
ՀՐԱՆԴ-ԻՇԽԱՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
(1925-2023)
Հանգուցեալ Հրանդ Սիմոնեան՝ ընտանիքի հայր, գաղութիս առաջնորդներէն եւ մեծ հայրենասէր Հայը, իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2023ին, Լոս Անճելըսի մէջ: Ան իննսունեօթը տարեկան էր:
Հրանդ Սիմոնեան ծնած էր 15 Նոյեմբեր 1925ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Մայրը՝ Եսթեր, 29 տարեկան էր, երբ Հրանդը ծնաւ:
Եսթեր վեց ամսու մանուկ էր, երբ իր ծնողները Օսմանեան կայսրութեան եաթաղանին զոհ գացին: Երբ Հրանդը չափահաս դարձաւ իր մայրը այս սարսափելի իրողութիւնը պատմեց անոր: Հետագային, ամբողջ իր կեանքին ընթացքին, այս ահռելի դէպքը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Հրանդի բոլոր որոշումներուն վրայ:
Հրանդը նաեւ ունէր իրմէ մեծ երկու քոյրեր՝ Մարին եւ Վերժինը, եղբայր մը՝ Հայկազը։ Հրանդի համար իր Վերժին քոյրը իր լաւագոյն ընկերն էր:
1937ին, Սիմոնեան ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ, Լիբանան: Այդ օրերուն, 12 տարեկան Հրանդը երդում կու տայ ամբողջ իր ուժով պայքարելու, մինչեւ որ իր հայրենիքը՝ Հայաստանը, ազատ եւ անկախ դառնայ: Ուխտ մը, որ իրականացաւ 1991ին:
Իր ընտանիքին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար, Հրանդը՝ տակաւին պատանի իր հասակին, ուսումը կիսատ ձգելով՝ դպրոցէն կը հեռանայ եւ ինքզինք կը նետէ գործի ասպարէզին մէջ: Յաջորդող 14 տարիներուն, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի մէջ, աշխատասէր Հրանդը ինքզինք կը նետէ զանազան արհեստներու մէջ: Այսպէս, ապրուստ ապահովելու համար կը զբաղի փոքր առուծախով, կազմարարութեամբ, դերձակութեամբ, ելեկտրական աշխատանքներով ու ինքնաշարժներու նորոգութիւններ կատարելով:
Ամմանի մէջ (Յորդանան), հանդիպելով օր. Մանուշակ Քարկոտորեանին՝ ան կը սիրահարի, ապա 1950ին, կ՛ամուսնանայ անոր հետ: Իրենց սիրոյն վրայ հիմնուած այս ամուսնութիւնը կը տեւէ 63տարիներ:
1952ին, պատահական հանդիպում մը հիմնովին կը փոխէ Հրանդի կեանքին ընթացքը:
Այսպէս, այդ օրերուն, Ամմանի մէջ կը բացուէր Ամերիկեան դեսպանատունը, որուն
պաշտօնեաներէն մէկը օր մը իր ինքնաշարժին նորոգութեան համար կու գայ Հրանդի գործատեղին: Հրանդը շուտով կը նորոգէ անոր ինքնաշարժը: Պաշտօնեան կ՛ուզէ աշխատանքը նիւթապէս վարձատրել, բայց Հրանդը, ըստ իր բարի սովորութեան, կը մերժէ: Ամերիկացի պաշտօնեան զարմացած՝ կ՛ըսէ «Ամերիկայի մէջ քեզի նման լաւ մարդոց կարիքը ունինք, կ՛ուզե՞ս Ամերիկա փոխադրուիլ. դեսպանատուն հանդիպի՛ր»:
9 Յուլիս 1952ին Հրանդը եւ Մանուշը կը հասնին Նիւ Եորք: Հրանդ իր գրպանին մէջ ունէր միայն 82 ամերիկեան տոլար:
Այստեղ ալ Հրանդը ինքնաշարժ նորոգելու գործատեղի մը բանալով՝ մեծ հռչակ կ՚ունենայ: Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, նահանգին մէջ GULF OIL ընկերութեան ամէնէն մեծ կազի կայարանը կ՛ունենայ։
Նոյն ատեն այր եւ կին՝ Սիմոնեան Հրանդ եւ Մանուշ, բազմաթիւ հայ ընտանիքներու երաշխաւորներ դառնալով՝ անոնց Ամերիկա գաղթելը կ՛ապահովեն:
1959ին, Հրանդը իր ընտանիքով Նիւ Եորքէն կը փոխադրուի Լոս Անճելըս՝ լողաւազաններու եւ շարժապատկերի աստղերու աշխարհը: Սիմոնեան ամոլը կը բախտաւորուի երեք մանչ զաւակներով՝ Ռաֆֆի, Արմէն եւ Վիգէն:
Պէտք է շեշտենք, որ շնորհիւ իր պարկեշտութեան եւ աշխատասիրութեան՝ հանգուցեալ Հրանդի նիւթականը կը բազմապատկուի: Ան շրջանին մէջ կը ճանչցուի իբրեւ «ուղղամիտ» մարդ եւ պարկեշտ ինքնաշարժ նորոգող անհատ: Նկարգիր մը, որուն շնորհիւ կը դառնայ հռչակաւոր: Այդ օրերուն, իր յաճախորդներէն էին նշանաւոր աստղեր՝ Sonny-ն, Cher-ը, եւ Peggy Lee-ն:
1959ին Լոս Անճելըսը ունէր փոքր թիւով հայ գաղութ մը: Կար միայն մէկ եկեղեցի:
Հայկական խանութներ, վաճառատուներ եւ ճաշարաններ չկային: Իսկ Հերի Հատիտեան շաբաթը մէկ ժամ ձայնասփիւռի հայկական ծրագիր մը կը սփռէր:
Հրանդը իր ընտանիքով, հարազատներով եւ գործընկերներով սկսաւ կազմակերպել հայկական այս գաղութը:
2013ին, մօտաւորապէս 238 հազար էր Լոս Անճելըսի հայութեան թիւը. երբ Western Ave.-ի եւ Hollywood Blvd.-ի խաչմերուկէն անցնէիր՝ ցուցատախատկին վրայ գրուած կրնայիր կարդալ Little Armenia: Անկասկած կրնաք վստահ ըլլալ, որ հանգուցեալ Հրանդ Սիմոնեան իր մեծ դերը ունեցած էր այս պատմական անուանակոչութեան համար:
Իր կեանքի ընթացքին, ան անդամակցած էր բազմաթիւ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ու բոլորին ալ բերած էր իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:
Այսպէս, ան մաս կազմած էր ՀՄԸՄին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Կրթական հիմնարկութեան, USC-ի «Հայ Երաժշտութեան Բարեկամ» կազմակերպութեան, UCLA-ի մարզական բաժինին, Հայ եկեղեցիներուն, Նիւ Եորքի Հայ Գրական միութեան, Լոս Անճելըսի Հայ Գրողներու միութեան, Հայաստանի Հայ Գրողների միութեան եւ բազմաթիւ այլ հայկական միութիւններու:
Ան մեծ փափաք ունէր իր անհատնում կարողութիւնը նուիրելու իր ազգին:
Հրանդը նաեւ մեծ գրող էր՝ յայտնի լրագրող եւ բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ: Հեղինակած էր հատոր մը «Հայ Դատի Զինուորներ, Լաւ Մտիկ Ըրէ՛ք» խորագիրով:
Ան նաեւ հիմնած է թերթեր եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնած էր բազմաթիւ այլ պարբերաթերթերու, հայերէն հրատարակութիւններու եւ օրաթերթերու:
Հանգուեալ Հրանդը, դժբախտաբար, իր կողակիցը՝ Մանուշը կորսնցուցած էր 2013ին, իսկ իր զաւակը՝ Վիգէնը՝ 2014ին:
Հանգուեալը կը պաշտէր իր ընտանիքը: Իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր, որպէսզի իր զաւակները բարձր ուսում ստանային:
Այսօր, իր մահը կը սգան.
Զաւակները՝ Արմէնը եւ Ռաֆֆին,
Հարսը՝ Ճիլ Սիմոնեան (Collins)
Թոռները՝ Նիքըլըս, Ալեքս եւ Գաթի
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին 25 Յունուար 2023ին կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Կրթական հիմնարկութեան։