ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Խմիչքներուն շարքին, գինին ոչ միայն ազնուագոյնը համարուած է, այլեւ՝ ոգելից ըմպելիներուն հնագոյնը: Եթէ մինչեւ հիմա չէք կարդացած Աստուածաշունչի այն մասը, ուր կը պատմուի ջրհեղեղէն ետք Նոյ նահապետին տապանէն իջնելուն եւ այգի տնկելուն, ապա անոր գինիով գինովնալուն պատմութիւնը, այսօր անպայման առիթ մը գտէք այդ բաժինը կարդալու (Տե՛ս Ծն 9.18-28):
Ոգելից ըմպելիներու պատրաստութիւնը, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ զարգացած եւ դարերու ընթացքին օգտագործուած է տարբեր ժողովուրդներու կողմէ: Կայսերական սեղաններէ սկսեալ մինչեւ շինական մարդու համեստ սեղանին համ տուած են անոնք, յատկապէս ուրախ առիթներու պատճառած հրճուանքը բազմապատկելով: Եղած են եւ կան նաեւ կրօնական ըմբռնումներ, որոնք ամբողջութեամբ հակառակ են ու ծանր պատիժի կ՛ենթարկեն ոգելից ըմպելի խմողները, իսկ իրենց երկրի սահմաններէն ներս որեւէ ոգելից ըմպելիի առք ու վաճառքը բացարձակապէս կ՛արգիլեն, տուգանելով օրէնքը խախտողները:
Կայ Յիսուսի կեանքէն առնուած դրուագ մը, ուր կը պատմուի, թէ ինք ներկայ կը գտնուի Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հարսանիքի մը: Գինիի պակասը տեսնելով, մայրը՝ Մարիամ, իրեն կը դիմէ, հրաշքով մը գինին շատցնելու խնդրանքով: Երկրաւոր առաքելութիւնը դեռ սկսած չըլլալուն՝ Յիսուս նախ անտարբեր կը գտնուի: Յիսուս լռելեայն ընդառաջելով մօր խնդրանքին՝ հրեաներու ծիսական լուացման վեց հսկայական տակառները ջուրով լեցնել կու տայ, ապա ծառաներուն կ՛ըսէ, որ անոնցմէ օգտուին, լեցնելու համար գինիի սափորները, առաջին բաժակը անշո՛ւշտ մատուցելով սեղանապետին:
Հետաքրքրական է դէպքը, երբ սեղանապետը կը համտեսէ գինիի վերածուած ջուրը, խրախճանքին ընթացքին կամացուկ կը մօտենայ փեսային՝ անոր ըսելու, որ այս համեղ գինին ինչո՞ւ մինչեւ հիմա պահուած էր, որովհետեւ հարսանիքներու ընթացքին, ամէն մարդ նախ ազնիւ եւ համեղ գինին հիւրասիրել կու տայ, ապա, երբ հարսնեւորները հարբենան, այն ատեն միայն անորակը կը մատուցուի անոնց:
Հրաշագործութեան սոյն դրուագէն գիտենք, որ փեսան ինք ալ չգիտցաւ, թէ այդ համեղ, եւ սեղանապետին կողմէ այդքան գովուած գինին ուրկէ՞ եկաւ:
Աւետարանիչը կ՛ըսէ սակայն, որ սպասաւորները, որոնք լուացման տակառները ջուրով լեցուցին՝ գիտցան, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ պահուն (Տե՛ս Յհ 2.1-12):
Այո՛, աւետարանի պատգամներուն հետեւող մարդոց պարագային ալ նոյնն է կացութիւնը, երբ անոր պատուիրանները լաւ իմացողները երբեմն աւելի հեռու են անոնցմէ իրենց կեանքով եւ գործով, մինչ անոնց իմացութիւնը չունեցողներն ու մեղաւորները, յանկարծ աւելի կը մօտենան Աւետարանին, դարձով եւ ապաշխարութեամբ:
Գինիին օգտակարութեան մասին ցարդ գրուած են անհաշիւ թիւով յօդուածներ, ոմանք հին բժշկութեան կնիքը կը կրեն, իսկ ոմանք ալ հիներու փորձառութեամբ հարստացած նորերուն տուած խրատները: Ամէն պարագայի, սակայն, անոր գործածութեան չափաւորութիւնը միշտ շեշտուած է, ասոյթի, առակի կամ երգի միջոցաւ, ընդգծելով առաջին բաժակին »լաւ« ըլլալը, երկրորդին »բաւ« ըլլալը, իսկ երրորդին՝ »ցաւ« ըլլալը:
Իր կարմիր կամ սպիտակ գոյնով գինին տարիներո՜վ կրնայ մնալ յատուկ տակառներու մէջ լեցուած եւ մառանի յարկին տակ ամբարուած: Սակայն, երբ անիկա սափորներու մէջ լեցուելով սեղան գայ՝ կրնայ այդ իր չէզոք բնութեան հակառակը գործել, հարբեցնելով նոյնիսկ բարի մարդիկ, անհաւասարակշիռ արարքներու մղելով զանոնք: Կռիւը, մարդասպանութիւնը, գիջութիւնը եւ բազմաթիւ բարոյական այլ սայթաքումներ յիշուած են Աստուածաշունչին մէջ, իբրեւ գինիի չափազանց գործածութեան հետեւանքներ:
Ոգելից ըմպելիներու չափազանցման պատճառով ցարդ բազմաթիւ ընտանիքներ քայքայուած են, բիւրաւոր մանուկներ անհայր կամ անմայր մեծցած, եւ երբեմն իրենք ալ նոյն ճամբուն հաւատարիմ ճամբորդները դարձած: Ոմանք կը համարձակին երբեմն յիշել, որ խմիչքի ազդեցութեան տակ պատահած են նաեւ հաշտութիւններ: Վաղո՜ւց իրարմէ գժտուած անձեր քով-քովի բերելով՝ հարազատներ եւ ընկերներ բաժակաճառերով եւ խմիչքի առատ գործածութեամբ, երբեմն հաշտութիւններ իրականացուցած են հակառակորդ կողմերուն միջեւ: Անոնցմէ ոմանք յարատեւած են ապագային, իսկ ուրիշներ՝ խմիչքի ազդեցութեան վերանալուն հետ՝ նախկին վիճակին դարձած:
Ինքնախաբէութեամբ բժշկութիւն կատարող մարդոց տեսակ մըն ալ կայ, որ իբրեւ թէ անցեալէն լսած խրատներու հետեւելով, սրտանօթային առաձգականութիւնը աշխոյժ պահելու մտօք, ոգելից ըմպելիներ կը գործածէ, շատ չափաւոր կերպով: Հաւատացեալ մարդ մը լսելով իր »բժիշկին« վերոյիշեալ խրատը, անոր կը պատասխանէ՝ ըսելով. »Անկէ գալիք բարիքը, դագաղով թող գայ«…։ Այսինքն, մահը աւելի ցանկալի է, քան ոգելից ըմպելիով առողջանալը: Գիւղական շրջանակներու մէջ յաճախ նման խրատատուներ շուկայ կը գտնեն, երբ որեւէ հիւանդութեան իբրեւ դարման, տուեալ գիւղին արտադրութիւնը եղող օղին կը յանձնարարեն հիւանդին:
Որքան ալ մարդիկ ցանկը կազմեն գինիին առողջարար յատկութիւններուն, դարձեալ անիկա իր քանդարար դերակատարութիւնը պիտի ունենայ, որովհետեւ անոր նկատմամբ չափաւորութիւնը պահպանելը շատ դժուար աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ասիկա կը նմանի վնասակար արարքներու հեշտօրէն ընկալման, եւ անոնցմէ շատ դժուարաւ ձերբազատելուն: Այսպէս, վատ սովորութիւնները, իւղալի սակայն վնասակար կերակուրներու ախորժելիութիւնը, ծխելու վարժութիւնը եւ սուտ խօսելու ունակութիւնը անզգալաբար կը տեղաւորուին մեր սովորութենական կեանքին մէջ, սակայն շատ դժուարաւ կարելի կ՛ըլլայ զանոնք հեռացնել առօրեայէն:
Գինին կամ ընդհանրապէս ոգելից ըմպելիները կը նմանին վերոյիշեալներուն: Հարբենալու ունակութիւնը, բնականաբար, մէկ գաւաթէն կը սկսի, վերածուելու համար օրական քանի մը շիշերու, եւ ապա տակառի…։
Խառնակիչ, եւ ուրիշներու կեանքը քանդող մարդոց նկարագիրին շատ նման է գինին: Արտաքնապէս գրաւիչ՝ իր ջինջ գոյնով, հանդարտ է անիկա եւ անվնաս: Սակայն երբ անցնի մարդու մարմնին մէջ՝ կ՛ազդէ մինչեւ ուղեղին, անպատասխանատու արարքներու մղելով զինք ըմպողը: Խառնակիչներն ալ նոյն ձեւով կը գործեն. արտաքնապէս շատ բարեհամբոյր, լուռ ու մունջ կ՛երեւին, սակայն երբ մտնեն ուրիշներու կեանքին մէջ, եւ ընտելանան միջավայրին, հարազատութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն, մինչեւ որ հասնին իրենց կործանարար նպատակին:
Ականատես մը կը պատմէր, որ ազնուական մարդ մը խմիչքի մոլին դառնալով՝ իրենց տան փողոցի կողքի ջրանցքին մէջ կնքած էր իր մահկանացուն, հարբած վիճակով…։
Գինին լեզու չունի, որպէսզի պատասխանատւութեան կանչենք՝ իր կատարած գործերուն հաշիւը տալու: Սակայն բարոյագիտութիւնը դատի կանչելով զինք, հարցուցեր է.
_ Այսքան ժամանակ օգո՞ւտդ աւելի շատ եղած է մարդկութեան, թէ՞ վնասդ:
Վճիտ գինին լեզուի գալով, անկեղծօրէն պատասխաներ է բարոյագիտութեան ատեանին դիմաց կանգնած, եւ ըսեր.
_ Տուած օգուտներս չեմ յիշեր, սակայն կատարած քանդումներս՝ անհամար են։
…Անկեղծութիւնը լաւ բան է: Երանի՜ գինիին…։