ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 16ին ԱԺը առաջին ընթերցումով քննեց ամսական նուազագոյն աշխատավարձի գործող օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող կառավարութեան հեղինակած օրինագիծը, որ կ’առաջարկէ Յունուար 1էն սկսեալ ամսական նուազագոյն աշխատավարձը սահմանել 20,000 դրամ (մօտ 53 տոլար)՝ ներկայիս 15,000 դրամի փոխարէն:
Համապատասխանաբար, պիտի բարձրացուի նաեւ ժամականով աշխատողներու աշխատավարձի նուազագոյն չափը:
Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեանի, օրինագիծի «արժէքը» շուրջ 500 միլիոն դրամ է եւ կ’ընդգրկէ 7500 աշխատողներ, որոնց գերակշռող մասը կրթական համակարգի մէջ են:
Համաձայն կառավարութեան կողմէ հաստատուած 2007-2009ի պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրին, 2008ին կը նախատեսուի ամսական նուազագոյն աշխատավարձը սահմանել 25,000 դրամ, իսկ 2009ին՝ 30,000 դրամ: