Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ` քննարկելով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Ըստ Հայաստանի նախագահին աշխատակազմին` Վահագն Խաչատուրեան ներկայացուց իրավիճակը Լաչինի միջանցքին, որուն փակման պատճառով արդէն առաւել քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակման մէջ յայտնուած է Արցախը:
Ալիեւ, իր կարգին, գերմանացի պաշտօնակիցին հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Պաքուի պաշտօնական դիրքորոշման` հերքելով ճամբու շրջափակման մասին Հայաստանի պնդումները: Ան ընդգծեց, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն կ՛ապահովէ մարդասիրական բեռներու ազատ տեղաշարժը ճամբու երկայնքով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ալիեւի աշխատակազմը:
Շթայնմայըր իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեց նաեւ տարածաշրջանի ընդհանուր իրավիճակը: Ամբողջական աջակցութիւն յայտնելով խաղաղ գործընթացին` ան դիտել տուաւ, որ Գերմանիա պատրաստ է առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:
Վահագն Խաչատուրեան իր կարգին վերահաստատեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման միտուած Հայաստանի քայլերը, հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը` կատարելու եռակողմ յայտարարութիւններէն բխող բոլոր պարտաւորութիւնները` նոյնը ակնկալելով Ատրպէյճանի կողմէ: