Եւրոպական խորհրդարանի 18 Յունուարի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառուած է հրատապ բանավէճ-քննարկում «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները» վերնագիրով (Humanitarian consequences of the blockade in Nagorno-Karabakh): Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Եւրոպական խորհրդարանի կայքէն
Եւրոպական միութեան գործադիր մարմիններուն հետ նախատեսուող բանավէճին ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի անդամները հանդէս պիտի գան ելոյթներով եւ պիտի քուէարկեն նոյն նիւթով մինչ այդ մշակուելիք հրատապ բանաձեւի ընդունման հարցը: