
Ֆրանսական «Լ՛Հիսթուար» ամսաթերթը իր այս տարուան Փետրուարի թիւին մէջ կը հաղորդէ, որ «Եունիթէ Լայիք» ընկերակցութեան նախագահ Ժան-Փիեռ Սաքուն, պատմաբան Տընի Փասշանսքի, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն եւ Միսաք Մանուշեանի տիկնոջ քրոջ թոռնուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեան կը զօրակցին Մանուշեանի աճիւնները Փարիզի Պանթէոնը տեղափոխելու գաղափարին:
Արարողութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ Փետրուար 2024ին` Մոն-Վալերիէնի մէջ գործադրուած մահապատիժի 80ամեակին առթիւ:
Միսաք Մանուշեան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին կը ղեկավարէր Ֆրանսան գրաւած գերմանացիներուն եւ անոնց հետ գործակցողներուն դէմ ֆրանսական դիմադրութեան մէկ խումբը, որուն 23 անդամները 1944ին, Մանուշեանի կողքին գնդակահարուեցան գերմանացիներուն կողմէ: