ԾՈՎԻՆԱՐ Ղ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Արեւմտեան թեմի 50ամեակին նուիրուած Ազգային առաջնորդարանի տօնական օփերա-կալան նուաճեց հանդիսատեսին սիրտը եւ «Մենք երկինքը ապրեցանք երկրի վրայ», հաստատեց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, «Այսօր ոգեղէն արժէքները երկինքէն երկիր հոսեցան», «Հրաշք էր թէ՞ իրականութիւն», հիացական արտայայտութիւններով գնահատելով համերգի բոլոր մեներգիչներն ու երաժիշտները՝ մաղթելով, որ Քրիստոս թագաւորէ մեր կեանքի բոլոր օրերուն եւ ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը մշտական ներկայութիւն ըլլան թեմի անդաստանէն ներս:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022ի երեկոյեան, համերգի աւարտին, սրբազան հօր հիասքանչ երախտիքի խօսքերը «Անլռելի Զանգակատան» նման հնչեցին ներկաներէն շատերուն ականջներուն, որոնք բացառիկ տպաւորութիւններով առլցուն, անկրկնելի պահեր ապրեցան, գինովնալով այն վայելքի յաճախանքէն, որ միայն արուեստի ըմբոշխնումով կը սողոսկի էութենէդ ներս:
Խոստովանիմ, որ վերջին երկու տարիներուն խուսափած էի նման խճողուած վայրերէն, ու կը թուի, թէ համբերութիւն ալ չունէի երկար ատեն աթոռին գամուած մնալու, սակայն այդ օր, անասելի կարօտով մը փութացած էի եկեղեցի, գալիք տօնական օրերու նախատօնակ ձեռնարկը վայելելու:
Հնչած էր մեկնարկը, զանգակներու ղօղանջանման մեղեդիներով ազդանշանը տրուած էր համերգին: Անկէ ետք վերացում էր: Կարծէք կլանուեցայ երկինքէն՝ ապաստանելով հոն, ուր միայն երկնային հրեշտակներու բնավայրն է, ուր անոնց թովիչ ձայները կը հնչեն երազային ու հաւատքի ճենճերող հուրով:
Եթէ արուեստը միջոց է հոգիներ ազնուացնելու, ապա անիկա նաեւ եօթներորդ երկինք հասնելու այն եթերային ներշնչարանն է, ուր երաժշտութեան մոգական ուժով կարելի է թեւածել դասական երաժշտութեան հայրենիքը համարուող միջազգային ոստաններ… ու մանաւա՛նդ ըմբոշխնել հայրենի անցեալէն բխած շարականներու եւ ազգային երաժշտական ակունքներէն քաղուած կատարումներու զգլխանքով գլուխ-գործոցներ:
Ու այսպէս, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերը դղրդացին շնորհիւ օփերա-կալա համերգին, որ արգասիքն էր հռչակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեանի ջանքերուն, որուն գլխաւորութեամբ ի մի եկած էին սոփրանոներ Նաթալի Պիիւքեանս եւ Արմինէ Վարդանեան, երեքն ալ Հայաստանի երաժշտական կաճառներու վաստակաւոր արուեստագէտներ, մինչ հայկական տուտուկի ներկայութիւնն ու «զանգակներ»ը երանական հնչեղութիւն տուին համերգին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին տօնական զգեստ հագած էր այդ օր, աւելի քան 1000 հանդիսատեսներ կ՛ըմբոշխնէին համերգը, մինչ երաժշտութիւնը քարացուցած էր բոլորը: Յանկարծ կը նկատեմ, որ իմ շարքիս նստած մանկատի աղջնակ մը կը փորձէ մատներու ճկուն շարժուձեւերով հետեւիլ երաժշտութեան: Ան հագած էր պալէի գեղեցիկ հագուստ, մազերը կոկիկ սանրած՝ դէպի վեր: Իր մանրիկ հնչիւններով, մէջընդմէջ նաեւ կը ձայնակցէր դասին մէջ երգողներուն: Հիացումով հետեւեցայ հոգեթով շարժուձեւերուն՝ մտքիս մէջ քանդակելով անոր երաժշտական զգայարանքներուն ներդաշնակ արտայայտութիւնները եւ ի սրտէ փայլուն ապագայ մաղթեցի փոքրիկ հայուհիին: Քիչ անց յայտնաբերեցի, որ ան դստրիկն էր համերգի գեղարուեստական ղեկավար եւ մենակատար Պերճ Քիրազեանի: «Առհաւական ժառանգութիւնը սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի», խորհեցայ ես ինծի, մտաբերելով իմ ծննդավայր Հալէպի մեր տաներէց՝ քահանայ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ նոյնինքն մեր սիրելի երգիչին լուսահոգի մեծ հայրը՝ Գարեգին Ա. քհնյ. Քիրազեանը, որ իր հմայիչ ձայնով կը մեկնաբանէր Ս. պատարագի շարականներն ու աղօթքները անցեալ դարու վերջին տասնամեակներուն: Երկնատուր տաղանդը ժառանգած էր որդին՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը, որմէ՝ Պերճը, իսկ հիմա, աչքիս առջեւ՝ ահա՛ եւ վերջինիս անուշիկ աղջնակը:
Պահ մը կը խորհէի, որ ես այնտեղ չեմ: Բարձր կատարողութեամբ արուեստին մատուցումը մեր ոտքերը կտրած էր գետնէն, տեղի ու ժամանակի զգացողութենէն անդին, մեր հոգիները երաժշտութեամբ արբշիռ, մինչ Ս. Ծննդեան աւետումի երգեր խունկի ու կնդրուկի նման կ՛օծէին մեր ներաշխարհները, հո՛ն էր պահը: Այն ակնթարթը, երբ անջատուած ես ու երգերը կը պատարագեն հոգիիդ ու սրտիդ մէջ, իբր յաւիտենական շարականուած աղօթք ու կ՛օծուիս անոնց ներշնչանքով:
Համերգին տպաւորութիւնը մէջս կը կը յամենայ տակաւին. փառք կու տամ ամենակալին, որ տակաւին կը գտնուին այնպիսի առաջնորդ սրբազաններ, որոնք յանդգնութիւնն ունին նման քայլեր առնելու: Կը մտաբերեմ այն միսթիք մատենագիրները, որոնք աստուածային ներշնչանքով արարած են Աստուծոյ հետ մէկ ըլլալու հոգիի ու մտքի զօրութիւն պարգեւող աղօթքներ, փրկարար ու սփոփիչ խօսքերով օծուն, որպէս Աստուծոյ հետ առնչուելու միջոց ու կենսատու աղբիւր:
Մենակատարներու ձայնային բարձրաթռիչ ելեւէջները նոր բարձունքներու հասցուցին արդէն իսկ օփերա-կալայի մթնոլորտը: Արուեստի բարձր մակարդակի այս ներկայացումը մտայղացումն էր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, վստահելով Պերճին նման «Գոհար»ի մը մասնագիտական կարողութեան: Սրբազան հայրը իր գնահատանքի խօսքին մէջ, այնքան հատու ու կենսախինդ ոճով վեր առաւ իւրաքանչիւր արուեստագէտի ներդրումն ու բացառիկ կատարումը առանձնայատուկ կերպով գնահատելով նաեւ երաժշտական գործիքներով մասնակից արուեստագէտները, յիշատակելով անուններն ու վեր առնելով անոնց բացառիկ որակային ներդրումը:
Երգացանկի այլազանութիւնը մեծ վայելք պատճառեց ունկնդիրին, բազմազանութեան մէջ պահուած էր սակայն օրուան խորհուրդը՝ Ս. Ծննդեան նախատօնակն ու թեմի ինքնահաստատման 50ամեայ յոբելեանը:
«Ժողովուրդը երգով կը կապուի իր արմատներուն հետ, իր ոգիին հետ» հաստատած է հայրենի երգի վերծանման ու եկեղեցական երաժշտութեան արարման ռահվիրայ Կոմիտաս, որ մեզի պարգեւեց Ս. պատարագի երաժշտութիւնը, մեզ վերադարձուց մեր ակունքներուն, փոխանցելով հայ երաժշտութեան հազարամեայ խազագրութեան հիմքն ու ճաշակը: Այս պարագային, իր իսկ ստեղծագործած «Զանճառելի Լուսոյ Մայրը», «Ով Զարմանալի»ն, «Այսօր Ձայնն Հայրական»ը, Մովսէս Խորենացիի «Խորհուրդ Մեծը» եւ հայ երաժշտութեան գոհարներէն ընտրանի մը, տօնական զգլխիչ մթնոլորտ ստեղծեցին, դիւթական աշխարհ մը՝ վեր սաւառնող հոգիներուն հետ, երբ միտքը, սիրտն ու հոգին կը թեւածեն երգարուեստի աշխարհին մէջ, գոհունակութեան եւ երջանկութեան ոլորապտոյտներուն մէջ գերելով ներկաները:
Համերգը կը շարունակուէր նոյն բարձրակէտի վրայ, երբ, յանկարծ, մօտս նստած կողակիցս ինձմէ խնդրեց գրիչ մը, որպէսզի թուղթին յանձնէ իր ներշնչանքն ու ապրումները: Գրիչ չունէի, դիմեց բջջային հեռաձայնին, ուր ան բացաւ էջ մը եւ գրեց քանի մը տող, ապա յղեց բարեմակուհիի մը. ղրկուածը այս էր.
«Մի՛ զարհուրիք որդիքս Արարիչն եմ ես,
Գուցէ հալածեմ կամ գուցէ դատեմ,
Բայց չսարսափիք, ձեր փրկիչն եմ ես:
Ձեզի լոյս բերող ու ձեր խաւարի հալածիչն եմ ես:
Ձեզ մոլորած չեմ թողուր,
Ձեր քայլերը ես կ՛ուղղեմ,
Մութ օրերն պայծառացնող ու
Ձեր խաւարի հալածիչն եմ ես»:
Այս երկու քառեակները ստացող մեր բարեկամուհին՝ քանի մը օր ետք, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ բեմադրուելիք «Առիւծ Արքան» մանկապատանեկան երաժշտախառն թատրոնի ներկայացման նախօրեակին, իր ստացածին արձագանգեց՝ այսպէս.
«Սիրելի՛ս, շատ լաւ արեցիր էդ տողերը ինձ ուղարկելով: Ես, կէս գիշերն անց՝ երկար փորձերից յետոյ տուն եկայ թատրոնի յաջողութեամբ ահռելի մտահոգ ու ուժասպառ: Ուզեցի նայել թէ ո՛վ էր ինձ պատգամ ուղարկել, եւ կարդացի տողերը: Մի վայրկեանում յոգնածութիւնս անցաւ եւ ձախողութեան վախերս փարատուեցին: Ինչ լա՜ւ արեցիր որ ուղարկեցիր այդ քառեակը»:
– Ուրեմն Աստուծոյ միջամտութիւնը կար այնտեղ,- ըսինք:
– Անկասկած: Աստուած կարգադրեց, որ ես ստանամ եւ հանգստանամ, որ իմանամ թէ նա իմ կողքին է լինելու:
– Երեւի պատահականութեան արդիւնք էր,- բան մը ըսելու համար աւելցուցինք:
– Ո՛չ, դա պատահականութեան արդիւնք չէր: Ես դրա կարիքն ունէի: Աստուած ուզեց, որ բոլորից առաջ ես ստանամ այդ քառեակը, կարդամ ու հանգստանամ,- եզրափակեց՝ հայ տաղանդաւոր երեխաներ բեմ հանող մշակոյթի կամաւոր նուիրեալ Սիրվարդ Քաւուքջեան:
Տարօրինակ, բայց իրաւ: Նախախնամութիւնը միջամտած էր, նոյնիսկ համերգին ներկայ չեղող, բայց բարեգործ ու անձնուէր մշակոյթի ծառային. հապա մե՞նք՝ ներկաներս, որքա՜ն ներուժով ջերմացած պիտի մեկնէինք աւարտին, տակաւին վերապրելով այն երգարուեստի բացարձակ ու գերազանց կատարումները, երգերու ճաշակն ու ընտրանին, զուգակցուած հակիրճ ներկայացումով ու բացատրութեամբ:
Այս բոլորին յաջողութեան մէջ իրենց առիւծի բաժնի ներդրումը ունեցած էին Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանն ու զաւակները՝ Արին ու Սարօն, իրենց ընտանիքներով, որոնք այս համերգը կը հովանաւորէին իրենց սիրելի կնոջ եւ մօր՝ վաղամեռիկ Սաթիկի յիշատակին:
Սաթիկի հոգին անպայմանօրէն կը խայտա՜յ երկինքին մէջ: