
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանության նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ 19 Յունուարին բռնկած հրդեհին պատճառով զոհուեցան 15 զինուորներ, իսկ 3 զինուորներու վիճակը բաւական ծանր է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:
19 Յունուարի առաւօտեան ժամը 5:15ին N զօրամասէն Վարդենիսի Ռազմական ոստիկանութեան բաժին ուղարկուեցաւ հեռախօսագիր մը՝ որ նոյն օրը առաւօտեան ժամը 1:30ի շուրջ, նշուած զօրամասի Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած շինութեան մէջ վառարանը ինքնաշարժի պենզինով վառելու ընթացքին հրդեհ բռնկած է: Այս մասին կ՛ըսուի ընդհանուր դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Հրդեհին պատճառով անձնակազմէն 15 պարտադիր ժամկէտային զինուորներ զոհուեցան: Նոյն զօրամասի վեց պարտադիր ժամկէտային զինուորներ եւ սպայ մը ծանր վիճակի մէջ առաւօտեան ժամը 2ին տեղափոխուեցան Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոցը:
Դէպքի վայրին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ գործողութիւնները, միջոցներու կը ձեռնարկուին դէպքի հանգամանքները ամբողջութեամբ պարզելու համար:
19 Յունուարին, աւելի ուշ, Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քարամեան յայտարարեց, որ հրդեհի դէպքով նախաձեռնուեցաւ քրէական վարոյթ: Դէպքին վայրը գացին քննչական խումբի անդամները, որոնք ամբողջ գիշերը աշխատեցան: Ներգրաւուած են նաեւ փորձագէտներ, եւ կայ նախնական վարկած, որ հրդեհը տեղի ունեցած է ջեռուցման ապահովական կանոններու խախտման պատճառով: Անիկա նախնական վարկած է, որ այս պահու դրութեամբ հիմնաւորուած է, ըսաւ Քարամեան:
Դէպքի վայրը մեկնեցան նաեւ Հայաստաի զինուորական դատախազը եւ Հայաստանի գլխաւոր փոխդատախազ Գրիգոր Էլիզբարեան:
Գեղարքունիքի մարզին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական հրդեհէն ժամեր ետք նախագահական հրամանագիրով 2րդ բանակային զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Վահրամ Գրիգորեան, որուն պաշտօնը ստանձնեց Գարեգին Պօղոսեան, որ արցախեան 44օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ 22 Հոկտեմբեր 2020ին պարգեւատրուած է «Հայրենիք» շքանշանով: Ան կոչումով գնդապետ է:

«Դէպքը պատահեցաւ տեղում անփոյթ վերաբերմունքի, անփոյթ մօտեցման պատճառով. բենզին են օգտագործել, բայց տեղեակ չեմ՝ ինչ հանգամանքներում է դա տեղի ունեցել», ըսաւ N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային զօրամասին մէջ հրդեհէն զոհուած զինուորներու դասակի հրամանատարը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Ըստ անոր՝ ներսը կային 21 անձեր, 15ը մահացան, 3ը վիրաւոր են, իսկ 4 զինուորներ ալ կը գտնուէին դուրսը:
Հրամանատարը անդրադարձաւ նաեւ պատասխանատուութեան հարցին՝ նշելով, որ բանակի թուլացման ետին կանգնած են բանակի հրամանատարը, նախարարը եւ վարչապետը: «Սրանից յետոյ ինձ ինչ ուզում է՝ թող անեն, ինձ չի հետաքրքրում, ծնողներին պատասխան, որ չես կարողանում տալ, դրանից վատ բան չկայ», յայտնեց ան:
Ըստ անոր՝ տրամաբանական չէ, որ պաշտօններէ հեռացուած են զօրամասի հրամանատարը եւ անոր փոխանորդը, սակայն հրաժարական չեն տուած պաշտպանութեան նախարարը եւ բանակի պետը։ «Պէտք է քննութիւնը մինչեւ վերջ տարուի, մեղաւորները պատժուեն օրէնքի ամբողջ խստութեամբ: Այս բարդակի պատասխանուն բոլորս ենք, այդ թւում՝ դուք, ես՝ որպէս սպայ եւ այլն», ըսաւ ան:
