Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- «Կովկասեան քառեակի»՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ խորհրդարաններու ղեկավարները Նոյեմբեր 16ին, Ռուսիոյ Ս. Փեթրսպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի 27րդ լիագումարի ծիրէն ներս գումարած իրենց նիստին, քննեցին Կովկասի հիմնախնդիրները:
Ամփոփելով հանդիպման արդիւնքները՝ Ռուսիոյ խորհրդարանի խօսնակ Սերկէյ Միրոնով լրագրողներուն յայտնեց, որ չորս երկիրներու ներկայացուցիչները «քննարկել են կովկասեան տարածաշրջանում գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրների լուծման համար խորհրդարանական նոր մեքանիզմների ստեղծումը»: Ան չճշդեց խօսակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, նշելով, որ «առկայ է այն շարունակելու համաձայնութիւնն ու ըմբռնումը»: Միրոնով յայտնեց նաեւ, որ «կովկասեան քառեակի» խորհրդարանականներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2007ի առաջին կէսին՝ ենթադրաբար Թիֆլիսի մէջ:
Իր հերթին, Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ ուրախ կ’ըլլայ իր պաշտօնակիցները ողջունելու Թիֆլիսի մէջ: «Ոչ մի դէպքում չ’արժէ հրաժարուել նման ձեւաչափով երկխօսութիւնից: Նոյնիսկ եթէ այդ երկխօսութիւնը արագ ու յստակ արդիւնք չի տալիս, այս հանդիպումները շատ օգտակար են մեր երկրների համար», ընդգծեց Պուրճանածէ: