ԴԱԺԱՆ ՓՈՒԼ

Ազգովին, հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ ու հեռաւոր ափեր, կը գտնուինք մեր պատմութեան ամէնէն դաժան եւ անբարեյոյս մէկ փուլին մէջ: Նման դիտարկում վէճի առարկայ չէ. այս գիտակցութիւնը համակած է իշխանաւորնե՛րն ալ, ընդդիմադիրնե՛րն ալ, մինչեւ իսկ իրենք զիրենք կրաւորականութեան պարիսպին ետին պատսպարողնե՛րն ալ:
Երեւանի հրապարակին վրայ, ամանորեան տօնածառի լուսաւորումն ու անոր ընկերացած հրավառութիւնները չեն կրնար ծածկել դառն իրականութիւնը, որ ունի բազմաթիւ ծալքեր, անհաշուելի երեսներ, կ՛ընդգրկէ երկրի ապահովութեան, անվտանգութեան, ապրուստի, ընկերային վիճակին, ազգային ինքնութեան պահպանման մարզերը, խնդրոյ առարկայ դարձուցած է հայրենիքին-պետութեան լինել-չլիներու հարցը:
Այս վիճակը նորութիւն չէ. հոն ինկած ենք առնուազն 2020ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներէն ի վեր, որ մեր նորագոյն պատմութեան «պարգեւեց» 44օրեայ պատերազմ կոչուած ահաւոր փուլը: Ինկանք տարօրինակ զգայազրկման մը մէջ, որ կարծէք թէ հիմա ալ պատանդ կը պահէ շատեր:
Ահաւոր փուլը վերջ չգտաւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ: Յաջորդող ամիսներուն, եւ ահաւասիկ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, թուրք-ազերիական դաւադիր ծրագիրը՝ համաթուրանական նորագոյն արշաւանքը կը շարունակէ յառաջխաղացքներ արձանագրել ի վնաս մեզի՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքին ու հայութեան: Նոյնինքն Հայաստանէն հողամասեր (ըստ որոշ տուեալներու՝ մինչեւ հազար քառ. քլմ.) աւելցած են 2020ի գրաւեալ տարածքներուն վրայ, իսկ արեւելեան սահմանագիծին գրեթէ ամբողջ երկայնքը, ներառեալ բանալի քաղաքներ ու ռազմագիտական կարեւորութեամբ դիրքեր-բարձունքներ, տնտեսութեան յենարաններ կը գտնուին թշնամիին հասողութեան գօտիին մէջ: Օր չ՛անցնիր, որ թշնամին նոր ոտնձգութիւններու, թշնամական արարքներու չդիմէ, որոնց դիմաց, Հայաստան ինքզինք մատնած է «անկիւնը դրուած»ի կացութեան: Իշխանութեան՝ «ամէն գնով խաղաղութիւն պիտի բերենք»ները ամէն օր քիչ մը աւելի հեռու կը փախցնեն խաղաղութեան շուքը, այնքան մը, որ վերջին շրջանին, նոյնինքն իշխանութիւնն իսկ սկսած է կրկնել այն ահազանգերը, որոնք ընդդիմադիր ճակատին կողմէ անդադար կը կրկնուէին պատերազմի օրերէն ու անոր աւարտէն ի վեր: Այսուհանդերձ, խաղաղութեան երեւակայածին քայլերը կը թուին անհաղորդ մնալ այս իրականութեան:
Այս վիճակը միայն վերջին երկու տարիներու իրադարձութեանց հետեւանքը չէ. թէ՛ իշխանաւորը, թէ՛ ընդդիմադիրը, տարբեր դիտանկիւններէ, իրական ու շինծու (մասնաւորաբար իշխանական ճակատէն) բացատրութիւններով, կը փորձեն ցոյց տալ, որ նախընթաց տարիներուն ալ խոտորումներ արձանագրուած են, սակայն փաստը կը մնայ փաստ, որ անկումէ-անկում վազքը թափ առաւ ներկայ իշխանութեան օրով, անոր կամայ թէ ակամայ, գիտակից կամ անգիտակից ձախաւերութիւններուն պատճառով:
Եղածին ու չեղածին մասին ամէն օր հրապարակ կու գան նոր տուեալներ, կը բացուին անծանօթ մնացած ծալքեր, որոնք առաւելաբար կը փաստարկեն իշխանութեան ապիրկարութիւնը կամ այլոց կամակատարը ըլլալու վարքագիծը: Դէպքերու թաւալումը ունի այնպիսի ընթացք, որ իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր քայլափոխ՝ նոր լուսարձակ կը բերեն իշխանաւորներու անկարողութեան, տհասութեան վրայ, բաց աչքերով կը տեսնենք, որ մինչեւ իսկ այն բացատրութիւնները, թէ սա կամ նա քայլը կ՛առնեն հայրենիքին ու ժողովուրդին օգտակար ըլլալու դիտաւորութեամբ՝ սնանկութիւն կը մատնեն եւ հակառակին փաստերու թղթածրարը կը ստուարացնեն: Եւ այդ ձախաւերութեանց կոյտին դիմաց, հազիւ թէ նշմարելի կամ նկատառելի կ՛ըլլան դրական որոշ քայլեր, որոնք այլապէս կը մնան անվաղորդայն:
Մեր այս սիւնակին նպատակը չէ դարձեալ խօսիլ այն իրադարձութիւններուն եւ հանգրուաններուն մասին, որոնք մեզ ազգովին հասցուցին այս վիճակին: Կը բաւականանանք պարզապէս արձանագրելով, որ (իբրեւ թէ) բարի նպատկներով «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» սարքող խմբակը, հազար ու մէկ լաւ խոստումներով երկրին ղեկը ստանձնողները ո՛չ միայն չիրականացուցին իրենց խոստումները, այլ ըրին ճիշդ հակառակը: Արցախի հարցը լուծման տանելու փոխարէն, Արցախը (գոնէ մեծ մասը) լուծարքի ենթարկեցին, իսկ մնացեալ փոքր տարածքին վերեւ կախուած «Դամոկլեան սուր»ը կը շարունակէ ճօճիլ ամէն օր, զայն առկախ պահող չուանը ամէն օր թիրախ կ՛ըլլայ ազերիական արձակազինութեան: Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի տարածքները, նաեւ Տաւուշն ու Արարատի կարգ մը շրջանները ինկած են «արցախանալու» վտանգին տակ: Այս բոլորին ի տես, երկրի պաշտպանողական կարողականութիւնը վերականգնելու գործնական քայլերը կ՛ուշանա՛ն ու կ՛ուշանան, հոն ալ տհասութեան, անկարողութեան եւ ապիկարութեան խոստովանանքներ կ՛ըլլան իշխանաւորներուն կողմէ (զէնք չենք կրնար ապահովել): Սահմանագիծը չունի պաշտպանական այն վիճակը, որ բաւարարէր նուազագոյն չափանիշները:
Արտաքին յարաբերութիւնները կալուածը եւս կը մատնէ ձախաւերութիւն ու ընդհանրապէս սա կամ նա «բարեկամին» կամայականութեան նուագին հետ պարելու վիճակ (օր մը ասոր հետ, օր մը դիմացինին հետ «վարպետութեամբ»): Նոր դաշնակիցներու երազկոտ որոնումը եւ երեւակայական գիւտերը կը զարգանան բնական դաշնակիցներ կորսնցնելու կամ զանոնք հեռու մղելու ընթացքով: Ամէնէն զարմանալին այն է, որ իշխանաւորներու բանբերները (մամուլ թէ համակիր դէմքեր) այս բոլորը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ արի վարմունք, իսկ (օրինակի համար) Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական (Սաֆարովի ոճիրին ծանօթ պատճառներով) խզուած յարաբերութիւններ վերականգնելու քայլը՝ իբրեւ վարպետի գործ:
Անդին, տնտեսութիւնն ու ընկերային վիճակը կ՛ապրին իրե՛նց նորանոր անկումները, իշխանութեան՝ «տնտեսական աննախադէպ շարժում ունինք» հաւաստիքներն ու բերուած փաստերը չեն համոզեր զանգուածը, որ դարձած է ապրուստի սղութեան օր ըստ օրէ ահագնացող ճնշումին խաղալիքը (սղաճ, երկրագործութեան նահանջ եւ մասամբ նորին), աղքատներու թիւը ոստումներ կ՛արձանագրէ:
Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ որեւէ երկրի մէջ, դրական թէ բացասական զարգացումներու առաջին եւ բանալի պատասխանատուն իշխանութիւնն է: Եթէ 3-4 տարի առաջ, այսինքն՝ յեղափոխութեան յաջորդ փուլին, կարելի էր որոշ գրաւ դնել եւ հաւատք ընծայել այն հաւաստիքներուն, որ բոլոր դժուարութիւնները նախկին իշխանութիւններու անբարեխիղճ վարմունքին հետեւանքն են, այսօր արդէն յստակ է, որ (առանց նախկինները բոլորովին անպարտ տեսնելու) այդ վերագրումներուն մեծ մասը սնանկ էր, «զռոյական կէտէ պիտի սկսիմ» յոխորտանքը զերռոյացուցած է շատ բան, կը սպառնայ զեռոյացնել հայրենիքը, որովհետեւ Երեւանի խաղաղասիրութեան բարբաջանքներուն դիմաց, Պաքու բանիւ եւ գործքով կը պատրաստուի քալել դէպի Սիւնիք (Զանգեզուրի միջանց), Արարատեան դաշտ (Ջերմուկի բարձուքներէն), Սեւան ու Երեւան (Տաւուշի «կղզեակներու» վերատիրացման եւ Տիգրանաշէնը խլելու ճամբաներով):
ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Ներկայ ժամանակաշրջանը հարուստ է նաեւ շրջանային եւ միջազգային բացասական զարգացումներով, զորս կարելի չէ անտեսել՝ երբ կը քննարկենք մեր հայրենիքին վիճակը, անոր հասնող պատուհասները:
Մեր հարաւի դրացին, իրողական բնական մէկ դաշնակիցը, դարձեալ կը գտնուի բարձրացող ճնշումներու տակ: Կորիզային ուժանիւթի անոր ծրագիրներէն մինչեւ կիներու գլխաշորերու հարցը (զարմանալի է, որ Արեւմուտքը ինչո՞ւ նման հարցերով չի հրահրեր նոյնպիսի կիրարկումներ ունեցող Թուրքիոյ կամ Ծոցի արաբական երկիրներուն նկատմամբ: Ըսել չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը իրաւունք ունի միջամտելու երկրի մը աւանդութիւններու կալուածին մէջ), անոր հակառակորդներուն ձեռքին դարձած են ճնշումի լծակներ. կը հրահրուին ներքին խլրտումներ, որոնց ջաղացքներուն ջուր կը հասցնեն Ուաշինկթընէն մինչեւ եւրոպական համայնք, Թուրքիա (Ատրպէյճան «պոչիկով» հանդերձ), Իսրայէլ (ուր Նեթանիահու վերադաձած է իշխանութեան): Հայաստանը ջուր հասցնողներու սայլին լծելու փորձերը կը վերանորոգուին, իսկ Երեւանէն կ՛արձակուին «բառեխառն» նշաններ: Անդին՝ ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան, ի սկզբանէ Արցախի հարցին գլխաւոր միջնորդներէն մէկ, մխրճուած է Ուքրանիոյ ճախճախուտին մէջ: Բացայայտ է, որ Արեւմուտքը կ՛աշխատի երկու թռչուն մէկ քարով որսալ Կովկասի մէջ. մէկ կողմէ՝ նահանջի մատնել Իրանը, միւս կողմէ՝ վերջ դնել ռուսական ազդեցութեան, եւ ահա, Հայաստանը ընտրուած է իբրեւ գործիք, վերածուած է ֆութպոլի գնդակի, որ կորսնցուցած է խօսք ունենալու կամ սեփական ճակատագիրին մէջ բան մը ընելու կարողութիւնը (Ալիեւ որոշած է Հայաստանի գլխուն վրայէն բանակցիլ Ռուսիոյ հետ, օգտուելով Երեւանի վարիչներուն ծանօթ վարքագիծէն, թէեւ երբեմն մերոնց աչքին ափ մը փոշի նետելով): Իրողապէս ստեղծուած է կացութիւն մը, որ որոշ գիծերու մէջ կը յիշեցնէ Թուրքիոյ դէմ ցարական Ռուսիոյ ծաւալումի փորձերու եւ, Արեւմուտքի միջամտութեամբ, ետդարձ ընելու փուլերը, երբ Հայաստան կը դառնար կռուախնձոր, եւ յառաջխաղացքներուն եւ նահանջներուն կը կապուէին անոր յոյսերն ու յուսախաբութիւնները: Եւ ահա, այս կացութեան մէջ, Երեւանի իշխանութիւնները կը վարեն «մէկ մեխին, մէկ սալին» զարնելու քաղաքականութիւն, «օր մը հետդ, օր մը դէմդ»ի տրամաբանութիւնը հոս ալ կը դառնայ ակներեւ: Դառն իրականութիւն է, որ Հայաստան դարձեալ դէմ-դիմաց է դարաւոր թշնամիի հետ, ինչպէս որ էր շուրջ դար մը առաջ, Ա. Աշխարհամարտին ու յաջորդած՝ «Լենինն ու Ալին»ի սիրաբանութեան օրերուն…
Ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, թէ բոլոր մեծ ու նուազ մեծ ուժերը քայլեր կ՛առնեն – կամ չեն առներ – իրենց շահերուն համաձայն: Հայաստան կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր շահերուն դիտարկման կողմնացոյցը, չի տեսներ, որ նախկին (որոշ չափով) հաւասարակշռեալ ուղեգիծին խախտումը բարիք չի խոստանար Հայաստանին (եւ թող չմտածուի, որ ներկայ պայմաններուն մէջ հաւասարակշռութիւն պահելը կարելի չէ), որովհետեւ վերջապէս, դէպի արեւմտեան նժար թեքում՝ կը նշանակէ գործնապէս դուռը լայն բանալ… Թուրքիոյ (եւ Ատրպէյճանի) առջեւ, որուն գոյութեան իմաստներէն մէկն ալ Հայաստանի վերջնական ջնջումն է քարտէսէն (երբ կը խօսինք կարելիութիւններու մասին, պէտք չէ մտահան ընել, որ իրենց ամէնէն սուր մրցակցութեան ու հակամարտութեան այս փուլին իսկ, աշխարհի ախոյեանները որոշ դաշտերու մէջ կը պահպանեն գործակցական գիծեր, որոնք տեսնելն ու անոնցմէ օգուտ քաղելը կը կարօտի քաղաքական հասունութեան, եւ ո՛չ թէ հասնողին «այո» ըսելու «իմաստութեան»):
ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏԻ
«ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ»Ը
Պատերազմի նախընթաց փուլին, բայց մասնաւորապէս անկէ ետք, իշխանութեան ձախաւեր ընթացքը քանի մը աստիճան աւելի բարձրացուց ընդդիմադիրներուն ընդվզումը, առիթ տուաւ հայրենիքի փրկութեան ձգտող մէկէ աւելի ալիքներու:
Հոս ալ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուեցան բազում ելեւէջներ, որոնք մի՛շտ ալ բախեցան իշխանաւորներուն ուժեղ հակադարձութեան: Կարեւոր հանգրուան էր Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւնը, երբ իշխանութիւնը վերահաստատեց իր իրողական մենատէրի դիրքը եւ այնուհետեւ, աւելի՛ յանդուգն եւ բացայայտ կերպով կը վազէ դէպի ցնորական խաղաղութիւն, «ինչ որ կ՛ուզեմ, այդպէս ալ կ՛ընեմ» տրամաբանութեամբ (նախապէս կ՛ըսէր, թէ առանց ժողովուրդին հետ բացայայտուելու, ո՛չ մէկ քայլ պիտի առնէ): Եզակի քայլ մը չմնաց 9 Նոյեմբերի գաղտագողի ստորագրուած համաձայնութիւնը, այլ ահա յայտնի եղաւ, որ վերջերս գաղտնի նոր համաձայնութիւն մը ստորագրուած է Ատրպէյճանի հետ, Արցախը վերջնականապէս Ատրպէյճանի խիղճին վստահելու նպատակով: Նման պաշտօնական թուղթեր չեն կրնար լուսանցքայնացնել բանաւոր համաձայնութիւնները, որոնց թիւն ու տարողութիւնը կը մնան հանելուկ եւ մերթ ընդ մերթ նոր կատարուած իրողութիւններու դիմաց կը դնեն ժողովուրդին՝ թմբիրի մէջ մնալ ուխտած հատուածը: Իշխանաւորները կը հաւաստեն, որ Արցախէն ձեռք չեն լուացած վերջնականապէս, սակայն երբ «Արցախի Հանրապետութիւն», «կարգավիճակի յստակացման պահանջ» եւ նման եզրեր դուրս ինկած են բանակցութեանց բառարաններէն, երեւանցի ջոջե՛րն ալ, ամերիկացի եւ եւրոպացի բարեկամներու նման՝ կը խօսին Արցախի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներուն մասին, անդին՝ Ատրպէյճան կը խոստանայ «իր հպատակները» եղող արցախցիներուն հետ գործ տեսնել իր օրէնքներուն համաձայն, մարգարէական յատկութիւններով օժտուած պէտք չէ ըլլալ, թէ ի՛նչ «բարիքներ» կը խոստացուին արցախցիներուն: Շուրջ 70 տարի, իբրեւ «ինքնավար մարզ» գոյատեւած արցախցիները չեն կրնար մոռնալ, թէ Ատրպէյճան ինչպիսի՜ գուրգուրանք ցուցաբերած էր այս մարզին նկատմամբ, ինչպիսի՜ գուրգուրանքի հետեւանք էր Նախիջեւանի վերջնական հայաթափումը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան փոշիացումը: Կոյր եւ անմիտ պէտք է ըլլալ՝ հիւլէ մը հաւատք տածելու Ատրպէյճանի խոստումներուն նկատմամբ, երբ վերջին 2 տարիներուն, բաց աչքերով կը տեսնենք, թէ Արցախէն խլուած (նաեւ նուէր տրուած) տարածքներուն մէջ քանի՞ հայ եւ մշակութային քանի՞ կոթող կը վայելեն ազերիական երաշխիքները…:
Ընդդիմադիր ճակատը, որ կը հաշուէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական խմբաւորումներ, պայքարի ելած է այս ընթացքին դէմ, կրկնակի ու բազմակի պահանջներով հանդէս եկած է ազերիական սպառնալիքներուն հակադարձելու նախաձեռնութիւններով, երկիրը անկումէ դէպի վերականգնում տանելու կամքով: Նման փորձեր ալ իրենց դէմ գտած են իշխանաւորներուն բուռն հակազդեցութիւնը: «Ատրպէյճանը չնեղացնենք», «Պատերազմ հրահրելու քայլեր չառնենք» ու նման մանկական պատճառաբանութիւններ (կամ՝ ի սկզբանէ կամակատարութիւն ստանձնած ըլլալու վկայութիւններ) խափանած են բազում շարժումներ, որոնց շարքին՝ Ազգային ժողովին մէջ ազերիական թշնամանքին հակազդելու միտող բանաձեւեր: Եւ իրաւունք չունի՞ն բոլոր անոնք, որոնք իրարու կ՛արձագանգեն, նշելով, որ Ատրպէյճան Երեւանէն նման «գրգռիչ քայլերու» չի սպասեր, որպէսզի ամէն օր թշնամական արարքներու դիմէ, մանր պատերազմներ հրահրէ, նոր զոհեր խլէ, Լաչինի միջանցքը իրողական գերի դարձնէ իր քմայքներուն: Կոյր ու անբան պէտք է ըլլալ՝ «չկարդալու» համար Ատրպէյճանէն եկող նման պատգամներուն խորքային իմաստը: Իսկ ի՞նչ պէտք է կոչել այն իշխանաւոր(ներ)ը, որ մէկ կողմէ կ՛ընդունի, թէ Ատրպէյճան նոր ցեղասպանութեան կը պատրաստուի Արցախի մէջ, սակայն որոշ կրաւորականութեամբ կը դիտէ անոր ոտնձգութիւնները, պատճառաբանելով, որ Արցախի հարցերուն տնօրինումը վստահուած է Ռուսիոյ (կարծէք թէ Արցախը ըլլար Վլատիվոսթոքի կամ Նովոսիպիրիսքի մէկ շրջանը, որոնք բնականաբար կը գտնուին Ռուսիոյ պատասխանատուութեան ներքեւ…): Այս կացութեան մէջ, Արցախէն հնչող՝ «պիտի չնահանջենք»ները, «Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլանք» յայտարարութիւնները հազիւ թէ կը փարատեն մտավախութիւնները (անկախ անկէ, որ անհարկի եւ վտանգալի հակադրութիւն մը կը մատնեն Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ):
Ընդդիմադիր ճակատին հիմնական նպատակն է փոխել իշխանութիւնը եւ բանակցողը, որովհետեւ փաստուած է, որ անկէ ո՛չ խաղաղութիւն պիտի գայ, ո՛չ ալ դրական որեւէ բան: Աւելի քան երկու տարի շարունակ, ընդդիմադիրները ալիք առ ալիք բարձրացուցին իրենց բացատրութիւնները, սակայն իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ, ընդհակառակն, այդ ալիքներուն դիմաց, իշխանութիւնը իջեցուց ու իջեցուց նշաձողը: Մարդիկ օր-ցերեկով տեսան ու կը տեսնեն, որ Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ պատառ-պատառ կը կորսուի, նոր կորուստներ պիտի արձանագրուին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Դեկտեմբերի սեմին դարձեալ միացեալ զինավարժութիւններ ըրին, բացայայտելով, որ նման քայլեր ուղղուած են թէ՛ Հայաստանի (ինչպէս ըրած էին 44օրեայ պատերազմէն առաջ, երբ Ուքրանիոյ պատերազմը չկար տակաւին…) եւ թէ Իրանի դէմ, իսկ Երեւան ինքզինք պատանդ կը պահէ կրաւորական եւ երեւակայածին խաղաղասիրութեան:
Եւ յանկարծ, «Հայաստան» դաշինքէն որոշ թեւի մը հեռացումը ահագին աղմուկ կը բարձրացնէ, թէ՝ սա ընդդիմադիրներուն ձախողութեան ապացոյցն է: Նման աղմուկ բարձրացած էր նաեւ այն օրերուն, երբ հեռացումներ տեղի ունեցան «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն: Իշխանաւորները եւ համակիրները կը փորձեն շահող խաղաքարտեր փնտռել նման կացութիւններու մէջ, իրենց քարոզչութեամբ՝ զանգուածներուն ուշադրութիւնը դարձեալ կը շեղեն երկրին ողբերգական վիճակէն: Այս բոլորին մէջ, ճիշդը այն է, որ այո՛, ընդդիմադիրները ցարդ չեն յաջողած իրականացնել իրենց հիմնական նպատակը: Եթէ սա ձախողութիւն է, արդեօք մէկը պիտի բարձրաձայնէ՞, որ ընդդիմադիրներուն վերագրուած ձախողութիւնը՝ խորքին մէջ կորուստ է նոյնինքն ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար, որովհետեւ, կրկնելու գնով արձանագրենք, որ այս իշխանութեան գոյատեւումը միայն ու միայն նոր կորուստներու պիտի տանի երկիրն ու ազգը (եթէ անշուշտ հրաշք մը պատահի եւ իշխանաւորները փոխեն շոգեկառքին գահավէժ սլացքը), եթէ ստորագրուին սնամէջ եւ անվաղորդայն պայմանագրութիւններ, գաղտնի նոր պայմանագիրներ:
Անշուշտ երկար պատմութիւն մըն ալ կայ ընդդիմադիրներուն այսպէս որակուած՝ ձախողութեան մէջ: Այս ճակատը կրկին ու կրկին յայտարարեց, թէ ինք աթոռի չի ձգտիր, կոչ ուղղեց հանրութեան, որ միանայ հայրենիքը փրկելու ճիգերուն, իշխանափոխութիւնը կատարուի ժողովուրդի՛ն կամքին եւ քաղաքական իտէալներուն համաձայն, սակայն, հիմնականին մէջ՝ իշխանաւորներու «հիները պէտք չէ վերադառնան»ի քարոզչութիւնը բազմապատկեց կրաւորականութիւնը, ստեղծելով զանազան տեսութիւններ ու ակնկալիքներ, թէ՝ պէտք է յստակացուի դիմադրութեան առաջնորդ դէմքը, յայտարարուի յստակ ծրագիր: Մինչդեռ, պահանջուածը նոր կուռքի մը ստեղծումը չէր, այլ հաւաքական ղեկավարութիւն մը, որուն առաջնորդելիք նոր իշխանութեան ծրագիրը աւելի քան յստակ է, Փաշինեանի իշխանութեան աւարտը միայն մեկնակէտ մըն է, որմէ ետք, յաջորդելիք փուլին խորագիրը աթոռակռիւ չէ յամենայնդէպս, ո՛չ ալ անցեալ տասնամեակներու սխալներուն ու թերութիւններուն պատճէնումը:
ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻ ՊԱՀԱՆՋ
Տագնապալի, ողբերգական վիճակէն դուրս գալու համար, մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը պէտք ունին հիմնական վերափոխութեան, մինչեւ իսկ՝ հոգեփոխութեան, քաղաքական մտածելակերպի վերախմբագրման: Սա ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ վանել բոլոր այն թերի ու թիւր հասկացութիւններն ու տեսութիւնները, որոնք ներարկուած են մեզի՝ ներսէն ու դուրսէն: Այլ խօսքով, զուգահեռ պայքարի մատրահրաւէրին դիմաց ենք, պայքար՝ ընդդէմ ներքին խոտորեալ-խոտորողներուն եւ պայքար՝ արտաքին ալիքներուն: Գլխաւոր արտաքինը Թուրքիա-Ատրպէյճան զոյգն է, անկասկած, որուն հետ հաւասարումի նշանի մը դիմաց չէ ներքին կործանարարը:
Դաշտը ընդարձակ է, կալուածները՝ բազում: Թուումի կարգով արձանագրենք մէկ քանին.
ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ. Որեւէ երկրի լինելութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման համար, ազգային բանակը գլխաւոր դերակատար է: Պատերազմէն երկու տարի ետք, ո՛չ բանակը վերակազմուած է, ոչ ալ սահմանային դիրքերը պաշտպանուած են ըստ պահանջուածին: Ճիշդ է, որ բանակի ծառայութեան դրութիւնը բարեփոխելու համար, Դեկտեմբերի առաջին օրերուն որդեգրուեցաւ (սառնարանէն դուրս բերուած) ծրագիր մը, ճիշդ է որ կը խօսուի զէնքի նոր աղբիւրներ գտնելու մասին (Հնդկաստան, Իրան…), սակայն բանակին կռնակը շտկելը կը կարօտի արագ եւ գործնական քայլերու: Անդին, պէտք է հայո՛ւ աչքով դիտել Արցախի պաշտպանութեան հրամայականները, տեղի չտալ Ատրպէյճանի այն պահանջին, թէ Արցախը բանակի պէտք չունի: Խորքին մէջ, Հայաստանն ու ամբողջ հայութի՛ւնը Արցախի բանակ դարձած էին Արցախեան պայքարի առաջին փուլին, եւ ի վերջոյ յաղթանակով պսակեցին գերիվեր ուժերով Ատրպէյճանը (ճիշդ է, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնն ու ընդհանուր պատկերը խախտած են, սակայն գիտենք պատճառները եւ գլխաւոր պատասխանատուն): Ո՛չ մէկ պատճառ կայ մտածելու, որ նման սխրանք լոկ անցեալին կը պատկանի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ. Գաղտնիք չէ, որ այս իշխանութիւնն էր ժողովուրդը յաւելեալ պառակտումի, մինչեւ իսկ հակադրութիւնները խոր թշնամանքի տանողը (հիներ-նորեր, սեւեր-սպիտակներ, թալանչիներ-արդարութիւն բերողներ եւ այլն), այնքան մը, որ կողմերը մէկզմէկ կ՛ամբաստանեն իբրեւ թրքատիպ: Դէպի յառաջ շարժելու համար, պէտք է վերադառնալ այն ճշմարտութեան, թէ թուրք-ազերին է մեր գլխաւոր թշնամին, հայկական այս կամ այն կուսակցութիւն չի կրնար դասուիլ թուրք-ազերիի շարքին, անոր հետ պէտք է վարուիլ իբրեւ այդպիսին (պէտք է ձեւը գտնել՝ չէզոքացնելու թշնամիին հլու կամակատարներուն արկածախնդիր եւ նեղ-շահադիտական գործօնը): Ստեղծուած կացութեան մէջ, ո՞վ չի գիտեր, թէ ազգին ԲՈԼՈՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ի մի բերելն իսկ անբաւարար է արագ վերականգնումի հասնելու (պէտք է տեսնել եւ զգալ, թէ այս իշխանութիւնը ինչպիսի՜ անկումի հասցուցած է բոլորս, բաժանուածութեան մտրակահարումը կը շարունակէ):
ՄԵՐԺԵԼ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻՆԵՐԸ. Սկսելու համար՝ 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը, այժմու դրութեամբ սահմանազատումի ընտրանքն ու պարտադրուող խաղաղութեան համաձայնագիրը (եւայլն): Վերջին շրջանին, նմանապէս իշխանութեան յամառ ձախաւերութիւններուն հետեւանքով, հասած ենք տեղ մը, որ ամէն մարդ կը խօսի… 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը իրականացած տեսնելու մասին (գերիներու վերադարձ, Լաչինի միջանցք, ապաշրջափակում-առեւտուրի ճամբաներու բացում…): Կարծէք թէ մոռցուած է, որ այդ համաձայնագիրը մեծ ողբերգութիւն էր, հայութեան միայն նուազագոյն ակնկալիքները կը բաւարարէր (անշուշտ բախումներու դադրեցումը լաւ բան էր): Ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք չէ պատանդ մնալ այն ներարկեալ տեսութիւններուն, թէ կնքուած կամ կնքուելիք համաձայնութիւններ անդառնալի են, կարելի չէ պատռել: Մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի պատմութիւնը (նաեւ աշխարհի տարածքին) հարուստ է օրինակներով: Եթէ Ատրպէյճան կրնայ ստորագրած համաձայնութիւնը չիրականացնել եւ սակարկութեան խաղալիքի վերածել, կամ՝ (նոյ՛նինքն Հայաստանի վարչապետին բառերով) համաձայնութիւն մը ստորագրելէն օր մը ետք պատերազմ յայտարարել, ինչո՞ւ չմտածել, որ ինքնապաշտպանական կարողութիւններդ պէտք է այնքան մը բարելաւես, որ Ատրպէյճան չհամարձակի նման բան ընել, կամ ի հարկին ստանայ հակահարուած (սա երեւակայութիւն չէ, անցեալի մեր հակահարուածներու պատմութիւնն ալ հարուստ է): Աւելի՛ն (այս ալ չընկալել իբրեւ ցնորական երազ), պէտք է վերականգնել մեր պահանջատիրական ամբողջ թղթածրարը, վերջնագոյն կորուստներէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն եւ հայապատկան հողերու կորուստներ:
ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԻԿՆ Է. Արցախցիք շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն, երբ կը մերժեն Ատրպէյճանի կազմէն ներս որեւէ կարգավիճակի պարտադրանք: Նախորդ կէտին իբրեւ հետեւութիւն, պէտք չէ մոռնալ, որ հայութեան – եւ ո՛չ միայն արցախցիներուն – կը պատկանին այն հողերը, որոնք վերջին տասնամեակներուն խլուեցան հայութենէն: Խօսքը չի վերաբերիր միայն Շուշիի, Հադրութի, Քարվաճառի, Բերձորի եւ մնացեալ շրջաններուն, այլ նաեւ Գետաշէնին ու Շահումեանին, քիչ մըն ալ ետ երթալով՝ Նախիջեւանին ու այլ տարածքներու:
ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՇԱՀՈՒԱԾ ԽԱՂԱԹՈՒՂԹԵՐԸ. Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը, Արցախեան պայքարի փուլին թէ անցեալ տասնամեակներուն, ճակտի քրտինքով ձեռք բերած են միջազգային համաձայնագիրներ եւ բազում փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն ու կ՛ամրագրեն մեր արդար պահանջները, իրաւացիութիւնը: Խօսքի չի վերաբերիր լոկ Ցեղասպանութեան ճանաչման ալիքի տարածման, այլ նաեւ Արցախի իրաւունքներուն վերահաստատման: Անհրաժեշտ չենք նկատեր այստեղ ցանկագրել այդ բոլորը (մէկ քանին՝ մասնակի ու լիովին չգոհացնող), ո՛չ ալ երթալ մինչեւ Սեւրի դաշնագիր (ի դէպ, Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին դարձեալ նորաձեւութեան կարգին անցած է պարսաւել այդ դաշնագիրը եւ տարածել նոյնինքն թշնամիին այն տեսակէտը, թէ անիկա ցնորական է, անիրականանալի երազ եւ այլն), սակայն չենք կրնար բաւականանալ զարմանք արձանագրելով, որ յանկարծ, չես գիտեր ո՞ր դարակէն սեղան կը բերուի Ալմա Աթայի պայմանագրութիւն մը, որպէսզի անիկա հիմ ծառայէ Արցախի հարցի լուծման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» ընդունման: (Ի դէպ, Հայաստանի համար պէտք է յստակ ըլլայ, եւ բոլորին ալ պէտք է հասկցնել, որ Ատրպէյճանի հողերուն ամբողջականութիւնը երբեք ալ չի նշանակեր Արցախի եւ հայապատկան տարածքներու Ատրպէյճանին պատկանած ըլլալը ընդունիլը): Երբ ունինք հազար ու մէկ շահող քարտ, արդեօք տգիտութեան եւ Արցախէն ու հողերէ հրաժարելու ինչպիսի՜ «իմաստութիւն» կը ցոլացնէ Ալմա Աթային կառչելու (եւ խաղաղարար միջնորդ-դաշնակիցդ ալ անոր բերելու) խաղը, երբ բանիմաց եւ հմուտ մարդիկ միաձայն կ՛աղաղակեն, որ այդ պայմանագիրը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ հիմ ծառայել նշուած առաջադրանքներուն, որովհետեւ ի սկզբանէ անիկա սնանկ է այս կալուածին մէջ: (Արաբները առածի պէս խօսք մը ունին, որ կը թարգմանուի հետեւեալով. «Պտուղներէն ընտրեց սոխը»: Սոխը տեղ մը օգուտ ունի, Ալմա Աթան անտեղի վնաս մըն է միայն):
ԸՆՏՐԵԱԼ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ. Մեր ժողովուրդը պէտք ունի վերադառնալու իմաստութեան դաշտ եւ տեսնելու, որ այսօրուան՝ «ժողովուրդին մեծամասնութեան քուէով ընտրուած իշխանութիւնը» իրողապէս սնանկացած է, գոյութիւն ունի միայն միամիտ (չըսելու համար տկարամիտ) մարդոց մտապատկերին մէջ: Մոռնանք սուտերու մրցումը, մոռնանք այսօր ըսուածը վաղը ժխտելու կամ դրժելու ընթացքը, այլ տեսնենք մեծագոյն դրժումները (որոնց յաճախ կը տրուի դաւաճանութիւն որակումը): Ընտրողները պէտք է հարց տան իրենք իրենց, թէ արդեօք այս իշխանութեան «մանտաթ տուին», որպէսզի ան կրկին ու կրկին գաղտնի համաձայնագիրնե՞ր ստորագրէ, բաներ՝ որոնց մասին հայը կը լսէ Թուրքիայէն, Ռուսիայէն ու հազար մէկ այլ աղբիւրէ, մինչդեռ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալ յաւակնող իշխանաւորները խոստացած էին ժողովուրդէն գաղտնի որեւէ քայլ չառնել (մոռնանք նաեւ այն յոխորտանքը, ըստ որուն, սահմանի պաշտպանութեան համար այնպիսի միջոցառումներ որդեգրուած էին, որ ընդդիմադիրները չեն կրնար տեսնել, պէտք չունին գիտնալու, սակայն ազերի թշնամիին համար հոն գաղտնիք չկար եւ մարդիկը Հայաստանէն անարգել հողեր գրաւեցին ու հոն նստած կը մնան անխախտ, աչքերը ուղղած՝ նոր տարածքներու):
ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ. Ներքին ճակատի վրայ, ժողովուրդի հատուածներուն միջեւ կամուրջներու վերականգնումին զուգահեռ, կենսական նշանակութիւն ունի դաշնակիցներու հետ թուլացած կապերու վերականգնումը, առանց վնասելու այլ բարեկամներու հետ կապերու պահպանման: Հոս կայ կարեւոր կէտ մը. պէտք է, գոնէ մենք մեզի համար յստակացնենք, թէ ո՞ր բարեկամն ու ո՞ր դաշնակիցը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ կրնայ օգտակար ըլլալ մեր հարցերուն դրական դասաւորման: Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը մեզի ի նպաստ բանաձեւ որդեգրեց եւ տրամադիր է Ատրպէյճանի դէմ պատժական քայլեր առնելու, սակայն երբ գործադիրը յաջորդ օրն իսկ կը յայտարարէ հակառակը, երբ Եւրոպական Միութիւնը, փէշերը հաւաքած, խաղաղարար միջնորդի դեր կը խաղայ, իսկ յաջորդ օրը Ատրպէյճանը կ՛ընդունի իբրեւ տնտեսական գործակից եւ կը հասկցնէ, որ Հայաստանի սիրոյն տրամադիր չէ «աւրուելու» Ալիեւի հետ, իսկ ասդին, կան Ռուսիա եւ Իրան, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի պէս երկիրներ, որոնց շահերը գործնապէս աւելի՛ համապատասխան են Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն, առնուազն մանկամտութիւն է խաղալ վերջիններուն հակադրուելու լարերու վրայ, որքան ալ թափանցիկ թուին այդ լարերը:
Իսկ արդեօք որքա՞ն ցնորական է մտածել, որ այսօրուան խառն աշխարհակարգը, վաղ թէ ուշ, կրնայ դարձեալ փոփոխութիւններ կրել, այսօրուան անյոյսը վաղը կրնայ յուսատու դառնալ: Այլ խօսքով, եթէ մեր երկիրը պիտի մշակէ մօտակայ եւ հեռակայ մարտավարութիւն, իրաւունք չունի անտեսելու այն հաւանականութիւնները, թէ Արեւելքն ու Արեւմուտքը պիտի հասնին նոր հաւասարակշռութեան, թէ՝ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական՝ համաթուրանական յաւակնութիւնները, նմանապէս վաղ թէ ուշ, կրնան բախիլ մեծերուն արգելակումներուն: Ինչո՞ւ արհամարհել Թուրքիան զսպումի ենթարկելու, մինչեւ իսկ նոր տարանջատումի մը ենթարկելու հաւանականութիւնը (սուլթանական կայսրութիւնը անսասանելի կը թուէր, սակայն «օրերը բերին» որ անիկա տարանջատումի ենթարկուի աւելի քան 100 տարի առաջ): Այս հեռապատկերին դիմաց, Հայաստան չի կրնար սպասողական դիտող մը ըլլալ, մանաւանդ, որ պատմական կապեր ունի Ռուսիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, արաբական եւ արեւմտեան (եւ թրքական ախորժակներուն հակադրուող բազում) երկիրներու հետ: Եւ հոս է որ պէտք է բանի մեր հեռահաս դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական բազուկը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ. Ակնարկեցինք արդէն. երկիրը մատնուած է տնտեսական նոր անկումի: Ուքրանիոյ տագնապին հետեւանքով, որոշ նիւթականի դէպի Հայաստան հոսքը ստեղծած է խաբուսիկ շարժում մը, սակայն նաեւ պատճառ դարձած է սղաճի: Տնտեսութեան, երկրագործութեան եւ յարակից կալուածներու մասնագէտներ ահազանգ կը հնչեցնեն, այնպէս՝ ինչպէս կ՛ահազանգէին թրքական նորանոր թշնամանքներու հաւանականութեամբ մտահոգները: Համաճարակին եւ նման առարկայական, կամքէ անկախ պատճառներով պատահած անկումները կը կարօտին իսկական, գործնական վերականգնումի, ուրեմն, պէտք չէ տարուիլ «տնտեսական շարժում կայ»ի հաւաստիքներով եւ տեսնել քիչ մը աւելի հեռուն: Վերականգնումի, սրբագրումի կարօտող կալուածներ են ազգային հաստատութեանց, սեփական մշակոյթի եւ աւանդութեանց հակադրուելու ընթացքները, որոնք խորացան վերջին տարիներուն եւ իբրեւ յաւելուած գումարուեցան աղանդաւորական եւ լեզուամշակութային այլ ախտերու վրայ:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՐՏՔԸ. Մասնաւորաբար ընդդիմադիր ճակատէն՝ ընդհանրապէս խուսափում կայ ժողովուրդին դերակատարութիւնը լիովին գնահատելու եւ ի հարկին քննադատութիւններ հնչեցնելու իմաստով: Իշխանաւորներ չեն վարանիր ժողովուրդին անբանութիւնը կամ խելքի պակասը մատի փաթթոցի վերածելու՝ երբ կը խօսին տնտեսական-ընկերային անբարեյոյս վիճակին պատճառներուն մասին, կը յոխորտան, թէ աշխատողներ պէտք է վերաորակաւորուին, ծուլութիւնը պէտք է փարատի (սկզբունքին՝ ոչ ոք դէմ է): Իսկ ընդդիմադիրները բռնած են այլ երգի մը թելը, թէ՝ իշխանափոխութեան իրենց ճիգերուն անյաջողութեան մէջ, ժողովուրդը յանցանք չունի, կը դիմեն ինքնախարազանումի, թէ՝ «չենք կրցած լաւապէս լուսաբանել զանգուածները»: Ասոր մէջ եթէ ճշմարտութեան բաժին կայ, կայ նաեւ միւս երեսը: Ժողովուրդը, գոնէ անոր մէկ ստուար մասը բոլորովին անպարտ եւ անմեղ չէ (այս տողերը կ՛աձարանգենք ցաւով): Ժողովուրդէն՝ յանցաւոր են անոնք, որոնք այս կամ այն պատրուակով (նաեւ իշխանութեան կողմէ իրենց ուղեղներուն ներարկուած պատճառներով) հեռու կը մնան երկրի փրկութեան ընդհանուր շարժումէն, տեսնելով հանդերձ, թէ երկիրը հողային, տնտեսական, մշակուաթային եւ այլ կալուածներու մէջ անդառնալի կորուստներու կ՛երթայ: Պէտք է որոշ մարդիկ իրենք զիրենք յանցաւոր զգա՛ն, որովհետեւ վերընտրեցին այս խմբակը, տեսնելէ ետք Արցախի եւ բազմահազար երիտասարդներու կորուստը, նոյնինքն Հայաստանէն հողերու խլումը, հայկական շրջաններու եւ քաղաքներու թրքական անուններով կոչումը (շարքը երկար է): Պէտք է ժողովուրդին ականջներուն դիմաց հնչեցնել, թէ ինքն ալ պատասխանատուութեան բաժին ունի այս վիճակին շարունակման մէջ, այլապէս, ընդդիմադիրները մեղադրելէ աւելի դիւրին բան չկայ (հարցը հոն հասած է, որ իշխանութեան փոխարէն՝ ընդդիմադիր ճակատին անյաջողութիւնը պատասխանատու կը սեպուի անկումին շարունակման):
Աւելի հասկնալի կ՛ըլլա՞նք, եթէ խօսինք այլոց օրինակներով: Ա. Ցեղասպանութեան օրերուն, անշուշտ եղան թուրքեր, որոնք չմիացան ջարդարարներուն, պահապան եղան հայերու, հիմա ալ կան թուրքեր, որոնք կ՛ընդունին Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը, մինչեւ իսկ ամչկոտ ակնարկութիւններ կ՛ընեն արդար հատուցման մասին. սակայն թուրք ժողովուրդին մեծ մասը, թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր, յանցակից է իր կառավարութեան, որ իրականացուց Ցեղասպանութիւնը, բռնագրաւեց մեր պատմական հողերը՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան: Բ. Իսրայէլի իշխանութիւնները 1948էն ի վեր բազմահանգրուան ջարդեր գործադրած են պաղեստինցիներուն դէմ, մինչեւ այսօր ալ կը սպաննեն անզէն ցուցարարներ. կան իսրայէլացիներ, որոնք համակրանքով կը նային պաղեստինցիներուն ու անոնց իրաւունքներուն, ցաւակից են անոնց, կը խօսին արդար լուծումի մը ընտրանքին մասին, սակայն մնացեալը յանցակից է իշխանաւորներու ոճիրներուն, անկախ՝ թէ իշխանաւորը ո՞ր կուսակցութենէն է: Գ. Արդեօք ազերիներու մէջ ալ կարելի՞ է գտնել իրենց իշխանութիւններէն դժգոհ մարդիկ, որոնք Արցախի հարցը կը դիտեն Ալիեւէն տարբեր աչքով: Հաւանաբար այո, սակայն զանգուածը յանցաւոր-յանցակից է, որովհետեւ Սաֆարովներու հերոսացումը կը դիմաւորէ ծափերով, պատրաստ է նոր Սումկայիթներ սարքելու, 44օրեայ պատերազմէն ետք ուրախ-ուրախ այցելեց Ալիեւի սարքած ցուցահանդէսին վայրը եւ ամբողջ սրտով կը հետեւի իշխանութիւններուն հայատեաց քարոզչութեան: Այս օրինակները չենք արձանագրեր՝ հայ զանգուածին մտանանշուած հատուածը թուրքին կամ իսրայէլացիին հաւասարեցնելու դիտաւորութեամբ, այլ նշելու, որ սնանկ ընթացքին համակիր մնալն ալ յանցակցութիւն կը ստեղծէ տեղ մը:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան կը գտնուի ահաւոր անկումի մէջ, ենթակայ կը մնայ տեսանելի եւ քողարկեալ վտանգներու (կրկնենք. Հայաստան հասկացութեան մէջ բնականաբար կ՛իյնայ Արցախն ու շատ աւելին): Եթէ կարճատես ենք, պիտի ընդունինք, որ հասած ենք անելի, մատնուած ենք անելանելի փակուղիի, պիտի տարուինք իշխանաւորներու պաշտպանութիւնը յանձն առածներու այն չքմեղանքով, թէ «աշխարհի եւ շրջանի վիճակը այս է, մենք ի՞նչ կրնանք ընել»:
Նման վիճակէ դուրս գալը, սակայն, անկարելի չէ, կը մնայ, որ ունենանք քաղաքական կամքը եւ վերականգնելու հաւատքը, որովհետեւ մեր պատմութիւնն իսկ վկայութիւններու շարք մըն է, թէ ամէնէն ծանր ու գահավէժ անկումներէ ետք, կրցած ենք «խելք ու ճար» ընել, «խենթերն են գտնում հնար»ներու օրինակով: Նման խենթերու, սրբազա՛ն խենթերու կը կարօտինք նաեւ այսօր:
Հայաստանի մէջ, մեր հայրենիքին անմիջակայն շրջակայքին թէ աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր ափերուն, բազմաթիւ «շան գլուխներ» թաղուած են, այնքան մը, որ կարծէք թէ աշխարհը վերածուած է… շան գլուխներու գերեզմանատան մը:
Հայաստանի մէջ, նաեւ՝ Սփիւռքի, կան քաղաքականութենէ, ազգամիջեան յարաբերութիւններէ, մեր կնքած օգտակար պայմանագիրներէն եւ իրաւունքներուն հետապնդման ճիշդ միջոցներէն հասկցող բազմաթիւ բանիմաց մարդիկ՝ պատմագէտներ, քաղաքական գիտութեանց գլխագիր ուսանողներ, արխիւագէտներ, մշակոյթի գործիչներ եւ երկրի տարբեր կալուածները վերականգնելու ատակ մասնագէտներ, որոնք կա՛մ հեռու պահուած են այս իշխանութիւններուն «բանգիտութեան» պատճառով, կամ մատնուած են ինքնամեկուսացումի:
Ահաւասիկ այդ բոլոր գիտակներուն մէկտեղումն է որ ազնիւ հրամայականին դիմաց կը դնէ մասնաւորաբար Երեւանի իշխանութեան ընդդիմադիր ճակատը, որովհետեւ այս իշխանութիւնը փաստերու ամբողջ շարան մը ցուցադրած է, թէ «այս գործին մարդը» չէ ինք:
Ժողովուրդը, բանիմաց ու արթնամիտ ժողովուրդն է որ պիտի վճռէ հայրենիքին ու ազգին ապագան, ազնիւ խենթութեամբ մը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի՛ ապագայ մը ունինք, ո՛չ այն ապագան՝ որուն մասին խոստումներ տուաւ իշխանութիւնը եւ ամէն օր կը դրժէ զայն:
Ժողովուրդն է որ բազուկներու միացումով պիտի բանայ հայրենիքին ու ազգին փրկութեան եւ վերականգնումի ուղին: