

ԱՆԻ ԿԷԼՈՅԵԱՆ*
Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլին, Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները մեծ յարգանքով եւ յարատեւ յուշով յիշատակեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, համայնքի անդամներուն եւ իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ:
Աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին՝ ծաղիկ զետեղելով յուշարձանին առջեւ ապա երգի, բանաստեղծութեան եւ պարի միջոցով:
Աշակերտ մը յուզիչ կերպով արտասանեց Ուիլեըմ Սարոյեանի «Հայն ու Հայը» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ գործադրած բոլոր ջանքերուն դիմաց, հայ ժողովուրդը շարունակեց իր գոյութիւնը աշխարհի չորս կողմերը, եւ երբ երկու հայեր հանդիպին, անոնք նոր Հայաստան մը կը ստեղծեն:


«Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու, ոգեկոչելու եւ պահանջելու․ յիշելու՝ 110 տարի առաջ կատարուած Եղեռնը, ոգեկոչելու եւ պահանջելու մեր ազգի դարաւոր իրաւունքները: 1915ին Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ անասելի տառապանքի. 1,5 միլիոն անմեղ հայեր բնաջնջուեցան, հայրենիքէն արմատախիլ եղան, իսկ մեր մշակութային ժառանգութիւնը փորձուեցաւ ջնջել պատմութեան էջերէն, բայց մենք` իբրեւ ազգ, չենք մոռնար: Մեր յիշողութիւնը մեր զէնքն է, մեր պայքարը՝ մեր գոյատեւումը: Այսօր, ոչ միայն կու գանք յիշելու մեր նահատակները, այլ նաեւ վերանորոգելու մեր ուխտը՝ շարունակելու հայապահպանման եւ մեր պահանջատիրութեան ուղին: Մեր պայքարը կ՛երկարի մինչեւ այն օրը, երբ արդարութիւնը տիրէ: Յիշենք, պահանջենք, եւ երբեք չլռենք: Պիտի չմոռնանք, պիտի չնահանջենք: Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր կորսնցուցին իրենց կեանքը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ՝ 1915-1923ին, կը մնայ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը: Կազմակերպուած ձեւով, ամբողջ ժողովուրդ մը փորձուեցաւ բնաջնջուիլ իր հայրենիքէն, իր լեզուէն եւ իր մշակոյթէն: Այսօր աւելի քան 1 դար անցած է, եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն արդարութեան պահանջը կը շարունակուի: Երիտասարդ սերունդը, ինչպէս Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները, իրենց մասնակցութեամբ կը փոխանցեն յիշողութիւնը եւ կը յայտարարեն, որ հայ ժողովուրդի պայքարը պիտի գոյատեւէ մինչեւ իր պատմական իրաւունքներուն վերականգնումը», իր խօսքին մէջ յայտնեց դպրոցիս տնօրէնուհին:
* ԱԿ Մինասեան վարժարանի թղթակից