«Ապրիլ» գրատունը եւ The Poetic Research Bureau-ն պիտի ներկայացնեն երկու նոր գիրքեր՝ Հրայր Վարազի «#ճիվճիվ #դwիթըռփօըմ» եւ Կարէն Ղարսլեանի՝ «Լեզուի Ծայրին», ձեռնարկի մը ընթացքին, որուն խորագիրն է՝ «Առաջարկ՝ Լեզու(ի) ու Ճիվճիվներու»։ Գրքերը պիտի քննարկեն եւ ներկայացնեն դոկտ. Շուշան Կարապետեան եւ դոկտ. Թամար Մ. Պոյաճեան, Կիրակի, 22 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, 220 Arts + Archives-ին մէջ (2220 Beverly Blvd., Los Angeles, CA)։ Մուտքը ազատ է: Ներկաները պիտի հիւրասիրուին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւն կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։
Այս երկլեզու ձեռնարկը զրոյցներու միջոցով պիտի ներկայացնէ երկու ժամանակակից հայ հեղինակներու նոր հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերը։ Թէեւ հեղինակները տարբեր ծագում եւ ոճ ունին՝ երկուքը հայ լեզուն կը գործածեն նոր ու իւրայատուկ կերպերով։ Երկու գործերը պիտի ներկայացուին անջատաբար՝ իբրեւ լեզուի դերի վերաիմաստաւորման երկխօսութեան մաս:
«#ճիվճիվ»ը կարճ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մըն է, իսկ անոր հեղինակն է հայ քերթող եւ լեզուաբան Հրայր Վարազ. կողքի ձեւաւորումը եւ գծագրութիւնները Էյմի Գազանճեանի գործերն են։ Հատորը բաղկացած է 29ը կտորներէ, որոնց նիւթերն են՝ հայ լեզու, ճաշ, տօն, անձ եւ այլն։ Իւրաքանչիւրը գրուած է արեւմտահայերէնով եւ անգլերէնով, իր հնչիւններով եւ ուղղագրական ազատութիւններով։
«Լեզուի Ծայրին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն յղացական, արդի եւ աւանդական բանաստեղծութեան խառնուրդ է, որուն մէջ մէկտեղուած են 2007-2022ին գրուած գործեր: Հոս լեզուն, անվերջանալի պատերազմներու բովին մէջ (ռազմական, թէ առօրեայ-կենցաղային) պայթելով՝ կը փորձէ իր իսկ բեկորներէն արտապատկերման նոր նշանային հետքեր ուրուագծել, անուանում տալ իրականութեան եւ գոյին ու կեանքի անհեթեթին մերուելու ուղիներ փնտռել:
(Թղթակցութիւնը՝ «Ապրիլ» Գրատունէն)