
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ իր տարեկան Կալա ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Մարտին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» համալիրի սրահին մէջ (1201 North Vine St. Los Angeles, CA 90038), երեկոյեան ժամ 5էն սկսեալ։ Ձեռնարկը սկիզբ պիտի առնէ ընդունելութեամբ եւ լուռ աճուրդով, որոնց կը յաջորդէ ընթրիքը:
ՀՕՄը հայ կանացի բարեսիրական փառաշուք կազմակերպութիւն մըն է աշխարհի տարածքին, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1910ին: ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը իր 1100 անդամներով եւ 23 մասնաճիւղերով, Ընկերային ծառայութիւններու 3 գրասենեակներով եւ Հոգեբանական կեդրոնով, մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն ունի համայնքին եւ հայրենիքին ծառայելու գործընթացին մէջ:
Այս տարուան Կալային հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄի կողմէ հովանաւորուող բոլոր մարդասիրական ծրագիրներուն, յատկապէս օգնութիւն ցուցաբերելով կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային մակարդակով:
ՀՕՄը միշտ պատրաստ է գոհացնելու պահանջքները կարիքաւորներու, որոնք կեանքի դժուարութիւններ եւ տագնապներ կը դիմագրաւեն եւ անմիջական կարիքը ունին ժողովուրդի գուրգուրանքին եւ քաջալերանքին, եւ մեր բոլորին օժանդակութիւնը կը նկատենք անյետաձգելի եւ հրամայական:
ՀՕՄը բարի գործերով լեցուն երկար կեանք ունի եւ անկասկած պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին, հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր խորիմաստ նշանաբանին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու, տոմսերու ամրագրման եւ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ ձեռք բերելու համար, հաճեցէք դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ նամակ յղելով office@arswestusa.org հասցէին:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ