
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝
Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆի
(1941-2023)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 21 Յունուար 2023ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Վերջին օծման եւ թաղման կարգի թուականը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:
Կիրակի, 22 Յունուարին, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, հոգեհանգիստ կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին հոգիին խաղաղութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
***
ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆի վախճանման տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին, վախճանեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։