Քանի մը շաբաթ առաջ, հիւանդանոցային խնամքէ տուն վերադարձած բարեկամի մը ապաքինում մաղթելու համար, երեկոյ մը այցելութեան գացինք իրեն։ Մեր մաղթանքներուն կարօտ չէր այլեւս, բարեբախտաբար։ Հետեւաբար, չուզեցինք երկար ծանրանալ առողջական հարցերուն վրայ ու մեր զրոյցը բնական ընթացքով պտոյտի ելաւ նիւթէ նիւթ։ Երբ հասանք երգի-երաժշտութեան կայարանը, հիւրընկալ բարեկամս, յանկարծ բան մը մտաբերելով՝ «Տե՛ս, նոր Սի.Տի. մը առի, մտիկ ըրէ…» ըսաւ, առանց վրդովմունքը ծածկելու։
Երբ զբաղած էր սկաւառակը մեքենային մէջ զետեղելու գործողութեամբ, աչք մը նետեցի սկաւառակի պահպանակին վրայ. հայրենի հռչակաւոր երգիչի մը անունը տարածուած էր պահպանակի ճակատին. ծանօթ էի անոր գեղեցիկ ձայնին, իւրայատուկ երգերուն, ու նո՛յնքան գեղեցիկ մեկնաբանութեան, որուն մեծ նպաստ կը բերէր ընկերացող գործիքներու բծախնդիր ընտրութիւնը։ Այս բոլորը գիտնալով, տարօրինակ գտայ բարեկամիս ցուցաբերած վրդովմունքը։
Քանի մը ակնթարթ ետք, հանելուկը լուծուեցաւ, երբ բարձրախօսէն տարածուեցան նոր ձայնապնակին երգերը. հասկցայ, թէ ֆիզիքապէս ապաքինած բարեկամիս հոգին ինչո՛ւ անհանգիստ էր։ Բառերը հայերէն էին, ձայնը՝ նոյն գեղեցիկ ձայնը, սակայն երգելու ոճը մեծ վերիվայրում կրած էր, կոկորդային տարօրինակ թրթռացումներ եւ որոշ խազերու երկարաձգումներ՝ որոնք մեր ընթացիկ բառամթերքին մէջ ծանօթ են «թրքատիպ ոճ» կամ «ռապիզական» անունով։ Տասնամեակներ շարունակ հայ երգի ուղիղ մեկնաբանն ու տարածիչը երես դարձուցած էր իր երբեմնի առաքելութեան ու արժանիքներուն, բացայայտօրէն ինկած էր անմակարդակ երգի օտարահոտ մեկնաբանութեան մակարդակին (հաւանաբար «անմակարդակ» բառը աւելի լաւ կը բացատրէ եղածը)։
Պահ մը մեր զրոյցը առանցք ընտրեց այս այլափոխումը, առինք-տուինք մեր կեանքի ժամանակին ու մեզմէ ալ առաջ Հայ Երգին ապրած վերիվայրումներուն մասին, երանութեամբ յիշեցինք լաւը, դառնացանք՝ մտաբերելով ներկայի ու անցեալի վիժումները, անոնց պատճառները. յետոյ «ցատկեցինք» ուրիշ նիւթերու։
***
Քանի մը օր ետք, առիթ ստեղծուեցաւ այս երեւոյթին մասին զրուցելու յիշեալ երգիչին սերունդին պատկանող այլ անուանի երգիչի մը հետ, որ մինչեւ այսօր հաւատարիմ մնացած է ուշ 60ականներուն սկիզբ առած ժողովրդային մեր նոր երգերու ոգիին ու հայկական ոճին։ Դառնութիւն արտայայտող ժպիտով մը գլուխը տարուբերեց, ազնուօրէն բացասական արտայայտութիւն չունեցաւ իր արուեստակից ընկերոջ մասին, այլ չքմեղանքի ոճով մը ըսաւ հետեւեալը. «Գիտե՞ս. պէտք է հասկնանք Հայաստանի մէջ ապրող-գործող երգիչներուն վիճակը։ Յաճախ ստիպուած են ընթացք տալու ժողովուրդի պահանջին. ժողովուրդին մէջ շատեր կան, որ այդ տեսակ երգեր կը պահանջեն։ Եթէ երգիչը ընթացք չտայ, ապրուստի իր ճամբան կը նեղնայ։ Անցեալին արուեստագէտները որոշ յենարաններ ունէին, հիմա, մեծ մասամբ պէտք է իրենց սեփական միջոցներով գլուխ պահեն. ներկայի հոսանքը ասանկ բաներ կը պարտադրէ»։
Վստահ էի, որ համոզուած չէր ըսածին, սակայն ըստ բաւականին բացորոշ կերպով կը բացատրէր վիճակ մը, որ յայտապէս զինք ալ կը վրդովեցնէր։
«Բարեկամս, առարկեցի, անցեալին ալ նման ազդեցութիւններ կային հաւանաբար. սակայն Հայաստանէն եկող գրեթէ բոլոր երգերը որակ ունէին ու ճաշակ կը սորվեցնէին բոլորիս։ Ըստ էութեան, ոգիո՛վ, նաեւ ըստ բովանդակութեան հայկակա՛ն էին։ Սփիւռքի մէջ ալ նման մթնոլորտ կը տիրէր։ Ինչո՞ւ այդպէս էր. ի՞նչն է, որ կորսնցուցած ենք հիմա»։
Այս անգամ գոհունակութիւն բուրող ժպիտով մը բացատրեց. «Օ՜. այդ օրերուն տարբեր էր. երբ սթիւտիօ կը մտնէիր, արդէն երգելիքիդ իւրաքանչիւր անկիւնադարձին նրբութիւնը իւրացուցած պէտք է ըլլայիր։ Այդ նախնական աշխատանքին կը հսկէին երգի վարպետներ։ Երգի արձանագրութեան պահուն, նմանապէս մասնագէտ վարպետներ կը հսկէին աշխատանքին։ Մենք՝ երիտասարդ երգիչներս, տարօրինակ ահ մը կ՚ապրէինք անոնց հոգածու շուքին ու հեղինակութեան դիմաց։ Վա՛յ որ երգիչ մը շեղում արձանագրէր հայկականութենէ, կոկորդային անտեղի «շարժում» մը կամ անտեղի երկարաձգում մը կատարէր։ Կարմիր լոյսին հետ երգին ընդմիջման հրահանգ մը կը լսուէր ու արձանագրութիւնը կը վերսկսէր։ Որեւէ երգ դուրս չէր գար, եթէ բոլոր նախադրեալ պայմանները ամբողջացած չըլլային։ Հիմա, ազատութիւն եւ անձնական նախաձեռնութիւն անուան տակ, ամէն մարդ ուզածը կ՚ընէ. եթէ երգիչի կոչում կամ տաղանդ ալ չունիս, շուտով կը դառնաս ժողովրդային երգիչ, կը դառնաս երգի առեւտրական, մանաւանդ եթէ ապահովես որոշ… հովանաւորներ, որոնք երաժշտութենէ լուր անգամ չունին, սակայն ունին նիւթական միջոցներ ու շահարկելու ախորժակ. «ժողովուրդը այս կ՚ուզէ» ըսելով, երգի աղաւաղումը կը դառնայ սովորական, արժանիին տրուած քաջալերանքը կ՚ըլլայ հազուադէպ։ Մի մոռնար, որ որակաւորը միշտ ալ կայ, միշտ ալ նորեր կու գան ճիշդ ուղին վերանորոգելու, զարգացնելու եւ շարունակելու. երաժշտանոցներ եւ երաժշտութեան ուսումնարաններ լաւ գործ կ՚ընեն անկասկած, բայց միւս ալիքները դժբախտաբար բաւական ողողուն են վերջին տարիներուն»։
***
Բարեկամս վրդովմունքի մատնած յիշեալ սկաւառակն ու երգիչ բարեկամիս հետ քիչ մը պատահական հանդիպումը նորագոյն առիթներ եղան խորհրդածելու մեր մշակոյթի երգարուեստի կալուածին պարզած վիճակին մասին։ Զիս չարչրկեց «ժողովուրդը այսպէս կ՚ուզէ» արտայայտութիւնը։ Մտաբերեցի նաեւ հայ մօր մը հետեւեալ խօսքը. «Հիմա մեր պատանի ու երիտասարդ զաւակները խանդավառ ու նորութիւն բերող երգեր կը պահանջեն, մանաւանդ երբ խրախճանքի մէջ ենք. անցեալ տասնամեակներու մեր երգերը անոնց համար հնաբոյր են. old stuff կ՚ըսեն։ Այդպէս որ, այս նոր հոսանքը անխուսափելիօրէն կը պարտադրէ ինքզինք»։
Վստահ եմ, որ մեր մշակութային միութիւններու, հայկական արժէքներու պաշտպանութեան լծուած կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու մտահոգութեանց մէջ ալ նոյն պատճառներով վրդովմունք կայ։ Յաճախ այս երեւոյթը կը դիտենք որոշ անտարբերութեամբ, մտածելով, որ եթէ նորութիւնը արժէք է, ինքզինք կը պարտադրէ ու կը դառնայ մնայուն, իսկ եթէ անպէտ է, իբրեւ ալիք կու գայ-կ՚անցնի, քիչ մըն ալ հետք կը ձգէ, մինչեւ… նոր ալիքի մը ծնունդը, ծաւալումն ու մարումը։ Հետեւաբար, պէտք չունինք տագնապելու, մտահոգութեան մէջ անհարկի կերպով խորանալու։
Այս բոլորը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, մտահոգութիւնը կը մնայ մտահոգութիւն, որովհետեւ անմակարդակութեան իւրաքանչիւր ալիք անպայման որ հետք մը կը թողու մեր մշակութային կեանքին մէջ ու պատճառ կը դառնայ արժէքներու մաշումին, թողլքման, լուսանցքայնացման ու մինչեւ անգամ որոշ հարստութեանց կորուստին, մոռացութեան։
Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ անպայման. եթէ «ժողովուրդն ու երիտասարդը այս կ՚ուզէ» խօսքը ունի ճշմարտութեան երես մը, կայ նաեւ ուրիշ երես մը. ո՞ւր կը վերջանայ այս անճաշակ «նորարարութեան» տուրք տալու սահմանը. կամ, տակաւին, ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԻՆ, ՊԱՏԱՆԻԻՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՏՐՈՒԻ, Ի՞ՆՉ ԿՈՒ ՏԱ՛ՆՔ, որպէսզի ան գիտակ դառնայ թէ ի՛նչ պէտք է պահանջէ, ուզէ…։
***
Այս հարցումը մեկնակէտ ընտրելով, եկէք, պահ մը այցելենք անցեալի մէկ քանի հանգրուանները եւ փորձենք աչքի առջեւ բերել այս կալուածին մէջ վերիվայրումներ, բարեշրջումի տանող շարժումներ ու գործօններ։
Թող մեր այցելութիւնը սկսի Կոմիտաս Վարդապետի օրերէն ու անոր առաքելութենէն, որ իբրեւ յենարան ու ներշնչման աղբիւր ունէր զինք կանխող Հայ Երգի երախտաւորներուն գործը, սկսելով Կարա Մուրզայէն ու այլ տիտաններէ։
Մանրավէպը ծանօթ է. Էջմիածին ոտք կոխած օրը, Կուտինայէն եկած տասնամեայ Սողոմոնը՝ ապագայ Կոմիտասը թրքերէն երգած է…։ Քանի մը տարի ետք, ան ոչ միայն Հայ Երգի վարպետ էր, այլ նաեւ մեր ժողովրդային երգերը հաւաքագրող, մաքրազտող ու հսկայական ժառանգութիւն մը փրկելով՝ յետնորդներուս փոխանցող։ Այս տիտանին աշխատանքին հիմնական տարրերէն մէկն ալ՝ հայերէն երգը շրջակայ ժողովուրդներու երգերուն ազդեցութիւններէն ձերբազատելն ու հայկական ակունքներուն վերահաստատումը, այդ ակունքներուն հոսանքին վերաշխուժացումն էր։
Կոմիտասի հարազատ ժառանգորդներուն վաստակը կը կայանայ այս գիծին զարգացման մէջ. այլ խօսքով, մինչեւ այսօր ալ եթէ պիտի խօսինք հայկական երաժշտական ստեղծագործութեան մասին, անկարելի է մտահան ընել Կոմիտասով ամրագրուած գիծը եւ անոր ճշդած օրինաչափութիւնները։ Ասիկա չի նշանակեր, որ որեւէ հայ երգահան կամ երաժիշտ պէտք է ստեղծագործէ այնպէս՝ ինչպէս կ՚ընէր Կոմիտաս, այլ կենսական է իբրեւ մեկնակէտ ու անսահմանափակ մթնոլորտ նկատի ունենալ հայկական երգարուեստի այդ ոգի՛ն, նպաստել անոր դէպի նո՛ր հորիզոններ տարածման։
Կոմիտասի յաջորդող տասնամեակներուն, հայ երգը ընդհանուր առմամբ մնաց այս մթնոլորտին մէջ, իր զարգացումը ապրեցաւ այս ուղեցոյցով։ Այս ճշմարտութիւնը ընդհանուր առմամբ ճիշդ է թէ՛ ժողովրդական-աշուղական կալուածին եւ թէ հայ դասականներուն պարագային։ (Բարեբախտաբար մեր մշակոյթի հրապարակը այսօր ալ զուրկ չէ նման երախտաւորներէ, տարբեր բնագաւառներու մէջ)։ Թող երաժշտութեան մասնագէտներ ըսեն մեզի, թէ Կոմիտաս ի՛նչ համեմատութեամբ ներկայ է Արամ Խաչատուրեանի մը յօրինումներուն մէջ, որովհետեւ Թաթուլ Ալթունեանի, զայն կանխող ու անոր գիծը շարունակող ժողովրդային երգի կալուածը այս իմաստով աւելի ծանօթ է ու մասնագիտական մօտեցումի չի կարօտիր։
Պէտք է ընդունիլ, որ թէ՛ Կոմիտասի օրերուն եւ թէ մինչեւ շուրջ 15-20 տարի առաջ, հայ երգի հարազատ ուղիին պահպանումը ունէր բնական երաշխաւորող մը. այդ օրերուն, արհեստագիտութիւնը այժմու զարգացումը չունէր. երգ-երաժշտութիւն արձանագրողը չունէր ձայնագրումի-սկաւառակներ պատրաստելու այն հնարաւորութիւնները, որոնք այսօր մատ-չելի են գրեթէ ոեւէ մէկուն։ Հետեւաբար, այս կալուածին մէջ սահմանափակում պարտադրող արհեստագիտական միջոցները առաւելաբար կը մնային մասնագէտներու հակակշիռին տակ, աւելի՛ դիւրին էր հսկողութիւն բանեցնել, որպէսզի անմակարդակն ու անարուեստը, հակա-արուեստը չսպրդէին ստացողին՝ ժողովուրդին ու պատանիին առօրեայէն ներս, չխեղաթիւրէին անոր ճաշակը։
***
Վերադառնալով աւելի մօտիկ անցեալի կարգ մը հանգրուաններուն, պահ մը դեգերինք 50ականներէն մինչեւ ուշ 80ական տարիները, արագ ակնարկ մը նետենք այդ ժամանակաշրջանի մեր ժողովրդական երգին կտրած ճամբաներուն վրայ, նոյնքան արագ գնահատում կատարելով արձանագրուած նուաճումներուն մասին։
Յիշեալ 35-40 տարիներուն, Հայաստանի մէջ ու անկէ Սփիւռք մատուցուող ժողովրդական երգերու շարքին «մատի վրայ կը հաշուըուին» այնպիսի երգեր, որոնք մերժելի կամ անհարազատ են։ Եթէ զանց ընենք ժամանակին պարտադրած շարք մը «քաղաքավարական երգեր» (խօսինք օրինակներով՝ «Եղբայրացան Հայաստան, Ատրպէյճան»ը, «Ինժիներ բալաս»ը եւայլն. չենք ուզեր յիշատակել Ստալինի նուիրուած երգերը), միւսներու պարագային, ըլլա՛յ ժողովրդային, ըլլա՛յ աշուղական-գուսանական երգերու հիմնական յատկանիշներն են բառ-երաժշտութիւն-գործիքաւորում երրորդութեան միջեւ ներդաշնակութիւնն ու բծախնդրութիւնը։ Ամէնէն պարզունակ՝ գեղջկականներէն մինչեւ աւելի բարդ դաշնաւորումի ենթարկուած երգերը այս ներդաշնակութեան ու անոր յարաճուն զարգացման շնորհիւ էր որ գտան ժողովրդային լայն ընդունելութիւն, դարձան ժողովուրդի առօրեային մէկ անբաժան մասնիկը եւ իրենց հետ երաժշտական զարգացումի առաջնորդեցին ամբողջ ժողովուրդը։ Այս ժամանակաշրջանին, նաեւ նախընթաց տասնամեակներուն, տաղանդաւոր ու ժողովրդական բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները շուտով համապատասխան որակով երգահաններ գտան իրենց կողքին, ու յաճախ ժողովուրդէն «փոխ առնուած» ապրումներ՝ արուեստով ժողովուրդին վերադառնալով, ակնթարթային արագութեամբ ընկալուեցան, սիրուեցան ու երգուեցան ժողովուրիդն կողմէ, այնքան մը, որ երգարաններու մէջ, կարգ մը բանաստեղծներու գործերուն հիմամբ ստեղծուած երգերու տակ, բանաստեղծին անուան փոխարէն դրուեցաւ «ժողովրդային երգ» արձանագրութիւնը…
Այդ տասնամեակներուն, բանաստեղծ-երգահան-դաշնաւորող-երգիչ դաշնադրութիւնը ամբողջական էր ու ընդհանրապէս անխոցելի, որովհետեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ ալ արուեստն էր տիրապետողը։ Եթէ բազմաթիւ երգեր, մանաւանդ յիշեալ ժամանակաշրջանի առաջին հատուածին, իբրեւ ընկերակից ունէին հայկական աւանդական գործիքները, աւելի ուշ, արեւմտեան ու արդիական գործիքներ, արհեստագիտութեան աջակցութիւնը, ճազային ոճ ու այլ տարրեր, վարպետ երգահաններու ու դաշնաւորողներու հոգածու միջամտութիւններով, նոր ոլորտներու հասցուցին հայկական ժողովրդային երգը, որ ստացաւ նաեւ օտարաբոյր՝ «էսթրատային երգ» անուանումը։
Հայ երգն ու երաժշտութիւնը նման զարգացում ապրեցան նաեւ Սփիւռքի մէջ, յաճախ հայրենի բանաստեղծներու, երգահաններու եւ երաշժտագէտներու հետ գործակցաբար։ Սփիւռքահայ երգիչներ, երգահաններ ու բանաստեղծներ համաչափ արժէքով երգ ստեղծեցին ու բաշխեցին մեր ժողովուրդին, որ իր կարգին զանոնք ներմուծեց իր առօրեային մէջ, անոնցմով բոլորեց իր ուրախ պահերն ու ընտանեկան առիթները։ Տուողը գիտէր, որ կու տար արժեքաւոր ու հաճելի երգ, ստացողն ալ գիտակից կը դառնար ստացածին արժէքին, բաւարարութիւն կը զգար այդ բոլորով։ Դպրոցներու մէջ ալ հինէն եկող՝ որակաւորը սորվեցնելու ընթացքը կը աշրունակուէր ու կը տարածուէր ընտանքիներու վրայ։ Ուրեմն, վերոյիշեալ Ի՞ՆՉ ԿՈՒ ՏԱՆՔ հարցումին պատասխանն ու անոր դրական արդիւնքը աւելի երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր։
***
Օր մըն ալ, «տեղ մը թելը փրթաւ». թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ ընդհանուր նահանջ մը սկսաւ արձանագրուիլ, մերթ այս կամ այն երգիչի երգելու անճոռնի ձեւին «ժողովրդականացումով», երբեմն ալ նորարարութեան սխալ ըմբռնողութեան տարածումով։ Այսպէս ընողներ յայտնապէս նաեւ նոր սերուդներու միտքերուն մէջ տեղաւորեցին այն անիմաստ մտածումը, թէ ինչ որ նախորդ տասնամեակներէն կու գայ՝ պէտք է նկատել հին՝ old stuff, յարիլ «նորարարին» ու անոր ծախածին (բառին շուկայիկ իմաստով)։ Մէկ խօսքով, ժողովուրդի զանգուածին (խրախճանական առիթներով) ու պատանի-երիտասարդին ՏՐՈՒԱԾը դարձաւ շուկայիկը, անմակարդակը, թրքաոճը, օտարաոճը եւ գումարը բոլոր այն տարրերուն, որոնց դէմ հայ երգարուեստի պաշտպանները պայքարած էին Կոմիտասէն առաջ ու անկէ ետք։ Հայաստանէն «արտածուող» երգը ենթարկուեցաւ խեղաթիւրման, այլանդակ օտարացումի, անարուեստ ազդեցութիւններու արտայայտութեան։ Սփիւռքի մէջ եւս նման նահանջ արձանագրուեցաւ տարբեր կալուածներու մէջ. մինչեւ անգամ ազգային-յեղափոխական երգերու պարտադրուեցան այս կամ այն երգիչին «սեփական ոճ»ը, «երգելու ձեւը»։ Հայ երգի զարգացման ու ժողովրդականացման գործին մէջ ռահվիրայի դերակատարութիւն ունեցող արուեստագէտներ անգամ սկսան քիչ-քիչ տուրք տալ «նորարարութեան» ալիքին ու ժողովուրդին մատուցել այն, ինչ որ պէտք չէր մատուցուեր, որովհետեւ կը մնանք հաւատացողը, թէ ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը միշտ ալ պատրաստ է յարելու գեղեցիկին, ազնիւին ու արուեստով պարուրուածին, եւ ո՛չ թէ իր կեանքը հեղեղող շուկայիկին ու անարուեստին, պայմանաւ որ անոր գործնապէս առիթը տրուի այդ երկուքը իրարմէ զանազանելու, դառնայ գիտակ այդպէս ընելու։
Թիւրիմացութիւններ կանխելու համար արձանագրենք, որ բնական կը գտնենք ոեւէ արուեստագէտ երգիչի կողմէ տուեալ երգի մը իւրայատուկ մեկնաբանութիւնը, ըլլա՛յ դասական, ըլլա՛յ ժողովրդային երգերու պարագային։ Հայրենի կամ սփիւռքահայ մէկէ աւելի երգիչներ իրե՛նց ոճով, այսինքն՝ մէկը միւսէն տարբեր երանգով երգած են ու կ՚երգեն նոյն երգը, սակայն կը ստացուի, կ՚ընկալուի նո՛յնքան համով, նո՛յնքան հայկականութեամբ, համաչափ հարազատութեամբ։ Խօսքը չի վերաբերիր երգը տարբեր ոճով երգելու ընտրանքին, այլ անոր ոգիին այլափոխման (պահ մը երեւակայենք, որ հայ երգիչ մը արաբական կամ յունական երգ մը երգէր հայկական երգի ոճով…):
Ի դէպ, այս ախտը, այսինքն՝ անարուեստ երգի հիւանդութիւնը միայն մեր երգի կալուածին «մենաշնորհը» չէ, այլ անկէ կը տառապին նաեւ ոչ-հայկական երգարուեստի կալուածները՝ արաբականը, ֆրանսականը, անգլիականն ու ամերիկեանը. pop երաժշտութեան ու hard rock-ի դարաշրջանէն ասդին ու մինչեւ rap կամ hip-hop անուններով ծանօթ ալիքներուն մէջ, յաճախ անարուեստ աղմուկն ու անճոռնի կրկներգները, յանկերգները աւելի՛ տիրապետող են, քան այս խորագիրներուն տակ ժողովրդային երգը դէպի նոր ոլորտներ առաջնորդող իսկական արուեստի արտայայտութիւնները։
Հաւանաբար նախընտրելի պիտի ըլլար վերոյիշեալ թռուցիկ ակնարկին ընկերացնել օրինակներ, խօսիլ բանաստեղծներու, երգիչներու, երգահաններու եւ դաշնաւորղներու անուններով, սակայն ատիկա առնուազն պիտի կրկնապատկէր այս գրութեան ծաւալը։ Կ՚ենթադրենք, որ մեր մատնանշումները, առանց անուններու յիշատակման ալ, ըստ բաւականին բացատրական են ու կը բացայայտեն մեր ակնարկութիւնները։
***
Որպէսզի չմնանք մտահոգութիւններ արտայայտողի ու ախտաճանաչումներ ցանկագրողի սահմաններուն մէջ, արձանագրենք նաեւ այս կացութեան դարմանումի միջոցներ, որոնք նմանապէս սպառիչ պիտի չըլլան, ոչ ալ զանոնք պէտք է նկատել անցեալին չըսուած-չմատնանշուած կէտեր. մենք կ՚ուզենք շեշտը դնել նաեւ առաջարկուածին ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ վրայ։
Կացութեան բարեշրջումին համար, դարձեալ արձանագրենք այն, որ պէտք է գնահատումը կատարել ՏՐՈՒԱԾին, իսկ տուողն ալ՝ երգիչ, երգահան թէ մատուցող, անդրադառնայ պատասխանատուութեան ի՛ր բաժինին։
ՏԱԼու արարքին բաժնեկից ենք բոլորս՝ ծնողներ, ուսուցիչներ, կրթական ու ազգային այլ հաստատութիւններ, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, իւրաքանչիւրը իր հասողութեան սահմանին մէջ։ Հայկականութիւնը շօշափելի բան չէ, ոչ ալ նիւթեղէն ապրանք, զոր կարելի ըլլար շուկայէն ունենալ ու բաշխել մեր նոր սերունդներուն։ Բոլորիս ծանօթ են կարգ մը միութիւններ ու անհատներ, որոնք կը գործեն իսկական որակին պեղման կամ որակաւոր նորին մատուցման նախանձախնդրութեամբ։ Անոնց նախաձեռնութիւնները անպայման որ ունին նիւթական բաժին. վստահ ենք, որ այս ընդարձակ դաշտին մէջ գործողներուն մեծամասնութեան դէպի որակ յարումը իր բարերար ներգործութիւնը պիտի ունենայ կացութեան բարեշրջման իմաստով։ Կենսական են մանաւանդ հայ ընտանիքին ու հայ դպրոցին դերերը, որոնք մէկզմէկ կը լրացնեն, փոխադարձաբար մէկը միւսին շարունակութիւնը, երկարաձգումն է։ Տան ու դպրոցին յարկերուն տակ փոխանցուածը բնականաբար իր տարածքը պիտի գտնէ ընկերական-խրախճանական միջավայրերուն մէջ, նպաստելով ընդհանուր «տրամաբանութեան» զարգացման, ակունքներու վերադարձին, այդ ակունքներէն բխող ԳԻՏԵԼԻՔԻՆ իւրացման, ուրեմն նաեւ՝ օտարոտիին մերժումին, լուսանցքայնացման։ (Դեռ չենք խօսիր երգի միջոցով հայերէնախօսութեան զարգացման մասին)։ Երբ մանուկն ու պատանին ի սկզբանէ կը դրուին գեղեցիկին ու որակաւորին մթնոլորտին մէջ, անոնց կ՚օգնենք համապատասխան ճաշակ զարգացնելու, անկարելի է, որ անոնք օր մը յարին ժխորայինին ու անարուեստին։
Այս բոլորը դիւրին չեն, սակայն դժուար ալ չեն, երբ մեր կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ կը գոյանայ ներդաշնակութիւն, համաչափ նախանձախնդրութիւն ու բուրգին գագաթին վրայ զիրար ողջունելու կամք։