Հինգշաբթի, 11 Յունուարի երեկոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը օդակայանէն ուղղակի իր կեդրոնը առաջնորդելով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, արժանավայելօրէն հիւրընկալեց անոր անդամներն ու պատասխանատուները, ընթրիքի սեղանի մը շուրջ:
Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ-անդամուհիներէն անկախ, հայրենի խումբը դիմաւորելու եկած էին մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքի լրիւ կազմը, ՀՀ հիւպատոս Յարութիւն Կոջոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կազմը եւ մեծ թիւով մարզասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:
Մէկ ժամուան ընթրիքէն եւ ծանօթացումէն ետք, ներկաները ողջունեց եւ յատկապէս հայրենի խումբին բարի գալուստ մաղթեց Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիւրընկալ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան եւ ըսաւ. «Ողջունում եմ հայրենի մեր սիրելի մարզիկների ներկայութիւնը «Արարատ»ի յարկին տակ: Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունենալիք ոտնագնդակի հիւրախաղերի համար ուրախ ենք, որ մեր մարզիկները ունենք մեր մէջ, առաւել ուրախ, որ այս առիթը տրուեց մեզի, որ մօտիկից իրենց հանդիպենք եւ հիւրընկալենք զանոնք»:
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան անունով հայրենի մարզիկներուն յաջողութեան մաղթանքներ, բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ փոխանցեց հիւպատոս Յարութիւն Կոջոյեան եւ հետեւեալը ընդգծեց ըսելով. «Մի մոռացէք, որ դուք պաշտպանում էք մեր Եռագոյն դրօշը: Դուք խաղում էք Եռագոյն դրօշի տակ, որը շատ մեծ պատիւ է: Իմացէք, որ մեր շատ մը անուանի ֆութպոլիստներ զրկուած են եղել այդ հնարաւորութիւնից, քանի որ խաղացել են Սովետական Միութեան ժամանակ, չնայած ունեցել են փայլուն ելոյթներ: Պէտք է օրինակ վերցնենք նրանցից, մանաւանդ երբ գտնւում էք Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի յարկի տակ եւ յիշէք, որ նոյնիսկ ձեր փոքր յաղթանակը մեծ ոգեւորութիւն է առաջացնում ոչ միայն Հայաստանում, այլ նաեւ Սփիւռքում: Ինչպէս նաեւ հակառակը. ձեր ամէն անյաջողութիւն խոր հիասթափութիւն եւ ցաւ է պատճառում Սփիւռքի մարզասէրներին»:
Շրջանային վարչութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ Մարօ Քէշիշեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի խումբի Ամերիկա գալուստը ինքնին յաղթանակ մը որակելով, մաղթեց, որ հայրենի խումբը նաեւ մարզադաշտի վրայ յաղթանակներ արձանագրէ եւ ոգեւորէ շրջանի հայութիւնը:
Ապա, Գառնիկ Աբրահամեան բեմ հրաւիրեց եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքի ատենապետ Գագիկ Խուտանեանին եւ Ռուբիկ Մարտիրոսեանին, որոնց ջանքերով էր, որ այս երեկոն իրականութիւն դարձաւ:
Այնուհետեւ, հրաւիրեց նաեւ հայրենի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Իան Փորթըրֆիլտը (Ian Porterfield) եւ պատմական այս այցելութեան առիթով յիշատակի նուէր մը յանձնեց անոր:
Պրն. Փորթըրֆիլտ շնորհակալութիւն յայտնեց սրտբաց հիւրընկալման համար եւ վստահեցուց, թէ իրենք Հայաստանէն եկած են ոչ միայն երկու մրցումներ կատարելու, այլ նաեւ ծանօթանալու շատ մը ընտանիքներու եւ բարեկամներու, որոնց առաջին հանգրուանը «Արարատ» մասնաճիւղն է: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ մեծ թիւով հանդիսատեսներ պիտի ունենան իրենց մրցումներու ընթացքին:
Բարի գալուստի պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, երկար ճամբորդութենէն յոգնած, հայրենի մարզիկները շարունակեցին զրուցել եւ յիշատակի նկարներ ունենալ ներկաներուն հետ: