Միացեալ Նահանգները զանազան մտահոգութիւններ ունի` հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին նկատմամբ, եւ այդ մտահոգութիւններէն մէկը կը վերաբերի Լաչինի միջանցքին: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս՝ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին` ընդգծելով հարցերու լուծման համար ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
«Մենք յոյս ունինք տեսնելու ուղիղ երկխօսութիւն, որ պիտի առաջնորդէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը շատոնց իրարմէ բաժնող հարցերու լուծման, եւ այդ երկխօսութեան միջոցով, յուսանք, տեւական խաղաղութիւն կը հաստատուի: Մենք կը շարունակենք ուղիղ քննարկումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ. մենք այդ մէկուն կը ձեռնարկենք երկկողմ, գործընկերներու հետ եւ բազմակողմ հաստատութիւններուն միջոցով: Անցեալ տարի, նոյնպէս քանի մը անգամ առիթ ունեցանք այդ մէկը ընելու եռակողմ ձեւաչափով: Մենք պիտի ամէն ինչ ընենք, որ արդիւնաւէտ ելլայ այս շատ զգայուն հարցերուն լուծում տալը», ըսաւ Փրայս:
Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի արգելափակման` ան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ անոր իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը: «Մեզ կը մտահոգէ այնտեղի իրավիճակըի վատթարացումը: Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումը եղած է ոչ միայն արտաքին գործոց նախարարին, այլ նաեւ այս կառոյցին մէջ գտնուող միւսներուն ուշադրութեան կեդրոնը: Լաչինի միջանցքին երկայնքով բնական երթեւեկի եւ մասնաւոր ուղեւորութիւններու շարունակուող խոչընդոտումը ուտելիքիի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի պակաս կը յառաջացնէ բնակիչներուն համար, որոնք այդ հիմնական պաշարներուն համար կախեալ են այս միջանցքէն: Բնական կազի եւ այլ հիմնական կենցաղային ծառայութիւններու պարբերական խափանումները աւելի կը խորացնեն վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը», յայտնեց Փրայս։
Ան լուսարձակի տակ առաւ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած փակուղային իրավիճակը լուծելու կարեւորութիւնը: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք ամբողջութեամբ վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը, ներառեալ երթեւեկը: Կը կարծեմ, թէ այս փակուղային իրավիճակին համար պէտք է լուծում մը, որ պիտի երաշխաւորէ տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան ապահովութիւնը եւ բարեկեցութիւնը, ու մենք կը կարծենք, թէ յառաջընթացի ճամբան, ինչպէս աւելի կանուխ ըսի, բանակցութիւններու միջոցով է: Մենք հաւատարիմ կը մնանք մնայուն խաղաղութեան աջակցութեան», Փրայս:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ պատասխանեց Նետ Փրայսի յայտարարութեան եւ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Ատրպէյճանի ղարաբաղեան շրջանը առաւել քան հազար ինքնաշարժներով բեռնափոխադրութիւնները կ՛ապացուցեն ձեր ըսածին հակառակը: Տեղին պիտի ըլլայ հայկական կողմին կոչ ուղղել՝ կատարելու իր պարտաւորութիւնները եւ դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը»: