
Կարելի է հաստատել, թէ 2022ը առնուազն տագնապալի տարի մըն էր։ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շարունակուող սպառնալիքները մեր հայրենիքի գոյութիւնն իսկ հարցականի տակ դրին, իսկ տարին աւարտեցաւ Արցախի պաշարումով։
2022ին մեր համայնքը անգամ մը եւս փաստեց, թէ կարողութիւնը ունի դէմ դնելու հայութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն, զօրակցական ձեռք երկարելով եւ հասնելով իր քոյրերու եւ եղբայրներու կարիքներուն։
Համաճարակին մեղմացումէն ետք, մեր համայնքը յաւելեալ նուիրուածութեամբ նետուեցաւ մեր հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները ամրապնդելու աշխատանքին՝ օժանդակելով Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան։
Միասնական աշխատանքին ստեղծած այս ներուժին շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ համայնքը վերածել հայութեան իսկական սիւներուն, միաժամանակ դէմ դնելով նոր դժուարութիւններու, որոնք վստահաբար պիտի ծագին 2023ին։
2022ին, «Ասպարէզ»ը շարունակեց համայնքը իրազեկ պահելու եւ անոր ծառայելու իր առաքելութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել հայութեան բաղձանքները, հասնիլ առաւելագոյն թիւով ընթերցողներու եւ բեմ հանդիսանալ յաւելեալ աշխատակիցներու։
Մեր Նոր Տարուան այս բացառիկը վկայութիւնն է թերթը ընթերցողներուն եւ համայնքին ցուցաբերած վստահութեան, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ մեր պատմութեան ամէնէն ծաւալուն թիւերէն մէկը՝ իր հինգ բաժիններով եւ 172 էջերով։
«Ասպարէզ»ի վարչութիւնը, խմբագրական կազմը եւ անձնակազմը շնորհակալութիւն կը յայտնեն իւրաքանչիւր ընթերցողի, ծանուցողի, համակիրի, ընկերային ցանցերու մեր հետեւորդներուն եւ առատաձեռն նուիրատուներուն, որոնց ներդրումին շնորհիւ կը շարունակենք բարգաւաճիլ եւ կը ճգնինք հասնելու աւելի լաւին եւ ընդարձակելու մեր լրատուութիւնը։
2023ը անկիւնադարձային տարի մըն է «Ասպարէզ»ի համար, որ պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 115րդ տարեդարձը: Յարգուած այս հաստատութիւնը առաւել քան դարէ մը ի վեր կը վկայագրէ համայնքին եւ հայութեան իրագործումները եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, որ ամրագրուած է թերթին առաջին թիւին (Օգոստոս 14, 1908) խմբագրականին մէջ՝ իրազեկ պահել համայնքը, հանդիսանալ կամուրջ մը համայնքը հայրենիքին միացնող եւ հանդիսանալ ազատ արտայայտութեան եւ քննարկումի «բաց ասպարէզ» մը։
Մեր այս առաքելութեան նկատմամբ ձեր ցուցաբերած հաւատքը մեծապէս քաջալերող է մեզի համար եւ անհամբեր կը սպասենք, որ մեր պատմութեան այս անկիւնադարձային նոր էջը միասնաբար նշենք, ձեր շարունակուող նեցուկին միջոցաւ։