Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Եաէլ Պրաուն Փիւէ Հայաստանի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանին վերաբերող հարցեր, նաեւ այն բոլոր հարցերը, որոնք յառաջացան Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով:
Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փիւէ հաստատեց, որ, հակառակ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումներուն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է եւ հակամարտութեան կարգաւորումով զբաղող միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափի` Մինսքի խումբի համանախագահութեան կարիքը չկայ, անհրաժեշտ է վերադառնալ Մինսքի խումբի ծիրին մէջ երկխօսութեան: Ան աւելցուց, որ Մինսքի խումբը գոյութիւն ունեցող երկխօսութեան հարթակներէն մէկն է, ուր պէտք է վերադառնալ եւ երկխօսութիւնը շարունակել՝ դիտել տալով, որ ֆրանսացի խորհրդարանականները այդ առումով կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն։
Փիւէ ընդգծեց նաեւ, որ ասոր զուգահեռ պէտք է բոլոր միջոցները փորձուին, որ իրավիճակի լարումը դադրի:
Ան յայտնեց, որ Ֆրանսա շատ անհանգիստ է Արցախի կացութեամբ, որովհետեւ շրջափակումը կը ստեղծէ մարդասիրական այնպիսի իրավիճակ մը, որ հետզհետէ կը վատթարանայ։
Փիւէի ղեկավարած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի հանդիպի ոչ-կառավարական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնք կ՛աշխատին շրջափակման պատճառով տուժած մարդոց հետ: Ան կարեւոր նկատեց ճամբու բացումը, ելեկտրականութեան եւ համացանցի վերականգնումը։ «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ խուսափինք մարդասիրական աղէտէ: Կ՛ուզեմ նաեւ մեր մտահոգութիւնը յայտնել պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան առումով, որ այսօր վտանգուած է եւ կրնայ ոչնչացուիլ: Շաւրջ 1500 հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նմուշներ պէտք է անպայման պահպանուին: Ֆրանսա ԵՈՒՆԵՍՔՕին հետ ջանքեր պիտի գործադրէ այդ ուղղութեամբ: Ժառանգութիւնը մեր պատմութիւնն է: Մենք համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է վերականգնել բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, որպէսզի հասնինք խաղաղ եւ կայուն լուծման», ըսաւ Փիւէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Ֆրանսա յայտարարութիւններուն զուգահեռ պատժամիջոցներ չի կիրարկեր յարձակող նկատուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նկատմամբ, որուն գործողութիւններուն պատճառով կը զոհուին խաղաղ բնակիչներ, կը բռնագրաւուին Հայաստանի տարածքները եւ փակուած է Արցախի ուղին:
«Այսօր մեզի համար կարեւորը խաղաղ կարգաւորումն է եւ երկխօսութեան վերականգնումը. մեր բոլոր ջանքերը անոնց կը վերաբերին: Այսօր, կը կարծեմ, որ այլ ուղիներ կիրարկելը տեղին չէ, որովհետեւ տակաւին հնարաւոր խաղաղութեան ու երկխօսութեան ճամբան սպառած չէ, որովհետեւ տակաւին ամէն ինչ չենք փորձած այս առումով: Մեր ներուժը 100 տոկոսով դէպի այդ կարգաւորման ուղղուած ըլլայ», յայտնեց ան։
Փիւէ վստահեցուց, որ Ֆրանսա միշտ եղած է Հայաստանի կողքին` ամրապնդելու երկրի ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը. Ֆրանսա կանգնած է կողքին եղբայրական երկիրներու, որոնց տարածքային ամբողջականութիւնը կ՛ենթարկուի սպառնալիքներու։ Ան յիշեցուց, որ Սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի սադրանքները աղմուկ բարձրացուցին Ֆրանսայի մէջ, եւ խորհրդարանը արձագանգեց անոնց, ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակումը դադրեցնել եւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել:
Իր այցելութեան ծիրին մէջ, Փիւէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: